Աննախընթաց Պահքի երեկոյ Քաթարի մէջ

<FONT face=Sylfaen>Աննախընթաց Պահքի երեկոյ Քաթարի մէջ</FONT>

 


An article by Caroline Msrieh ? Seropian, where she discusses events organized by different bodies in the Qatari Armenian Community.


She points out to some pitfalls and calls to be alert and to work together for the common benefit. 


Սոյն յօդուածը ոչ մէկ ձեւով կը նպատակադրէ անձնական բախումբներ յառաջացնել, այլ մեր սպիտակը յիշելու կողքին ներկայացնել նաեւ մեր մոխրագոյնն ու սեւը՝ անոնք եւս սպիտակացնելու։


Աննախընթաց Պահքի երեկոյ Քաթարի մէջ


“To come home away from home”


Որու՞ համար


Գարօլին Մսրիէ – Սերոբեան


Երբ այդ երեկոյի կայացման համալիրը հասանք, պահակը շատ սիրալիր կերպով հարցուց թէ որու՞ կայցելենք։ Անոր փոխանցեցի, որ հայկական հաւաք մը կայ այստեղ։ Պահակը աչք մը նետեց ինքնաշարժին ու ըսաւ։ Հրամեցէ՛ք ներս ձեր ինքնաշարժով, որովհետեւ փոքրիկներ ունիք ձեզ ընկերակցող։


Շնորհակալութիւն յայտնեցի ու անցայ ներս։ Արդէն քանի մը րոպէներ անց կրկին պիտի մեկնէի։ Զաւակս՝ Տարօնը, տեսնելով որ միայն մօրքուրը վար կ՛իջնէ ինքնաշարժէն ըսաւ – Մամ, դուն պահակին ըսիր (Armenian Party), ներսը ՀԱՅ կայ, պէտք է բոլորս ներս մտնենք։ Անոր ըսի – չէ տղաս, ներսը հայ չկայ…..


Օտար ափերու վրայ, ի մասնաւորի այնպիսի երկիրներ, ուր ազգակիցներու հետ գտնուիլը այնքան ալ հնարաւոր չէ, մեզի համար, որպէս անդամներ Քաթարի հայ համայնքին ամէն առիթ հայկական մթնոլորտի մէջ գտնուելու ու մեր զաւակներուն հայկական շրջանակը ծանօթացնելու իսկապէս կարեւոր է։


Ոգեւորուած էի ու շատ լաւատես, երբ Ս. Ծննդեան պատարագի աւարտին զրոյց դար‎‎ձաւ Երիտասարդաց Վարչութիւնը կրկին կեանքի կոչելու նիւթը։ Նոյնիսկ այնտեղ ներկայացուեցաւ Ս Պահքի ժամանակ յատուկ երեկոյ մը սարքելու միտքը։


Վերջին ամսուայ ընթացքին Ազգային Վարչութենէն ստացանք Երիտասարդաց Վարչութեան կազմի անուանացանկը։ Թեկուզ լի շարադրական թերութիւններով, անիկա ոգեւորող յայտարարութիւն մըն էր, որովհետեւ երիտասարդութիւնը հաւաքականութեան մը ուժի եւ աշխոյժութեան կորիզն է։ Յաճախ կը լսէի Երիտասարդացի ժողովներուն ու այստեղ երկար տարիներէ հաստատուած հայ տիկիններու հետ հանդիպումներու մասին՝ աշխատանքը բաժնելու ու զայն իր յաջող լրումին հասցնելու վերաբերեալ։


Երեկոյին համար յարմար վայրի փնտռտուքը Յանձնախումբին կարեւորագոյն խնդիրն էր։ Հարցուփորձեր կային, սակայն սրահներու վարձքերը եւ ոգելից ըմպելի հրամցնելու արտօնութեան հարցերը խոչընդոտ կը հանդիսանային։ Յանձնախումբը իր սեփական պիւտժէն չ՛ուներ ոչ իսկ այլ հայկական գաղութներու նման կրցած էր իր ձեռնարկին նիւթական ներդրում կատարող մը ապահովել։ Ուստի ներկայ տիկիններէն մին պիտի ներկայացներ իր պայմանաւորուած առաջարկը։ Երեկոն նախաձեռնել իր բնակած համալիրի սրահին մէջ ձրիաբար, սակայն փոքրիկներու մուտքը արգիլելով։ Տարիներ առաջ այնտեղ այլ հայկական ձեռնարկ մը կատարուած էր ու փոքրիկները համալիրի լողաւազանը կեղտոտած էին։ Յանձնախումբը ընդառաջեց այս պայմանաւորուած առաջարկին ու անցաւ աշխատանքի։


Երբ քրոջս այդ համալիրը հասցուցի, վերյիշեցի, թէ այդ համալիրի սրահը նոյնն էր, ուր կ'ուսումնասիրուէր հրաւիրել մանկական երգեր ներկայացնող հայ երգչուհի մը հայ փոքրիկներու յատուկ երգահանդէս մը ներկայացնելու նոյն այդ տիկիններու հաւանութեամբ։ Արդեօք եթէ այդ ձեռնարկը տեղի ունենար ի՞նչ պիտի ըլլար լողաւազանին վիճակը։ Յանձնախումբի եւ տիկիններու խմբակցութեան վկայութեամբ, սրահը կրնար մօտաւորապէս ‎100 անձ ներառել եւ ըստ էութեան այդ թիւը բաւարար կը համարուէր ու այսպէս երիտասարդ ծնողներու մասնակցութիւնը նման ձեռնարկի մը փոքրիկներու մուտքը արգիլելով պիտի հանգստացներ զիրենք այլ վայր մը փնտռտելու մտահոգութենէն։ Հետեւաբար Երեկոյին ներկայ պիտի գտնուէին մեծ տարիքով մարդիկ, ամուրի երիտասարդներ ու սակաւաթիւ երիտասարդուհիներ, նորապսակ զոյգեր ինչպէս նաեւ այն ծնողքները, որոնք իրենց տուներուն մէջ ունին օգնականներ (ֆիլիպինցիներ)։ Մնացեալ երիտասարդ ընտանիքները, որոնք իրենց մօտ բնակող մեծ մայրեր կամ օգնականներ չ՛ունէին զրկուած պիտի մնային տարին մէկ եւ լաւագոյն պարագային երկու անգամ նախաձեռնուած նման հաւաքէ մը։ Ասոր կողքին մարդիկ ամենայն համարձակութեամբ երկու դիմակներ կը հաքուէին։ Առաջինով զաւակներ ունեցողներուն դժգոհանքը բաժնելու ու երկրորդով ըսելու – հարց չէ, շատ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին փոքրերուն համար թող այս անգամ ալ ներկայ չ՛ըլլան։


Ամանորին, երբ հսկող մարմինը չեր խորհած ամանորի հաւաք մը կազմակերպել, մօտաւորապէս 15 ընտանիքներ կրցանք ամանորեայ շատ հաճելի պարանցիկ երեկոյ մը վայելել յատուկ հայ ընտանիքներու եւ պահքի երեկոյին մատչելի գինին շատ մօտիկ։ Այո, այնտեղ ոգելից ըմպելին արտօնուած չէր, բայց հնչող հայ երգերը, մեր հայկական պարերու կատարումը, կատակներն եւ հաւաքէն ծնունդ առած ուրախութիւնը բաւարար էին հայկական շունչով բացառիկ մթնոլորտ մը ստեղծելու եւ մեզի եւ մեր զաւակներուն։


Աւելին, Յանձնախումբը խնդիր չ՛ուներ ամբողջ ձեռնարկը մէկ շաբաթ յետաձգելու անձնաւորութեան մը ներկայութիւնը ապահովելու, սակայն նոյն այդ յանձնախումբը չէր կրցած այլ տեղ ապահովել, կամ ոգելից ըմպելիէն հրաժարիլ տասնեակ մը ընտանիքներու ներկայութիւնը անկարելի չդարձնելու։ Մտահոգութիւնները յանձնախումբին փոխանցուած էին ու որդեգրելի լուծումներ հաստատ որ կային, բայց ապարդիւն։ Մեզ եւ գոնէ տեղեկութեանս համա‎ձայն այլ ընտանիքի մը արտօնուած էր ներկայ գտնուիլ զաւակներով միասին նոյնինքն նախաձեռնողներուն կողմէ։ Սակայն մեր ներկայութիւնը որքանո՞վ պիտի չի խրտչեցներ հայերէն եւ ի մասնաւորի անգլերէն լեզուով պատրաստուած երեկոյի յայտարարութիւնը ընթերցող ու կազմակերպողներու հետ փոխ յարաբերութիւններ չ՛ունեցող ընտանիքները, որոնց ուղղակի հեռաձայնային խօսակցութեամբ փոխանցուած էր թէ փոքրերու մուտքը արգիլուած է։


Երեկոյին ներկայ չգտնուելուս պատճառաւ չեմ կրնար որեւէ լրագրական վկայութիւններ ներկայացնել անոր մթնոլորտին կամ յայտագրին մասին։ Հաստատ գիտեմ, թէ կազմակերպողները ժրաջան երիտասարդներ են, սակայն վարանեցան երեկոյի նպատակի ճշդման մէջ։


Զգոյշ ըլլանք եւ միշտ առաջնահերթ պահենք մեր համընդհանուր շահերը, այլապէս, որպէս այլ սփիւռքներէ կամ հայրենիքէն այստեղ որպէս ժամանակաւոր պանդուխտ մէկտեղուածներ նման դէպքերու, արարքներու ու մտածողութեան կրկնութեամբ հաստատ որ պիտի ալ աւելի վտանգենք հաւաքական մեր եսը։


 


 Երիտասարդաց Յանձնախումբի անդամները նշանակելու առիթով հրապարակուած յայտարարութիւնը: 


 


Պահքի երեկոյին մասին հրապարակուած յայտարարութիւնը՝



  1. Պիտի ուզէի իմ անձնական կարծիքս յայտնել այդ երեկոյին մասին եւ կը յուսամ որ զայն կարդաք նոյն հասկացողական ոգիով որ դուք պահանջած էք ձերինին մէջ:

    Սկսելու համար կը զարմանամ որ դուք Հայութեան մասին կը խօսիք եւ նկատողութիւններ կ'ընէք Երիտասարդաց Վարչութեան, Հայութեան եւ առաջնահերթութիւններուն մասին եւ դուք այն Հայ մայրն էք որ ձեր զաւակին կ'ըսէք ?ներսը Հայ չկայ?: Ուրեմն այդ գիշեր հոն գտնուող մօտ 130 անձերը հայեր չէի՞ն ձեզի համար: Եթէ այդ խօսքին նպատակը ձեր զաւակը հանդարտ պահել էր, կրնայիք շատ դիւրութեամբ ուրիշ պատճառաբանութիւն տալ եւ ոչ թէ բոլոր ներկաներուն ազգութիւնը ջնջել:

    Իսկ եթէ այսքան ատենէ կը լսէիք հայկական հաւաքոյթներուն մասին եւ Տիկնանց Յանձնախումբին մասին ապա ի՞նչն է պատճառը որ ոչ մէկ ատեն չէք մասնակցած Քաթարահայութեան ձեռնարկներուն: Այս առաջին տարին է որ նման ձեռնարկի մը փոքրերուն մուտքը արգիլուած կ'ըլլայ: Նախորդող բոլոր ձեռնարկներուն փոքրերը ազատօրէն մտած են ձեռնարկներուն, ուրեմն ի՞նչ եղած է ձեր բացակայութեան պատճառը: Եթէ դուք այսքան ատեն որեւէ ձեռնարկի ձեր մասնակցութիւնը չէք բերած, արդեօք իրաւունք ունի՞ք հիմա քննադատութիւններ ուղղելու աջ ու ձախ: Առածը կ'ըսէ ?ուրիշին աչքին մէջի շիւղը չտեսած ձեր աչքին մէջի գերանը տեսէ՛ք?:

    Բոլոր յօդուածին մէջ մէկ շիտակ բան ըսիք եւ այդ էր որ այս տղաքը այդ երեկոն կազմակերպեցին յենելով միայն իրենց ուժերուն վրայ՝ նիւթական ոչ մէկ օժանդակութիւն ուզելով ոեւէ մէկէն: Աւելին, ձեռնարկին բոլոր ծախսերը ըրին իրենց անձնական հաշիւներէն մինչեւ իսկ ձեռնարկէն ետք նիւթական գումար ապահովեցին: Այդպէս որ եթէ տեղ մը զիջեցան ?պայմանաւորուած առաջարկի? մը ինչպէս որ դուք կ'ըսէք, ապա ատի բոլորովին հասկնալի պէտք է ըլլայ բոլորիս կողմէ եւ կը կարծեմ թէ այդպէս ալ էր ընդհանրապէս, ի բացառեալ որոշ անձերէ ըստ երեւոյթին դժբախտաբար: Իսկ եթէ Տիկինը պայման դրեր է նախորդ փորձառութենէն մեկնած, ապա այդ ալ հասկնալի է քանի երեկոյթին աւարտին միայն ինքը կը մնայ հաշուետու իր դրացիներուն եւ բնակած վայրի պատասխանատուներուն առջեւ:

    Իսկ մէկ անձի սպասելու նպատակը, սիրելի Հայուհի, այն էր թէ այդ անձը ինք իր պատասխանատուութեան վրայ առած էր ճաշերուն մեծամասնութեան պատրաստութիւնը եւ, աւելին, վերադարձին իր հետ պիտի բերէր հոն վաճարուելիք կերակուրներուն մնացածը:

    Եւ եթէ նոյն սրահին մէջ պզտիկներու համար պարահանդէս պիտի ըլլար, այդ կը նշանակէ թէ այդ ձեռնարկին ընթացքին զաւակը ծնողքին հոգատարութեան տակ կ'ըլլայ եւ անոնք ուշադրութիւն կը դարձնեն որ ան որեւէ սխալ չընէ, ինչ որ նոյնը չըլլար երբ որ ծնողքը զբաղած է բարեկամներով կամ, ըսենք, իր զոյքին հետ պարի ելլած:

    Քալով ամանորի հաւաքոյթին, ուրախ ենք գիտնալու որ 15 ընտանիքով լաւ ժամանակ անցուցեր էք դուք եւ ձեր զաւակները, բայց արդեօք աւելի հաճելի չէ՞ր ըլլար եթէ բոլորս լուր ունենայինք գիտնալով որ Քաթարի մէջ մօտ 400 հայեր կ'ապրին: Ուրեմն հիմա մենք անտեսուա՞ծ պէտք է զգանք: Դուք ձեր անձնական բարեկամներով երեկոյթի մը ելլած էք եւ հոն ձեր զաւակները ձեր պատասխանատուութեան տակ են: Ատի ոչ մէկ ձեւով չի բաղդատուիր վարչութեան մը ձեռնարկին հետ ուր ամէն մարդու հանգիստը եւ բարեացակամութիւնը բոլոր վարչութեան ուսերուն է:

    Փակելու համար, արտօնեցէք լրագրական վկայութիւնը ես ընեմ: Ձեռնարկը շատ յաջող եւ հաճելի անցաւ ներկայութեամբ մօտ 130 Քաթարահայերու՝ ներկաներուն կէսէն աւելին երիտասարդներ, Հայկական ջերմ մթնոլորտի մէջ, աւանդական Պահքի ճաշերով եւ ներկաներուն թնդացնող շուրջպարերով:

    Կը շնորհաւորեմ Երիտասարդաց Վարչութիւնը այդ շատ հաճելի ձեռնարկին համար, յուսալով որ յաջորդը շատ չուշանայ:

    ՎԱՐՁՔԵՐՆԻԴ ԿԱՏԱՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

     

  2. Սիրելի Տիկին Մարալ,

    Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այստեղ լոյս տեսած ձեր անձնական կարծիքներուն ու կու գամ իմ միտքերս ալ աւելի պարզացնելու՝

    – Այո, ես այսպէս ըսի զաւկիս երբ ան մուտքի պահակին հետ ունեցած խօսակցութեանս յենելով շեշտեց թէ ներսը հայ կայ ու պէտք է ինք եւս ներս մտնէ անպայման: Զիս ճանչցողը շատ լաւ գիտէ թէ ինչպէս կը դաստիարակեմ զաւակս ազգային առումով: Պարտաւոր զգացի այդ ձեւով այդ վայրկեանին համոզել այն մանչուկը որուն համար հայը յատուկ տեղ ունի: Դուք այդպէս բացատրեցիք գրածս, բայց հաստատ նպատակը այդպէս չէ, որովհետեւ իմ համայնքի հայերուս հայութիւնը վարկաբեկելու նպատակ չեմ հետապնդած:

    – Գալով ձեր ներկայացուցած առակին եւ երկրորդ հարցին թէ ինչո՞ւ ներկայ չեմ գտնուած նախկին ձեռնարկներուն ? Ես Տոհա հասայ ամուսնոյս ընկերակցելու 11 Ապրիլ 2011ին: Այն ատենները կը յիշեմ թէ Երիտասարդականը ընկերային հաւաք մը ըրաւ, բայց ըլլալէն միայն յետոյ տեղեկացուեցանք, հակառակ որ Երիտասարդականին մէջ աշխատող անձեր կը ճանչնայինք: Իսկ պարահանդէսի ընթացքին, Ազգային Վարչութեան անդամներուն գոնէ մէկ հոգին ինչպէս նաեւ տոմսեր ապահովող մը գիտէ թէ անհանգստութեան բերումով անակնկալօրէն մեր գալը չեղեալ նկատեցինք: Ականատեսներ ալ կային պարահանդէսի նախօրեակին թէ ուր էինք, որու ընկերակցութեամբ: Վստահ եղիր որ նման առիթներ քաջալերողներ ենք: Քննադատութիւններս աջ ու ձախ չեմ ղրկեր այլ լաւապէս ճանչցուած պաշտօնական թերթերու մէջ հրատարակուած են, խմբագիրներն ալ հաստատ որ աչքէ կ'անցնեն ամէն բան նախքան հրատարակումը:

    – Ինչ կը վերաբերի անձնաւորութեան մը սպասումի հարցին՝ Ես էի անձամբ որ հանձնախումբին փոխանցեցի այս խնդրանքը, որովհետեւ ես ալ գիտեմ թէ այդ տիկինը սրտանց եւ մեծ հաճոյքով կը կատարէ նման պարտականութիւններ, որոնց ականատես եղայ Մեսրոպեանի կաղանդին: Բայց հաստատ գիտցէք թէ բացակայ տիկիններն ալ շատ ազնիւ ու աշխատասէր տիկիններ են ու անոնք ալ նեդրումներ պիտի ունենային ձեռնարկը յաջողցնելու:  Երիտասարդացը այդ տիկնոջ կողքին կրնար ունենալ առնուազն 7-10 տիկիններ: Երբ մէկ անձի մը համար ընթրիք կարելի է յետաձգել, ուրեմն կարելէ էր լուծում մը գտնել որպէսզի ոչ մէկը դժգոհ մնար:

    – Ձեր եւ բոլոր ընթերցողներուն ուշադրութեան կ'ուզեմ յանձնել, թէ առաջին յօդուածը չէ որ կը գրեմ Քաթար գալէս ետք այստեղի համայնքի գործունէութեան մասին, բայց կ'երեւայ ասի շուտ աչքի զարկաւ: Կրնաք շատ դիւրաւ գտնել Քաթարի Հայ համայնքի վերջին պատարագին ու Մեսրոպեանի Կաղանդի ձեռնարկին մասին այցելելով հետեւեալ էջերը՝

    Մեսրոպեանի Կաղանդը՝
    http://www.azad-hye.net/news/viewnews.asp?newsId=470agdz90

    Սուրբ Ծնունդի Պատարագ՝
    http://www.azator.gr/azad-or/historical-articles/2049-2012-02-02-11-39-22

    Մանչուկիս հարցումներէն ծագած մտորումներ՝
    http://www.azator.gr/index.php?option=com_content&view=article&id=336%3Amantchougis-hartsoumneren-tzakatz-medoroumner&catid=38%3Ayoduatsagrutiwn&Itemid=85

    Թէ որքանով ճիշդ գրած եմ յօդուածս կամ թէ որքանով սխալ, այդ մէկը ձեր արժեւորումն է ու անձէ անձ կը տարբերի եւ ես սիրայօժար կը յարգեմ:

    Թէ ինչպէս տեղեակ չէք որ Կաղանդին հայ ընտանիքներ միասին հաւաքուելով կաղանդի երեկոյ մը վայելած են՝ Անձամբ եթէ ձեզ ճանչնայի հաստատ որ լուր տուած կ'ըլլայի: Ամէն պարագայի անոր մասին յայտարարութիւնը Քաթարի հայերուն ֆեյսպուքի էջին վրայ զետեղուած էր, այնպէս ինչպէս Երիտասարդականի ձեռնարկի յայտարարութիւնը, բայց որովհետեւ պաշտօնական ձեռնարկ չէր կամ չէր վայելեր մեկուն հովանաւորութիւնը, կարելի չէր ցանկերու դիմել ու զանգահարել ներկաներ ապահովելու:

    Ես որեւէ մէկ ըսելիք չունիմ այն տիկինին որ իր սեփական պատասխանատուութեամբ տեղ կ'ապահովէ, բացի անկէ որ երգահանդէսի պարագային փոքրերու թիւը կարելի էր տասնապատիկը ըլլար պարահանդէսին եկող փոքրերու թիւին հետ բաղդատաբար: Այն ծնողքը որ օգնական ունի, հաստատ որ իր զաւակը պիտի նախընտրեր տունը թողել: Խօսքիս ծանր բաժինը Երիտասարդականին էր որ չկրցաւ այդ օր ապահովել մէկը որ հսկէ փոքրերը գումարի մը փոխարէն, կամ վայրը փոխեր, կամ զտել այն ծնողքները որ օգնական չունին ու իրենց փոխանցել այլ պայման մը ? Ներկայանալ կատարելապէս ստանձնելով զաւկին հսկելը: Անկարելի բան չկար…

    Ես ալ քեզ կ'ընկերակցիմ ըսելու՝ ՎԱՐՁՔԵՐՆԻԴ ԿԱՏԱՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

    Ու կ'աւելցնեմ՝ Հաստատ գիտցէք որ բոլորս ալ, կ'աշխատինք, կը գրենք ու կը զրուցենք համընդհանուր շահերէ մեկնելով:

    Գարօլին Մսրիէ – Սերոբեան

Comments are closed.