
In memory of poet and playwright Zareh Melkonian (1922-2012)
Գրական աշխարհը կը սգայ բազմաբեղուն զաւակներէն մէկուն՝ Զարեհ Մելքոնեանի կորուստը որ պատահեցաւ Մարտ 30, 2012-ին:
Ան հեղինակն է 11 բանաստեղծական հատորներու, 13 թատրերգութիւններու, հայկական դպրոցներու համար լեզուի, քերականութեան, գրական գիտե-լիքներու եւ արտասանութիւններու հաւաքածոներու, ինչպէս նաեւ երեք յուշագրութիւններու եւ հայ մա-մուլին մէջ երեւցած բազմաթիւ գրական նիւթերու շուրջ յօդուածներու: Այս էջին ընտրութիւնը 2011-ին լոյս տեսած ?Մորմոքը՝ Տարբաղադրուող Երազներուն? հատորէն է:
Եղեռնի Տարեդարձն է Վերստին
Ապրիլ 24 է այսօր . . .
Եւ այս տարի նորէ՛ն,
Ի՛մ եռագոյնս աւելի՛ բարձր բռնած՝ միւս բոլոր դրօշակներէն՝
Կը քալեմ ցուցարարներուն ամբոխին առջեւէն՛
Առանց հարցնելու նոյնիսկ թէ ճի՜շդ ու՞ր եմ . .
Կարեւորը բուն՝ չբացակայիլն է ցոյցերէ՛ն,
Ու պոռալն է բանե՜ր՝ լեզուներով այլազան. .
– Մեր Հողերը Պատմական՝ Մե՛րն են,
ԵՒ ՕՆԼԻ, ՊԻԷՆ ՍԻՒՐ, ՈՒԱԼԼԱՀԻ՛ մե՛րը միայն՛
Կը գոչէ մէկը ամբոխին՝ ա՛յս տարուան
Առաջնորդներէն. . .
Ու ցուցարարները կ՛արձագանգեն՝
– Եւ ԱՖ ՔՈՐՍ, Նաթիւրելըմա՜ն, մե՛րն են,
– Սի, Սի, ու յաւիտեա՜ն. . .
Ոչ ոք կրնայ մեզմէ խլել
Մեր Անցեա՛լն ու Հայրենի՛ մշակոյթը մեր
Ու մանաւանդ Ապագա՜ն?՝ Կը պատգամէ՜
Քաղաքի մը մէջ՝ տարբե՛ր
Ղեկավարի կոկորդը տիրական,
Ու՝ Yes! Oui! Այո՛, Հէլպէթ, Si; Եա՜. . կը կրկնէ
Ամբոխը միաբերա՜ն
Մինչ Լոս Անճելըսի Հա՜յ պատանիները ե՛ա՝
Հետզհետէ աւելի՝ նուազ կը յիշեն՝
Որ Քալչըր-ն ու Կուլտուրա՜ն
Մշակոյթ-ին հոմանիշները չե՜ն,
Եւ ա՜յդ ?Յասմիկ Տէր Յարութիւնեան-ը ո՜վ որ է՝
Այս ?Հասմիկ Տեր Հարությունյան?ը չէ՛ . . .
. . . Իսկ երբ Պէյրութ՝ ամբոխը կը հասնի
Հրապարա՜կը Պուրճի՛
Վճռական ձայնը Ղեկավարին
կը գոռայ վերստի՜ն՝
Մաալում, Ուալլահի՜, մերն են տակաւին Կիլիկիան, ՈՒԱ՜ Սանճաքն անգամ.
Մինչ թիւը Արտասահմանի ու նոյնիսկ Հայաստանի՛ մեր դպրոցներուն Աշակերտութեան՝Կը նուազի՜
Ինչպէս բե՜րքը մրգաստաններու անտիրակա՛ն:
Այս մէկ ամբոխը, որ կը պարտի
Բազմանդամ ըլլալ միւսներէն աւելի՛,
Եւ անցնիլ փողոցներէն Երեւանի՝
Կը բացակայի՜ . . . – Կ՛երեւի՜
Պետութիւնը Հայաստանի
Հասկցուցած է յստակօրէն՝
– Որ Հայաստանը Թուրքիայէն հողային պահանջք չունի . . .
– Բացայատ է ,- Հայութիւնը
ՄԷ՜Կ Ժողովուրդ Չէ՛ Տակաւին
Իսկ ես ընտրութիւն չունիմ . . .
Կ՛որոշեմ միանալ նաեւ յաջո՛րդ ՑՈՅՑ-ին
Իսկ հովը, որ ամէն կողմէ կը փչէ այս տարի՛
Անցեալ տարուան հովերէն իսկ զօրաւոր է աւելի
Եւ արդէ՜ն՝ . . Աւելի խոշոր ու շողշողուն Դրօշակ մը ապսպրեր եմ . . .Ու վստահ եմ հիմա լի՛ովին՝
Որ մեր օտարալեզու թերթերը մանաւանդ պիտի ԳԱ՛Լ Տարի՛,
Ա՛լ աւելի՛, լեցուին՝ նկարներովը վառվռուն՝
Մեր կազմակերպելիք խանդավա՛ռ ցոյցերուն,
Ու նկարներովը խոշոր՝ մեր Ղեկավարներուն,
Ու մեր միջազգային քաղաքական բարեկամներուն:
The above is selected by Zarmin? Boghosian for “Through the Orchards of Armenian Language & Poetry”, a weekly literary Armenian radio broadcast in New York.
Read also:
Poet and playwright Zareh Melkonian passes away (1922-2012)
http://www.azad-hye.net/news/viewnews.asp?newsId=621agja41