
Hrach Kalsahakian argues that the Armenian community in Kuwait should have been able to purchase the plot of the church in Salmiyah long time ago if the leaders of the community have been careful in contorlling the expenses.
Հրաչ Քալսահակեան
Տարի մը առաջ Քուէյթի գաղութին ղեկավարները հարիւր հազարաւոր տոլարներ մսխելով տօնեցին իրենց համեստ դպրոցին յիսնամեակը: Անոնք պէտք էր այդ գումարները օգտագործէին եկեղեցւոյ հողին սեփականութիւնը ապահովելու համար:
Եւ կարծես այդ բաւարար չէր: Վերջերս անոնք հրաւիրեցին Շեյխա Ֆրայհա Ալ Ահմատը (ընկերային հաստատութիւն ունեցող անձնաւորութիւն մը՝ իշխող գերդաստանէն), որ այցելէ հայկական եկեղեցին եւ իր ?զօրակցութիւնը? յայտնէ եկեղեցւոյ հողին տիրանալու գործին:
Այսպիսով մենք թիրախ դարձանք ծայրայեղականներու աչքին, որոնք այդպէս ալ չհասկցան թէ խնդիրը դրամի անբաւարարութեան մասին է, այլ տարածեցին այն միտքը թէ Շէյխան կը հովանաւորէ հայերը եկեղեցւոյ հող մը ունենալու համար, այնպիսի ժամանակահատուածի մը մէջ երբ բարձրաձայն յայտարարութիւններ կ'ըլլան Խորհրդարանին մէջ եւ այլուր Քրիստոնեաներուն նոր հողաշերտներ չյատկացնելու վերաբերեալ:
Եւ ահա մենք յայտնուեցանք փոթորիկին աչքին մէջ, Քուէյթի անխոհեմ ազգայիններուն պատճառով, որոնք տակաւին պատահածը (յիսնամեակի դրամի մսխումէն մինչեւ ծայրայեղականներուն թիրախ դառնալը) որպէս մեծ ձեռքբերում կը ներկայացնեն:
Քուէյթի հայութիւնը իր դրամով յիսուն տարուան ընթացքին շատոնց եկեղեցւոյ հողը գնելու կարելիութիւնը ունեցած պիտի ըլլար եթէ հաւաքուած գումարները ցուցամոլութեան պատճառով սպառած չըլլային: Նուիրատուն ինք պիտի չ'որոշէ թէ դրամը ո՞ւր պիտի գործածուի այլ առողջ ղեկավարութիւնը պիտի կարենայ նուիրատուութեան գործընթացքը ճիշդ հունի մէջ դնել:
Շեյխայ Ֆրայհային վերջերս կատարած այցը պէտք էր ըլլար քաղաքավարական եւ բարեկամական հանդիպում մը՝ հայ գաղութին եւ հայ քաղաքակրթութեան ծանօթանալու նպատակով: Եթէ մենք կարենայինք ճիշդ տնտեսել մեր ազգին դրամը պիտի այսպիսի աղմկայարոյց վիճակի մը մէջ չյայտնուէինք եւ չհասնէինք այն աստիճանին, որ ամբողջ Քուէյթը խօսի մեր եկեղեցւոյ հող ընծայելու կամ չընծայելու մասին, մինչդեռ մենք անաղմուկ այդ հողին տէրը շատոնց կրնայինք ըլլալ:
Իսկ հիմա Շեյխայ Ֆրայհային այցով մենքզմեզ թիրախ դարձուցինք ծայրայեղականներուն առջեւ եւ վտանգեցինք եկեղեցւոյ հողին տիրանալու մեր տասնամեակներու երազը:
Կարդալ դպրոցին յիսնամեակին ատեն եղած ահաւոր ծախսերուն մասին՝
http://www.azad-hye.net/news/viewnews.asp?newsId=621afdg41
Այս գիտելիքները անիմաստ յայտարարութիւններ են: