Նարեկացին մեր ժամանակակիցը

?


Գրեց` Նշան Պասմաճեան


?


2002ի Ապրիլին, ?Բագին? ամսագրի իր գրասենեակին մէջ Պօղոս Սնապեան ինծի համար մակագրեց իր ?Տարեդարձներ? հատորը։ Այս գիրքը հաւաքածոյ մըն է Սնապեանի կողմէ տարբեր թերթերու մէջ հրապարակուած յօդուածներու, որոնց համար ինք կը գրէ ?…հեղինակը, հեղինակային միամտութեամբ, կարծեց թէ անոնք (այդ յօդուածները ?Ն.Պ.) ուրիշներու կողմէ եւս կրնան երկրորդ անգամ կարդացուելու արժանի համարուիլ?։


?


Շնորհակալ պէտք է ըլլալ Սնապեանին իր ?հեղինակային միամտութեան? համար, որովհետեւ առանց ատոր, շատեր, որոնց կարգին ես, Նարեկացին այնքան լաւ պիտի չկարենայինք ճանչնալ որպէս ըմբոստ փիլիսոփայ, պիտի չկարենայինք մտածել զուգահեռներ քաշելու իր եւ իրմէ 10 դար վերջ ծնած հայ թէ օտար փիլիսոփաներու փիլիսոփայութեանց մէջ, ինչպէս Չարենց, Քամիւ, Սարթըր, Իոնեսքօ եւ այլք, պիտի չկարենայինք զինք նկատել ժամանակակիցը ?… մեծ անդոհանքներ ապրած ու ապրող հայ թէ օտար մարդոց…?։ Ըմբոստանալ արուեստի ճամբով, արուեստագէտի վրձինով կամ գրիչով, հասարակ որեւէ մահկանացուի հնարաւորութեանց սահմաններէն դուրս է, որովհետեւ այդ միջոցներով ըմբոստանալը մարդ էակի վիճակին ու պայմաններուն` ինքնավստահ ու խիզախ, ՈՉ ըսել գիտնալուն մէջ կը կայանայ, հրամայական՝ մարդ էակի մտաւոր թէ բարոյական զարգացման ու յառաջընթացին։


?


Սնապեան ինք ?ըմբոստ? մըն է մեր իրականութեան մէջ, եզակի իր տեսակին մէջ, գնահատող մըն է ?ըմբոստ?ները, երկրպագու կարգ մը ?ըմբոստ?ներու, ի միջի այլոց՝ Գրիգոր Նարեկացւոյն։ Այդ իսկ պատճառով, վարը արտատպուած յօդուածը, գրուած 38 տարի առաջ, անժամանցելի գնահատականն իր կարելի է որակել ո՛չ միայն Նարեկացւոյ տաղանդին, այլեւ Նարեկացին ճանչնալ փորձող հայ թէ օտար մտաւորականներուն եւ անոնց մեծարժէք ստեղծագործութեանց։ Սնապեանի այս յօդուածով միջին որեւէ անհատ դիւրաւ պիտի ըմբռնէ ?Նարեկ?ը, թէկուզ էջ մ՚իսկ կարդացած չըլլայ անկէ, այնտեղ կը տեսնենք թէ ինչպէս ?ՆԱՐԵԿը հայ մարդուն ապաւէն հանդիսացաւ դարեր շարունակ, թէ ինչո՞ւ, Սնապեանի բառերով՝ հայ մարդը ?Մատեանը? ըրաւ բարձի գիրք, պահեց սրտին մօտ, ?որովհետեւ.- կ՚ըսէ Սնապեան,- իր (հայ մարդուն Ն.Պ.) անհատականութիւնը առաւելագոյն չափով մը կ՚արտայայտէր այս մէկը, այս մէկուն մէջ ճենճերող խունկը, այս մէկուն մէջ ալեկոծող ծովը, վառող արեւը, կուտակուած ամպը, այս մէկուն մէջ հրաշակերտուած հողին բոյրը, երկնքին կապոյտը, սաստկացող ձմեռը ու բացուող ծիածանը։ Ու այս ամէնը լեզուական աննախընթաց մանկընթացութեան մը մէջ, պատկերաւոր մտածողութիւնը հարստացնող համանուագային համակարգի մը նորահրաշ տարբերակով?:


?


Սնապեանի ?Նարեկացին Մեր Ժամանակակիցը? յօդուածի շահեկանութիւնը, իր ամփոփ ու սեղմ բառերով՝ ամբողջական Նարեկացին ներկայացնելուն մէջ է։ Կարդա՛ ընթերցող եւ դատէ՛։


?


Սեղմել այստեղ կարդալու համար Պ. Սնապեանին յօդուածը: