• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ի՞նչ մնաց մեր վիրաւոր Հալէպէն

February 16, 2013
A+ A-
Email Print
<FONT face=Tahoma>Ի՞նչ մնաց մեր վիրաւոր Հալէպէն</FONT>


What has remained from our wounded Aleppo?


The author describes the destruction that has befallen on Aleppo. During the last eight months the city has become the battlefield between the armed opposition and the regular army. Many neighborhoods have been completely destroyed and the population dislocated. How will people be able to secure their daily bread, assuming that they are still alive? 


Պատերազմը ի՞նչ թողուց իր ետին՝ երբեմնի խաղաղ, շէն ու բարգաւաճ պատմական Հալէպէն։ Մանաւանդ հայկակա՛ն Հալէպէն։


Արտասահմանի հայերը հաւանաբար ա՛յս հարցումն է որ պիտի ուղղեն իրարու՝ ամէն անգամ որ նստին իրենց պատկերասփիւռի պաստառներուն առջեւ ու հետեւին Սուրիայէն հասնող արիւնալի ու սարսափազդու լուրերուն։


Այսօր դժուար է ու գրեթէ անկարելի՝ հարազատ ու իսկական հաշուեկշիռը կատարել մարդկային ու նիւթական այն վիթխարի վնասներուն, որոնք երկու տարուան ընթացքին գրեթէ կիսով քանդեցին երկիրը, երկփեղկում յառաջացուցին զայն բաղկացնող հաւաքականութիւններուն միջեւ, հիւծեցին անոր տնտեսութիւնը ու շատ երկար ժամանակի համար անվերականգնելիօրէն գլտորեցին զայն անդունդէն վար…։


Արդարեւ, ո՞վ կը համարձակի այսօր խօսիլ Սուրիոյ երրորդ մեծագոյն քաղաքին՝ ՀՈՄՍԻ մասին, անոր զուարթախօս ու կատակասէր խառն (մահմետական եւ քրիստոնեայ) բնակչութեան մասին, որ աւելի քան 75 առ հարիւր համեմատութեամբ բռնագաղթի ենթարկուեցաւ իր սիրելի բնօրրանէն, տուաւ հազարաւոր նահատակներ, միաժամանակ իր ետին թողլով 80 առ հարիւր համեմատութեամբ քանդուած, աւերուած ու հրկիզեալ քաղաք մը…։


Ո՞վ կը համարձակի խօսիլ հարաւային ՏԷՐԱԱ քաղաքին ու զայն շրջապատող երկու տասնեակ գիւղաքաղաքներուն մասին, որոնց կապոյտ երկինքները անդադար մթագնեցան վառօդի ծուխով, եւ որոնց բնակիչները մեծով-պզտիկով ու հազար-հազարներով խոյս տուին դէպի դրացի Յորդանան։


Ո՞վ պիտի համարձակի խօսիլ Եփրատի ափին գտնուող ՏԷՐ ԶՕՐ քաղաքին մասին (արեւմտահայութեան չարաշո՜ւք ու խորհրդանշական գերեզմանը), որ քարուքանդ եղաւ պատերազմական սաւառնակներու ու ծանր հրետանիներու անվերջանալի ռմբահարումներէն ու դատարկուեցաւ իր հիւրասէր եւ աւատապետական տոհմերէն։


Ո՞վ պիտի խօսի Դամասկոսի գաւառային շրջաններուն մասին, ՏՈՒՄԱՅԻ, ՏԱՐԱՅՅԱՅԻ, ԶԷՊԷՏԷՆԻԻ ու բովանդակ ՂՈՒԹԱՅԻ մեծ ու փոքր բնակավայրերուն մասին, որոնք գրեթէ քարտէսէ ջնջուեցան՝ չես գիտեր ի՛նչ դիւային ծրագրի մը յագուրդ տալու համար…։


Ո՞վ պիտի խօսի հիւսիս-արեւմտեան ԻՏԼԻՊ նահանգին մասին, որուն երեքհարիւրի չափ գիւղերուն բնակիչները օր մը տարբեր գոյնի դրօշ մը պարզեցին ու ի վերջոյ ստիպուեցան վրանաբնակ դառնալ՝ Թուրքիոյ տարածքին հաստատուած գաղթակայաններուն մէջ…։ Իտլիպի բազմամարդ ոստաններէն ՄԱԱՐՐԷԹ ԷԼ ՆՈՒՈՒՄԱՆԻ (ծննդավայրը՝ Աւետիք Իսահակեանի համբաւաւոր պոէմին հերոսին՝ Աբու Լալա Մահարիին) 150 հազար բնակիչներէն հազիւ չնչին փոքրամասնութիւն մը մնաց այնտեղ…։


Ո՞վ պիտի խօսի հիւսիս-արեւելեան ԳԱՄԻՇԼԻ քաղաքին ու անոր շրջակայ բնակավայրերուն մասին, ուր այժմէն իսկ քրտական ինքնավարութեան մը առաջին հովերը կը փչեն…։


Ո՞վ պիտի հաշուէ անունները երկու տարուան ընթացքին ինկած 70-100 հազար զոհերուն, որոնց մէջ են չորս հազար երեխաներ ու հինգ հազար կիներ…։


Ո՞վ պիտի կարենայ հաշուել թիւը անհամար վիրաւորեալներուն, հաշմանդամներուն, անհետ կորսուածներուն, բանտերու նկուղներուն մէջ արգելափակեալներուն…։ 


Եւ ո՞վ պիտի խօսի Անդրանիկ Ծառուկեանի ?երազային Հալէպ?ին մասին…։


* * *


Ութ ամիսէ իվեր շարունակուող Հալէպի պատերազմը գրեթէ արիւնաքամ ըրած է քաղաքը, որ աշխարհագրականօրէն ալ կէս առ կէս բաժնուած է պետական ուժերու եւ ընդդիմադիր խմբաւորումներու միջեւ։ Այս վերջինները իրենց զինեալներով կը վերահսկեն քաղաքին հիւսիսային, արեւելեան եւ հարաւային շրջանները գրեթէ ամբողջութեամբ, նաեւ՝ միջնաբերդին շրջակայ հին քաղաքի բազմաթիւ թաղամասեր։


Ինչպէս միշտ, եղբայրասպան այս պատերազմէն բո՛ւն տուժողը ժողովուրդն է, որ կþապրի դաժան ու ծանր առօրեայ մը։ Բազմաթիւ թաղամասեր անմարդաբնակ դարձած են, հարիւր հազարաւոր անմեղ բնակիչներ խոյս տուած են իրենց տուներէն՝ ապաստան փնտռելով աւելի ապահով թաղերու մէջ, ազգականներու մօտ, դպրոցներու մէջ կամ այլուր։ Այդ թաղերուն մէջ անհամար շէնքեր փուլ եկած են հիմնովին, բախտաւոր պարագային՝ տուները թալանուած են, պատերազմող երկու կողմերէն մէկուն կամ միւսին կողմէ…։ Բոլորին վկայութիւնն այն է՝ թէ Լիբանանի տասնըհինգամեայ քաղաքացիական պատերազմն անգամ ա՛յսքան աւեր ու արիւն չէր սփռած չորս դին՝ որքան Սուրիոյ ներքին այս տագնապը, որ հիմա այլեւս դարձեր է շահարկումի դրամագլուխ՝ շրջանային եւ միջազգային շիլ հաշիւներու։


Քաղաքին մէջ կը տիրապետէ համատարած թշուառութիւնն ու աղքատութիւնը։ Ամէն դի՝ մանրավաճառներ կը վխտան, շարժական փոքրիկ սեղանիկներու ետին։ Մուրացկաններու թիւը անհամեմատօրէն աւելցած է։


Տեղացի արաբներուն ենթարկուած մեծղի վնասներուն զուգահեռ՝ Հալէպի հայերը եւս, անհատաբար, կրեցին լուրջ վնասներ։ Անգործութիւնը գլխաւոր տագնապն է մարդոց։ Ճիշդ ութը ամիսէ ի վեր, բազմահարիւր հայ ընտանիքներ զրկուած են իրենց առօրեայ եկամուտէն, որովհետեւ անոնց գործատեղիներն ու խանութները կը գտնուին ?արգիլեալ? գօտիներու մէջ։ Հայ արհեստաւորներու օրրանը նկատուող Նոր Գիւղ, Արղուպ, Պոսթան Փաշա, Րամուսէ , Փակ Շուկայ, Ճիտէյտէ եւ այլ թաղամասեր փակ են  եւ անանցանելի, վտանգներով լի։


Այս կացութեան դիմաց՝ մարդիկ ի՞նչպէս պիտի ապահովեն իրենց հանապազօրեայ հացն ու կարիքները, տակաւին քանի՞ շաբաթ կամ քանի՞ ամիս պիտի դիմանան, մանաւանդ որ սղաճը գլուխը առած կþերթա՜յ։ Տրցակ մը հացը 100 թղթադրամ է, վառելանիւթի բոլոր տեսակները կը վաճարուին միայն ու միայն սեւ շուկայի վրայ՝ շատ բարձր գիներով ու փոքր քանակով։ Դեղօրայքի գիները յաւելում կրած են 40 տոկոսով, ինչպէս՝ ուտեստեղէնինը, այնքան որ՝ մէկ քիլոկրամ չոր սոխին գինը հաւասարած է մէկ քիլոկրամ խնձորի գինին։


Անցնող Կիրակի (Փետրուար 10) կանուխ առաւօտէն սկսեալ Հալէպ դա՛րձեալ դէմ յանդիման մնաց անտանելի զրկանքներու։ Ելեքտրականութիւնը խզուեցաւ բովանդակ քաղաքէն ու զայն թաղեց համատարած խաւարի մէջ։ Միաժամանակ, դադրեցաւ նաեւ ըմպելի ջուրի հոսքը, ծորակները կրկին պարպուեցան իրենց կենսատու հեղուկէն։ Հալէպ եւ հալէպցիք իրենց կեանքը քաշքշեցին ա՛յսպէս, ԼՄԱՆ ՉՈՐՍ ՕՐ։ Չորեքշաբթի, Փետրուար 13-ի յետմիջօրէին, որոշ ընդհատումներով հոսանքն ու ջուրը վերադարձան։


Այս դժխեմ առօրեան անմասն չէր անշուշտ պատերազմական գործողութիւններէն, որոնք դադար չունին։ Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին քաղաքին ?ապստամբ? թաղամասերուն ուղղութեամբ բանակին կիրարկած ռմբակոծութիւնները սաստկացան զգալի չափով։ Հրետանիները, հրթիռարձակները, ռմբահար սաւառնակները, բոլո՛րը միասին՝ ?գործ?ի լծուած են Հալէպի մէջ, շարունակելով (ինքնա)քանդումի տարօրինակ քաղաքականութիւն մը, որուն նմանը պատմութեան գիրքերուն մէջ անգամ գրուած չէ։


Մարմարա, 15 Փետրուար 2013


Արտատպուած Ազատ-Հայի մէջ հեղինակին համամտութեամբ:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՀայութեան մարտահրաւէրները սուրիական յեղափոխութեան երրորդ տարուան սեմին
Older Post

About online education

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020
item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

January 21, 2020
item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

January 15, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

UAE Armenians and other Diaspora topics

item-thumbnail

The Eternal Lantern of Hope: A book by Baydzig Kalaydjian

item-thumbnail

Mimi Melkonian expects a bright future for the Arabic language in the USA

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll