?
Գրեց՝ ?Սեպուհ Արմենակեան
Ամանորի եւ Ս. Ծննունդի առիթով այցելեցի բարեկամներուս եւ ծանօթներուս փոխանցելու համար նոր տարուայ լաւագոյն մաղթանքներս։ Ինչպէս եւ միշտ խօսակցութեան նիւթն էր ճամբաներու եռուզեռը, կեանքի ու պարահանդէսի մուտքի տոմսի սղութիւնը եւայլն։
Այս այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին հիւրասիրող անձը սկսաւ անդրադառնալ ազգային զանազան մտահոգութիւններու շուրջ եւ որպէսզի այս կամ այն գործօն ազգային անձերուն նկատմամբ ?բամբասած չըլլար օգտագործեց զանազան ածականներ ։
Օրինակ՝ Ազգապետ, Ալի Մամա, Ալի Պապա, Աղբարիկ, Ազատ-Հայ, Ազգային Բարերար, Ազիզ, Գործիք, Թափէ Նետէ,?Նախկին Նախագահ, Ճօքէր, Վարչապետ, Ստալին, Մատըր Թերէզա, Սարքոզի, Ճշմարտախօս, Աքլոր, Թէնճէրէ, Կաբախ, Տիար, Թագուհի, Իշխան, Պարպի, Ֆուլլա, Բլէյպօյ, Սէքսի, Բուրվառճի,?Քաբթէն, Զանգակ, Բանատօլ, Տըրդի, Սառնարան, Գանձապահ, Որսորդ, Բի?Վի?Սի, Երգիչ, Քօնդօլիզա Ռայս, Քօբիճի, Ֆետայի եւայլն
Խօսակցութեան ընթացքին յանկարծ ընդմիջեց անձ մը ու հարցուց թէ ի՞նչ պէտք է անուանել այն անհատները որոնք նշանակուած են զանազան մարմիններու կամ յանձնախումբերու մէջ եւ չեն աշխատիր եւ անտարբեր են ազգային կեանքէն ։
Սենեակին մէկ անկիւնէն անձ մը բացագանչեց՝
?Տէքօր?