• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հալէ՜պ սիրելի

September 21, 2012
A+ A-
Email Print
<FONT face="Tahoma, Arial, Helvetica, sans-serif">Հալէ՜պ սիրելի</FONT>


Գրեց՝ Կիրակոս Գույումճեան


Under the title “Beloved Aleppo” Kuyumjian first writes about Aleppo's past and its contribution to international and Arab history and culture, then he describes the role that Aleppo Armenians have played in both local Syrian and pan-Armenian Diasporan life. According to him, if the Aleppo Armenians leave the city, they will lose a lot, particularly their churches, schools, institutions, private businesses, etc. which have been built stone by stone throughout many decades. Furthermore, a great part of their spiritual heritage will be endangered. This could only please Turkey, he concludes.


“Aleppo Armenians are part of a lung, through which Armenia breathes and with their absence this breathing process would be, in some way or another, weakened”, underlines Kuyumjian, adding that Aleppo Armenians are one of the pillars upon which the “umbrella of the nation” is based. If the Aleppo Armenians are weakened, this will affect the whole Middle East Armenian population. Syria, in its turn, will lose a lot, Kuyumjian states, adding that “Armenians should be prepared to face the difficulties and to be cautious and alert and should defend themselves and their assets if they become subject of any attack or infringement by destructive thieves, whose numbers these days may be in the rise”, says Giragos. He ends up his article inviting Armenians to realize that political crisis and popular revolutions indeed may take place in the life of nations but “it is not wise to quit the land and assets that have been earned by hard work. It is important to be patient, to tolerate the difficulties and to be armed with fighter's psychology, however difficult are the times. We should definitely believe that the future is going to be better than the past and that there is a bright renaissance waiting our beloved Syria. This would be the best compensation after the crisis”.


Սիրտս կը մղկտայ յուզումէս եւ աղիողորմ արցունքներս կը հոսին թախծօրէն, ի տես իմ սիրելի երկրիս այն ահաւոր տեսարաններուն, որոնց ականատեսը կ՚ըլլամ լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն եւ ականջալուր կ՚ըլլամ այն արհաւիրքներուն, որոնք կը պատահին իմ ծննդավայր մայրաքաղաքիս՝ գթառատ մայր Հալէպի մէջ:
Հալէպ՝ որ ապաստան տուիր ծնողներուս, երբ անոնք խորտակուած հոգեկանով ու ֆիզիքականով անապատները կտրելէ ու հալածանքներէ փախուստ տալէ ետք գիրկդ եկան յոգնասպառ:


Հալէպ՝ որ ներաշխարհիս մէջ դրոշմեցիր պատանեկութեան ու երիտասարդութեան ամենագեղեցիկ յիշատակները. քոյրերուս, եղբայրներուս եւ ամէն կրօնքի պատկանող բարեկամներուս ապահովեց իր մանկութեան յուշերը անդարձ:


Հալէպ՝ մշակոյթի, գիր ու գրականութեան հարազատ արուեստի քաղաք. ?Ապու Ֆիրաս Ալ Համատանի?ին, ?Ապտըլ Ռահման Քաուաքիպի?ն սրտառուչ կրօնաբոյր երգերու քաղաքը:


Հալէպ՝ արաբական ?մաուալ?ներու եւ ?մուաշահաթ?ներու երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան ակունքը հանդիսացող քաղաք, որ մարդկային պատմութեան խորերէն փխելով իր աւանդութիւնները կը հասցնէ մեր օրերու ?Սպիտակ Հալէպ?, ներողամտութեան եւ արդարութեան քաղաքը:


Ամէն անգամ, որ հայեացքներս սեւեռեմ բազմահարիւր սուրիացի գաղթական եղբայրներուս կառաւաններուն եւ գաղթականներուն դրացի սահմանակից երկիրներուն մէջ, հոգիս այնպէս կ՚ալեկոծի ու վախէն կը թրթռայ ի տես անոնց արտագաղթին, թէկուզ դէպի Մայր Հայաստան, ուր հայրենի հողը ապահովութիւն կը ներշնչէ, սակայն մաղթանքս պիտի ըլլար, որ անոնք ծննդավայր հայրենիքի իրենց տան բանալիները պահէին այնքան սրտի մօտիկ, որպէս վերադարձի վերյուշ:


Գաղթականութիւն: Հայերուն համար զազրելի բառ մը, որ միայն ազգային ցաւ կը յուշէ մեզ: Հայեր գաղթի ճանապարհներ կտրելէ ետք կայք հաստատած են Հալէպ, որ գրկաբաց ընդունած է զիրենք քսաներորդ դարու սկիզբը: Հայեր գիտակից են իրենց բարոյական պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն հանդէպ Հալէպ քաղաքին եւ բարձրաձայն կ՚արձագանգեն իրենց սիրոյ եւ յարգանքի մասին, յաչս աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն, թէ մենք՝ որպէս հայ ժողովուրդ ընդմիշտ հաւատարիմ ու երախտապարտ եղած ենք. գիտակից ըլլալով մեր ծննդավայր հայրենիքին մնացեալ բաղկացուցիչ տարրերուն հետ՝ եղբայր ենք ու բարեկամ, բաժնեկից տառապանքներուն եւ ուրախութեան: Հայերս անքակտելի մէկ մասնիկն ենք սուրիական հայրենիքի հիւսուածքին:


Իրենց ծննդավայրէն հեռանալէ վեց ամիս ետք, արտագաղթի դառն բաժակը պիտի սկսին ըմպել ու գիտակցիլ իրենց կրած կորուստներուն, իրենց տաքուկ բոյնէն հեռանալուն, թէկուզ անոնք ըլլային համեստագոյն օճախները անոնց: Անոնք պիտի կորսնցնեն իրենց ընկերային անմիջական միջավայրը, որ ջերմօրէն կ՚երջանկացնէր իրենց կեանքը: Կորուստի պիտի մատնուին մշակութային ու մարզական կեանքերը, որ կը հարստացնէին իրենց կենցաղը. լեզուն ու աւանդական տոհմիկ մշակոյթը, որ կը զատորոշէր հալէպահայը այլ սփիւռքահայերէ: Մինչ միութիւններ ու կազմակերպութիւններ պիտի կորսնցնեն իրենց կառոյցներն ու եկեղեցապատկան կալուածները, մշակութային սրահները պիտի ամայանան, զորս մեր նախահայրերը քար քարի վրայ դնելով կառուցած էին, տարուէ տարի, լումայ առ լումայ, ճակտի քրտինքով, ի գին անհամար զոհողութեանց եւ անձնազոհ ջանքերու, սերունդ առ սերունդ կոփելով կերտեցին պայծառ ներկան: Արտագաղթով՝ մենք ափսէի վրայ յաղթանակ տրամադրած կ՚ըլլանք Թուրքիոյ, որ ակնդէտ առիթը կը սպասէ ուրախանալու՝ ի տես այս տխուր երեւոյթին:


Հալէպի կրթական ու մշակութային հաստատութիւնները իրենց ծննդոցէն մինչեւ այսօր արգասիքը հանդիսացած են հաւատարիմ տարրեր թրծելու եւ տրամադրելու այլ գաղութներուն որպէս առաջնորդող ղեկավարներ: Հալէպը այն առատահոս աղբիւրն է, որ իր ունեցուածքը անշահախնդրօրէն շնորհած է մայր Հայրենիքին եւ մնացեալ գաղութներուն: Ահա թէ ինչու արտագաղթով պիտի տկարանայ ու անհետի հալէպահայ գաղութը եւ այդպիսով՝ պիտի վտանգուի նաեւ հայապահպանման գործընթացը գաղթաշխարհին մէջ:


Սուրիական հողին ընդերքը արձակուած են սուրիահայ գաղութին արմատները, ընդ որուն ապահովուած է հալէպահայութեան գոյութիւնը: Շահաւոր եւ ռազմավարական ոյժ մը կը ներկայացնէ Հայաստանի համար, հալէպահայ երիտասարդութեան  պատրաստակամութեամբ ի պահանջեալ հարկին նոյնիսկ դիմակայելու թշնամին: Հալէպահայութիւնը կը կազմէ Հայաստանի շնչերակը, անոր բացակայութեան Հայաստանի պետութիւնը շնչառութեան նեղութեան պիտի մատնուի:
Հալէպահայութիւնը կը համարուի նաեւ Հայրենիքը կանգուն պահող սիւներէն մին, որուն հովանիին ներքեւ կ՚ապաստանի աշխարհատարած հայութիւնը: Սոյն սիւնը եթէ փուլ գայ, հայրենիքի տաղաւարը անպայման պիտի խարխլի ու կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնն ու գործունականութիւնը: Հալէպահայութեան տկարացումը՝ ինչ համեմատութեամբ ալ ըլլայ, անպայման իր յետադարձ անդրադարձը պիտի ունենայ Արաբական Ծոցի երկիրներուն, Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ ապրող հայութեան կեանքին վրայ:


Հալէպահայութիւնը կը նմանցնեմ այն յղկուած քարին, որ կը զետեղենք առուակին մէկ ափին, որուն յենելով կամուրջ կը հաստատենք անցնելու միւս ափը. առանց անոր դժուար է կապ հաստատել այլ ափերու հետ: Հետեւաբար յոյժ կարեւոր կը նկատեմ հալէպահայ գաղութին ռազմավարական դերն ու աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը:


Անընդունելի իրողութիւն մըն է, որ հայերու բացակայութեամբ, սուրիական մեր հայրենիքը շատ բան պիտի կորսնցնէ իր հմայք էն, ճարտարարուեստական ու տնտեսական հիմունքներէն:


Իսկ արտագաղթող հայը իր կարգին պիտի կորսնցնէ մանկութեան, պատանեկութեան ու երիտասարդութեան ընկերային շրջանակը եւ օտար ու անհիւրընկալ երկնակամարի տակ պիտի սկսի նոր կեանքի մը սկիզբ տալ:


Հայեր աչալրջօրէն պարտին մօտենալ այս զգայուն մտահոգութիւններուն եւ զինուիլ հոգեպէս՝ կարենալ դիմակայելու համար նոյնիսկ զինեալ տարրերու ոտնձգութիւնները եւ տէր կանգնելու ազգային ու անհատական ստացուածքներուն:


Հայեր պարտին կատարելապէս գիտակցիլ, թէ ժողովուրդներու պատմութեան մէջ յաճախ կը պատահին քաղաքական վերիվայրումներ ու ժողովրդական յեղափոխութիւններ: Ուստի անտրամաբանական պիտի ըլլար հրաժարիլ քրտնաթաթախ աշխատանքով ու մեծ ճիգերով ձեռք բերուած ?հարստութիւններ?էն, այլ համբերութեամբ, դիմադրողական հոգեբանութեամբ եւ անսասան հաւատքով յառաջանալ դէպի լուսաշող ու աւելի պայծառ ապագան: Միայն այս հաւատքով պիտի կարենանք հատուցում տալ սուրիական հայրենիքին եւ պայծառ զարթօնքի մը տեսլականով ամոքել մեր այժմու կրած թախիծներն ու վիշտերը:


?Զարթօնք?, Պէյրութ, 18 Սեպտեմբեր 2012


Արաբերէն բնագիրը լոյս տեսած է Լիբանանեան ?Աննահար? թերթի 19 Օգոստոս 2012ի համարին մէջ:


Արաբերէն օրինակը կարելի է կարդալ հոս՝
http://www.azad-hye.org/article.php?op=details&id=485

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԻրերօգնութեան անհրաժեշտ պահանջը
Older PostԴարձ ակունքներին

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

«ՔԱՅԼ ԴԵՊԻ ՏՈՒՆ» ծրագրի հյուրընկալ ընտանիքների համար նախատեսված հայտադիմում

item-thumbnail

Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey

item-thumbnail

Սփիւռքի Չորրորդ Իշխանութիւնը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll