
Գրեց՝ Սեպուհ Արմենակեան
?
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող զոյգ ազգային Վարչութիւնները նախորդող տարիներուն ընթացքին հետեւողականօրէն կազմակերպած են իրենց տարեկան պարահանդէսները, իսկ ես, որպէս Հիւսիսային Էմիրութեանց բնակիչ ներկայ եղած եմ շրջանիս մէջ գործող Ազգային Վարչութեան տարեկան այդ պարահանդէսներուն։?
Անտրամդիր? ըլլալու պատճառաւ այս տարի չուզեցի ներկայ գտնուիլ? տարեկան պարահանդէսին, բայց ընկերներուս պնդումներուն զիջելով որոշեցի միանալ իրենց։
Կը մտնեմ սրահ ու կը նկատեմ ?ազգայիններ?, որոնք ոչ մէկ անգամ ներկայ եղած են եկեղեցի, ո՛չ ալ Ազգային ձեռնարկներու, բայց քանի որ պարահանդէսը կը կազմակերպուի որպէս ?եկամուտի աղբիւր?, կ՛ուղղուիմ դէպի սեղանս մռմռալով ?Եկեղեցի գաս կամ չգաս իմ հոգս անգամ չէ։ Կարեւորը, քիչ մը գրպանէդ դրամ պարպես ազգին համար? ։
Ազգային Վարչութեան Ատենապետին հակիրճ բացման խօսքէն ետք, օրուայ երգիչը կ՛անցնի երգացանկի գործադրութեան։ Ներկաները հազիւ կրնան զսպել իրենց ախորժակը մինչեւ գիշերուայ ժամը 11.15?ը երբ պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարուի օրուայ ?պիւֆէն?։ Ներկաները մեծ ուրախութեամբ կը սկսին ուտել եւ պարել։ Մի քանի վայրկեան ետք կը նկատեմ թէ ծխախոտէն գոլորշիացած ամպը բոլոր սեղանները վերածած է? խորովածի հնոցներու։ Որպէսզի կարողանամ քիչ մը մաքուր օդ շնչել, կ՛որոշեմ ճեմել սրահի կողքը գտնուող անցքին մէջ։
Յանկարծ զայրացած ազգային մը կը մօտենայ ու կը սկսի բողոքել։
? Տիար, տեսա՞ր մը, ո՞ւր նետած են ինծի, չեն ամչնար։
? ի՞նչ է, սեղանիդ տեղը լաւ չէ։
? Չէ՛ պապամ, կինս տարիներէ ի վեր անվճար ուսուցչուհի է ազգային դպրոցին մէջ, առաւել եւս կիրակնօրեայ դպրոցը կ՛աշխատի։ Պարահանդէսի յայտարարութիւնը հազիւ տեսած սեղան ապահոված է՝ խնդրելով որ լաւ տեղ տրամադրուի մեզի, կարեւորութիւն անգամ չեն տուած։
? Մի՛ բարկանար, դուն որպէս լաւ ազգային պէտք է ներողամիտ ըլլաս։
? Չեմ ներեր, գնա նայի՛ր, ինչպիսի՜ մարդոց լաւ սեղան տրամադրած են։
? Հաճիս վերջացուր եւ ուրիշ նիւթի մասին խօսիր։
? Չեմ վերջացներ, տիկինս եւ իր բոլոր ընկերուհիները քաշել պիտի տամ ազգային դպրոցէն։
Բաւականին ժամանակ այս անձին բողոքը լսելէ ետք կը պատասխանեմ՝
? Լաւ, լաւ հասկցայ, հիմա քեզի մի քանի հարցումներ պիտի ուղղեմ եւ պատասխաններդ լսելէ ետք ըստ այնմ պիտի դատեմ թէ իրաւունք ունիս ստանալ լաւ դիրքով սեղան մը կամ ոչ։ Ուրեմն սկսինք։
? Սիկար կը ծխե՞ս։
? Ո՛չ։
? Սեղանդ քանի՞ հոգիէ կը բաղկանայ։
? 14։ Սկիզբը ես ու տիկինս պիտի գայինք, բայց մեզի ըսին թէ եթէ խումբին թիւը մեծ է այդ ժամանակ լաւ սեղան մը կու տանք։ Մենք ալ մեր դրացիները հաւաքեցինք ու բերինք։ Նորէն ?ապուշ? սեղան մը տուեր են, վրանիս խնդացին։ Ես իրենց դասը կու տամ։
? Քալող Յովհաննէս, Սեւ Պիտակ, Սպիտակ ձիաւոր խմիչքներ կ՞ան սեղանիդ վրայ։
? Ո՛չ, բոլորս զովացուցիչ կը խմենք։
? Մինչեւ հիմա քաղած տեղեկութիւններուս համեմատ քեզի նախապատուութիւն չի տրուիր լաւ սեղան մը ստանալու։
? Ի՞նչ կըսես, խենթ ես, ի՞նչ կապ ունին հարցումներդ լաւ սեղանի հարցին հետ։
? Լաւ, լաւ, համբերէ տակաւին չի վերջացանք։
? Եկեղեցի կերթա՞ս։
? Անշուշտ։ Հա հիմա հասկցայ, ուզել կ՛ուզես որ պէտք չէ եկեղեցի երթամ, որպէսզի ինծի լաւ սեղան մը տան։
? Խնդրեմ հարցումներուս պատասխանէ եւ ենթադրութիւններ մի՛ ըներ։
? ?Ազդարարը? կամ ?Ազատ Հայի? գրութիւնները կը կարդա՞ս։
? Այո։
? Նուիրատուութիւն կ՛ընե՞ս։
? Այո, բայց միշտ որպէս ?մի ոմն?։
? Տունը հայերէ՞ն կը խօսիք թէ արաբերէն։
? Այս ինչ հարցումներ են։ Ի՞նչ է, ոճրագործ եմ որ այսպիսի հարցեր կը դնես առջեւս։
Կը սկսիմ քալել դէպի հիւրանոցին ելքը։
? Ո՞ւր կը մեկնիս, ինչո՞ւ կը ձգես ու կ՛երթաս։
? Կը բարկացնես զիս, դուն քեզի ենթադրութիւններ կ՛ընես, դուն միայն իմ հարցումներուս պատասխանէ։
? Լա՜ւ, լա՜ւ, կը ներես, շարունակէ՜։
? Վերջին հարցումս՝ ո՞ր խումբէն կը խաղաս։
? Ի՞նչ, ի՞նչ խումբ, չի հասկցայ, ֆութպօլ կամ պասքէթպօլ չեմ խաղար ես։
? Ես քեզի կը հարցնեմ ազգային ո՞ր խումբէն կը խաղաս։
? Ըսել կ՛ուզես ո՞ր կուսակցութեան կը պատկանիմ։
? Ինչ կուսակցութիւն ինչ բան, չի հասկցար։ Տիկինդ ուսուցչուհի է, ականջիդ բաներ մը չեն հասած։
? Ո՞ւր կերթաս, չեմ հասկնար ո՞ր խումբին մասին է խօսքդ։
? Լաւ ուրեմն, թոյլ տուր որ տուն երթամ։
? Քանի որ դուն քաջատեղեակ ես ազգային իրադարձութիւններէն, ըսէ ի՞նչ ընեմ որ յատուկ խումբէն ըլլամ, որպէսզի ինծի գալ տարի լաւ սեղան մը տան։ Շատ կը խնդրեմ որ օգնես, քանի որ գալ տարի տիկնոջս եղբայրը ընտանեօք Ամերիկայէն պարահանդէսի շրջանին հոս պիտի ըլլան, հաճիս ըսէ ո՞ր խումբէն խաղամ։
? Հարցը խաղալը չէ, դժուարութիւնը այդ խումբին մէջ քեզի ներառնելն է։ Այդ խումբին մէջ պատկանիլը դուն չես որոշեր։
?
Originally posted on 16 June 2007 at this link.
I would say this is the best straightforward and frank opinion I have ever heard about our Annual Ball routine. Sadly, this is a reality. I wish the concerned committees become more conscious and make an effort to change such dishonorable acts, knowing that this barahantes is presentation of our identity, about how we evaluate people?
Is it true that whoever pays more money will be considered more Armenian, will get more respect (better seats, better shows, etc) and whoever works in silent and voluntarily in favor of Armenians will be disrespected?
That?s a big mistake ..