
Hrach Kalsahakian reviews the phases through which the Armenian community in Aleppo went during the past 30 months. Currently Aleppo is almost surrounded by the opposition forces. The part of the city where the Armenians live is subject to heavy food shortage. There is no internet or any other telecommunication with the outside world. While USA prepares for hitting Syria, the Armenian “mother community” (a name earned for its role in the Diaspora Armenian life) looks these days more like an orphan.
Հրաչ Քալսահակեան
Հայութիւնը անձկութեամբ հետեւեցաւ Սուրիահայ գաղութի վերջին երեսուն ամիսներու վերիվայրումներուն: Հայկական գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցները պարտականութիւն մը կատարելու ճշդապահութեամբ, լուսարձակի տակ առին Սուրիան ու Սուրիահայը:
Սուրիական պետական լրատուամիջոցները, դէպքերու առաջին ժամանակահատուածէն սկսեալ, անվարան յայտարարեցին, թէ փողոց իջնողները օտարներու կողմէ դրդուած զինեալ խռովարարներ էին, որոնք նպատակ ունէին ապօրինի միջոցներով իշխանութիւնը խլել, երկիրը ապակայունացնել ու իսլամական կրօնական կարգավիճակ հաստատել:
Սուրիահայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը համաձայն էր, որ պետութիւնը ապահովական լուծումներու կիրառումով լրիւ արմատախիլ ընէր ընդիմադիրները: ?Կը մաքրեն կոր? կարգախօսը մասնաւոր համոզումով կը կրկնուէր հայկական (եւ այլ) շրջանակներու մէջ:
Հալէպէն հեռու՝ տասնեակ հազարաւոր սուրիացի արաբներ կը սպաննուէին ու ամբողջ գիւղեր ու քաղաքներ քարուքանդ կը դառնային:
Մարդիկ նոր սկսած էին վայելել Հալէպի ամառնային զբօսավայրերը, երբ յանկարծ ընդիմադիրները խուժեցին Հալէպ ու քանի մը օրէն տիրացան քաղաքի գրեթէ կէսին: Հալէպահայը զարմացած՝ նախ հաւատալ չուզեց, որ բուռ մը ահաբեկիչներ, կրնային այսքան տարածք գրաւել, ապա, երբ տեսաւ որ յառաջխաղացումը կրնար նաեւ հասնիլ մինչեւ իր ?թաղերը?, անմիջապէս ?չէզոքութեան? յայտարարութիւն մը հրապարակեց , մտաբերելով, որ Լիբանանի հայութիւնը նման կեցուածքով մը կարողացած էր երաշխաւորել իր գոյութիւնը այդ երկրի քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմի ընթացքին:
Բայց Հալէպահայը չուզեց ընդունիլ, որ տեղի ունեցածը քաղաքացիական պատերազմ մըն է, որովհետեւ հակուած էր ?միւս կողմը? ահաբեկիչներու ենթակայ մոլորեալ զանգուած համարելու: Ի՛նք որ Սուրիոյ մէջ պատմականօրէն եկուոր էր, տեղացիին վարքագիծը անթարթ դատող ու ձրի արժեւորումներ արձակող կողմի մը վերածուած էր՝ շարունակելով միեւնոյն ատեն ինքզինք գերազանցապէս չէզոք համարել:
Սուրիոյ դէպքերու սկիզբէն (2011 Մարտ) մինչեւ 2012ի ամառը, Հալէպահայերը անտարբերութեան ու անուշադրութեան անբացատրելի վիճակ մը ապրեցան, մինչեւ որ քաղաքի մեծագոյն մասը անցաւ ընդիմադիրներուն ձեռքը: Անոնք ոչ մէկ նախազգուշական միջոցի դիմած էին՝ հաւատալով թէ ամէն ինչ մէկ, երկու կամ առաւելագոյնը երեք ամիսէն պիտի կարգաւորուէր Սուրիոյ մէջ:
2012ի ամառուընէ մինչեւ այս ամառ (2013), Հալէպահայ գաղութը կորսնցուց իր բնակչութեան մէկ երրորդը (եթէ ոչ աւելին), որ (բարեբախտաբար) մեկնեցաւ Երեւան, Պէյրութ ու այլ տեղեր: Մնացեալ հայութիւնը նիւթապէս ու բարոյապէս ընկճուած հաւաքականութեան մը վերածուեցաւ, որ տակաւին կը սպասէ ազգային այս կամ այն կողմի փրկարար միջամտութեան:
Հիմա արդէն Հալէպ լրիւ պաշարուած է: Շաբաթէ մը ի վեր ոչ մէկ հաղորդակցական միջոց կը գործէ քաղաքին եւ դուրսի աշխարհին միջեւ: Սննդամթերքի մատակարարումը ահաւոր նուազած է կամ գրեթէ գոյութիւն չունի: Հայաստանի իշխանութիւնները, Վարչապետին բառերով, պատրաստ են օժանդակելու Հալէպի շրջափակումէն ?ինչ-որ կերպ դուրս եկողներուն?:
Մինչ ԱՄՆ կը պատրաստուի զինուորական հարուած հասցնել երկրին, երբեմնի մայր գաղութը, այսպէ՜ս, տակաւ առ տակաւ, խեղճացած ու ճակատագրի քմահաճոյքին ենթարկուած որբի մը կերպարանքը կը ստանայ:
Մի գուցէ այդ խեղճութիւնը դառնայ իր վերջին դրամագլուխը: