• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Միայն թէ քաղաքացիական պատերազմ չըլլայ

February 26, 2012
A+ A-
Email Print

 


Գրեց՝ Հրաչ Քալսահակեան


Hrach Kalsahakian says that if civil war erupts in Syria, the Syrian Armenian community will have to face difficult circumstances. Democracy could be the solution for a diverse Syrian society, but are the warring parties ready to discuss how to reach to this objective, now that they are not even ready to sit down for negotiations?


Բնական է որ շատեր մտահոգ են թէ ինչպէս պիտի ընթանան դէպքերը Հալէպի մէջ: Հալէպ ապրողները ոչ միայն մտահոգ են, այլ այդ ուղղակի առնչուած է իրենց կեանքին եւ ապրելակերպին հետ:


Սուրիան դժբախատաբար հասաւ այն կէտին ուր այլեւս չկայ ոչ մէկ փոխզիջումային տարբերակ երկու հակադիր եւ իրարամերժ կողմերուն միջեւ: Իրականութեան մէջ այդպիսի փոխզիջումային լուծում առաջին օրէն սեղանին վրայ դրուած չէր: Հիմա որ երկու կողմերը աւելի քան երբէք հեռու են իրարմէ, երկիրը շատ հաւանական է որ առաջնորդուի դէպի երկար անկայուն ժամանակաշրջան՝ բազմաթիւ մարդկային զոհեր խլելով եւ տնտեսական անել վիճակի մատնելով բնակիչները:


Եթէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական համաձայնութիւն չկայանայ երկու հակամարտող կողմերու չափաւորական թեւերուն միջեւ (միջազգային ճնշումով կամ ներքին կարգով), երկիրը կրնայ հասնիլ քաղաքացիական պատերազմի եզրին: Հարկ չկայ բացատրել թէ ինչ ըսել է քաղաքացիական պատերազմ: Անոնք որ այս կամ այն կողմին ծայրայեղ թեւերուն զօրավիգ կը կանգնին այսօր, հաւանաբար չեն անդրադարձած թէ իրենց արարքը կրնայ նպաստել այդ անբաղձալի ընթացքին:


Իմ կարծիքով, Հալէպահայութեան ապագային համար ամենէն յարմար նկատուող տարբերակը երկրի բոլոր խաւերը ներկայացնող չափաւորական ուժերու Սուրիոյ ղեկի գլուխ գալն է, որ հնարաւորութիւն պիտի ընծայէ նախ մեր գաղութը (եւ միւս սուրիացիները) ֆիզիքական վնասէ հեռու պահելու, ապա պիտի ստեղծէ փոխանցման շրջանի յարմար իրավիճակ, որու ընթացքին կամաց-կամաց յայտնի պիտի ըլլան յաջորդ շրջանի ընդհանուր հասարակական, տնտեսական, քաղաքական եւ այլ գիծերը:


Եթէ մինչեւ այդ հանգրուանին խաղաղ կերպով հասնինք, այն ատեն իւրաքանչիւր անհատ կամ ընտանիք պիտի դատէ (ստեղծուած պայմաններէն թելադրուած), թէ Սուրիան պիտի կարենա՞յ ծառայել իրեն որպէս ապրելավայր: Բաւարար ժամանակ պիտի ունենայ իր յաջորդ քայլը վճռելու համար:


Ուրեմն, եթէ երկիրը զերծ մնաց քաղաքացիական պատերազմէ, մեր գործը դժուար չէ: Ամէն հայ գիտէ շարժիլ եւ մտածել եւ իրեն յարմար լուծումը գտնել: Անոնք որ անցեալին Արեւմտեան կամ այլ երկիրներ գաղթեցին, իրենց համար յարմարագոյն որոշումը առնողի հոգեբանութեամբ մեկնեցան, իսկ չմեկնողները, իրենց համար յարմարագոյն որոշումը առնողի հոգեբանութեամբ շարունակեցին ապրիլ Սուրիոյ մէջ: Ապագային ալ այդ վիճակը կրնայ տիրել: Միայն թէ քաղաքացիական պատերազմ չըլլայ, մենք կրնանք համակերպիլ եւ գոյատեւել:


Մենք Սուրիոյ մէջ ոչ մէկ ձեւով կրնանք փոխել դէպքերու ընթացքը: Մեր թիւը այնքան աննշան է, որ սուրիական նժարին վրայ բան մը չի փոխեր: Հետեւաբար պիտի պարզապէս այնպէս մը վարուինք, որ նուազագոյն վնասով դուրս գանք: Եթէ Սուրիոյ գահավէժը շարունակուի, մենք պիտի վնասուինք, նոյնիսկ եթէ իշխանափոխութիւն տեղի չունենայ: Սփիւռքահայը միայն խաղաղութեան եւ կայունութեան պայմաններուն մէջ կրնայ գործել, այլապէս ինքնաբերաբար նոր տեղեր կը որոնէ՝ գործելու եւ գոյատեւելու: Իշխանափոխութիւն ըլլայ կամ ոչ, արդէն մենք նոր փուլ մտած ենք եւ մարտահրաւէրները շատ են ու դժուարութիւնները շատ անգամ՝ մեր կարողութիւններէն վեր:


Ինչ որ ալ պատահի Սուրիոյ մէջ, եթէ մեզի վիճակուած է մնալ հոն, մենք կարիքը պիտի ունենանք ժողովրդավար համակարգի մը: Այդպիսի համակարգ մը մօտեցման կարեւոր եզր կրնայ ստեղծել Սուրիոյ բոլոր հատուածներուն միջեւ: Մեզի համար վնասակար պիտի ըլլայ քաղաքացիական պատերազմը: Ժողովրդավար Սուրիա մը սակայն մեր գոյութեան կարեւորագոյն երաշխիքը կրնայ հանդիսանալ:


Ժողովրդավարութիւնը կրնայ թանկ պերճանք մը թուիլ Սուրիոյ ներկայ խառնաշփոթ իրավիճակին մէջ, բայց այդ միակ ելքն է մեր եւ Սուրիոյ գոյատեւումը ապահովելու համար իբրեւ ժամանակակից ու համերաշխ հաւաքականութիւն եւ պետականութիւն:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer Post

Vengeance vs Justice

Older PostWe shall keep on talking like Hrant

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

item-thumbnail

‘Seeing Through Babel’ Exhibition by Kevork Mourad

item-thumbnail

Hotel Baron in Aleppo always draws attention

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll