• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հալէպի հայ պատանիներուն մտածումները քառորդ դար առաջ

November 22, 2013
A+ A-
Email Print

 


Ուսումնասիրեց՝ Հրաչ Քալսահակեան


Hrach Kalsahakian provides the outcome of a questionnaire that he has conducted 26 years ago in the Armenian Karen Jeppe School in Aleppo, Syria. 109 students from the 7th grade (12-13 years old) were asked to write down one question that mostly interests them. The acquired questions are divided into several groups (national, psychological, scientific, literary, etc.). The answers reflect the mentality of the teenage Armenian pupils of that era and sheds light on the way of their thinking.


1986-87 տարեշրջանին առիթ ունեցայ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս որպէս հերթապահ պաշտօնավարելու: Ինծի յանձնուած էին 7րդ դասարանի 7  բաժանումներէն 6ը: Ընդհանուրը՝ մօտաւորապէս 250 աշակերտ, միջին հաշուով 40-45 հոգի իւրաքանչիւր դասարանի մէջ:


Որպէս հերթապահ որոշ պարտականութիւններ ունէի: Պէտք էր հսկէի ընդհանուր կարգ ու կանոնին վրայ, տնօրէնութեան հետ դասապահերը կանոնաւորէի ու հետեւէի անոնց գործադրութեան: Հարկ եղած ատեն պէտք էր կապուէի ծնողներուն հետ, իսկ տարեվերջին վիճակացոյցները պէտք էր պատրաստէի, եւայլն: Պաշտօնը երբեմն հսկիչ կամ դաստիարակ անունով ալ ճանչցուած է:


Ստորեւ նշուած 109 հարցումները ստացած եմ 7րդ կարգի աշակերտներէն (12-13 տարեկան), երբ առիթով մը խնդրած էի իրենցմէ, որ իւրաքանչիւրը մէկական հարց գրի առնէ: ?Գրեցէ՛ք ձեզի համար կարեւոր նկատուող մէկ հարց, որուն պատասխանը կ'ուզէք իմանալ?: Այս եղած էր հարցախոյզին խորագիրը:


Հարցախոյցը տեղի ունեցած է 1987ի Մարտին: Կը խորհիմ թէ որոշ պատկեր մը կը փոխանցէ այդ տարիներու պատանեկան հոգեբանութեան եւ ուսանողներուն մտահոգող հարցերուն մասին:


Արդիւնքը կը ներկայացնեմ ստորեւ՝ զանազան խմբաւորումներու բաժնուած (ազգային, հոգեբանական, գիտական, գրական, եւայլն): Կան որոշ իրարանման հարցումներ: Անշուշտ կարելի է այլ հետեւութիւններ կատարել մանրակրկիտ ուսումնասիրելէ ետք տրուած արդիւնքները:


Ազգային հարցեր (53 հարցեր, որոնք կը կազմեն հարցերուն 49% տոկոսը)՝


1. Ինչո՞ւ մեր հայրենիքը թուրքերուն ձեռքը ինկած է:
2. Արդեօք պէ՞տք է արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միացումով նոր լեզու մը ստեղծել:
3. Հայ Դատի պիտի շահինք թէ ոչ:
4. Ի՞նչ է նպատակը պատանեկան միութեան:
5. Ի՞նչ է տարբերութիւնը դաշնակցականներուն եւ հնչակեաններուն միջեւ:
6. Ի՞նչ են ներգաղթի առաւելութիւնները:
7. Ի՞նչ գոյն ունի հայոց դրօշը:
8. Ինչո՞ւ թուրքը միշտ կ'ուզէ հայը չարչարել ու ոչնչացնել:
9. Ի՞նչ կարելի է ընել որ Թուրքիան Եւրոպական Շուկայ չմտնէ:
10. Ինչո՞ւ Էրեբունին Երեւան կոչուած է:
11. Ինչո՞ւ հայ ազգը խաբուած ու ջարդուած է:
12. Ինչո՞ւ թուրքերը կ'ուզեն հայ ազգը ոչնչացնել:
13. Ինչո՞ւ միութիւններ կը կազմենք:
14. Ինչո՞ւ Գերմանիկ-Վասպուրական ակումբի անդամները հակառակ են դաշնակցականներուն:
15. Ինչո՞ւ մենք կանգ ու կ'ապրինք Հալէպի մէջ:
16. Ինչո՞ւ Հայաստան չի փափաքիր որ դաշնակցականները հոն մտնեն եւ ուսանին:
17. Ինչո՞ւ մեր իրաւունքը չեն տար մեծ ազգերը:
18. Ինչո՞ւ հեռու ենք մեր հայրենիքէն եւ չենք կրնար հոն վերադառնալ:
19. Ինչո՞ւ Թուրքիա մտնել արգիլուած չէ մեզի համար այս օրերուն:
20. Ինչո՞ւ մարդիկ կ'երթան կարգ մը ազգային տեղեր: Օրինակի համար Համազգայնական կամ սկաուտ կ'ըլլան:
21. Ինչո՞ւ Քարէն Եփփէն Հալէպ եկաւ եւ հայերով զբաղեցաւ հակառակ որ ինք Տանիմարքացի էր:
22. Ե՞րբ պիտի ազատագրենք մեր եօթ նահանգները, որ թուրքերը մեզմէ առին:
23. Ինչո՞ւ հայերը չեն սիրուած աշխարհի վրայ:
24. Ե՞րբ մեր հայրենիքը ռուսերուն կողմէ գրաւուեցաւ:
25. Ի՞նչ ձեւով պէտք է պատրաստել հայ ժողովուրդը ազատագրելու համար մեր հողերը:
26. Արդեօք հայ ժողովուրդը իրա՞ւ աշխարհի ամենէն խելացի ժողովուրդն է:
27. Ինչո՞ւ ուրիշ ազգեր իրենց հայրենիքին մէջ հանգիստ կ'ապրին, իսկ մենք օտարութեան մէջ կ'ապրինք:
28. Ինչո՞ւ աշխարհը Հայ Դատը չի ճանչնար:
29. Ինչո՞ւ հայրենիքէն հեռու կը բնակինք:
30. Ինչո՞ւ հայ ազգը երկու մասի բաժնուած է՝ Հնչակ ու Դաշնակ:
31. Ի՞նչ է տարբերութիւնը հայերուն եւ այլ ազգերուն միջեւ:
32. Հայերը բան մը ըրա՞ծ էին արդեօք, որ թուրքերը իրենց ջարդեցին:
33. Արդեօք պիտի կարենա՞նք վերադառնալ մեր հողերուն:
34. Ինչո՞ւ հայերը թափառական կ'ապրին եւ չեն հաւաքուիր Հայաստանի մէջ, այլ կ'երթան Ամերիկա:
35. Արդեօք օր պիտի գայ որ մեր հայրենիքը վերադառնամ եւ ես աչքերովս տեսնեմ ազատ անկախ Հայաստանը:
36. Ինչո՞ւ թուրքերը Հայաստան մտան եւ ջարդ կազմակերպեցին:
37. Ինչո՞ւ Եւրոպան չ'ընդունիր հայոց ջարդը:
38. Ճի՞շդ է որ Հայ Դատը ամերիկայի 50 նահանգներուն կողմէ ընդունուած է:
39. Մխիթար Սպարապետ ո՞ւր եւ ե՞րբ ծնած է:
40. Հայերը ինչպէ՞ս ծագում առին:
41. Խրիմեան Հայրիկ ե՞րբ եւ ո՞ւր ծնած է եւ ինչպիսի՞ մարդ եղած է:
42. Հայաստանի մէջ քանի՞ դպրոց կայ:
43. ՀՄԸՄը ե՞րբ եւ ո՞ւր հիմնուեցաւ:
44. Հայ բանաստեղծներէն որո՞նք նահատակուած են 1915ին:
45. Գրիգոր Զօհրապ ո՞ւր եւ ե՞րբ ծնած է եւ ո՞ր նախակրթարանը աւարտած է:
46. Ի՞նչ է Համբիկ Սասունեանին յանցանքը, որու պատճառով բանտարկուեցաւ:
47. Ինչո՞ւ հայ ազգը միւս ազգերէն աւելի բանաստեղծներ ունի:
48. Հայերը որո՞ւ հետ բարեկամացան երբ Գերմանիան իրենց դէմ պատերազմեցաւ:
49. Ճի՞շդ է որ սկաուտութիւնը պիտի վերցուի Սուրիոյ մէջ:
50. Հայաստանէն դուրս որքա՞ն հայ կայ:
51. Թուրքերը ինչո՞ւ մեզ ջարդեցին ու չարչարեցին:
52. Հայ Դատը կը շարունակուի՞ մինչեւ այսօր:
53. Ի՞նչ պատճառով կռիւ սկսաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ:


Գիտական հարցեր (13 հարցեր, որոնք կը կազմեն հարցերուն 12% տոկոսը)՝


54. Ինչո՞ւ երկինքը կարմիր գոյն կ'ունենայ մայրամուտին:
55. Ինչո՞ւ Առաջնորդարանը գիտական դասընթացքներ չի կազմակերպեր:
56. Ինչո՞ւ երկինքը կապոյտ է՝ այլ գոյն չէ:
57. Ինչո՞ւ աշխարհը կլոր է:
58. Ի՞նչ միջոցներով շինուած է օդանաւն ու հրթիռը եւ ո՞վ շինած է զանոնք:
59. Ինչո՞ւ աչքերուն ձեւերը կը տարբերին մարդոց միջեւ:
60. Ինչո՞ւ Արեւը կրակի նման է իսկ իրմէ զատուած գունդերը կրակ ըլլալէ դադրած են:
61. Արեւային դրութենէն անդին ի՞նչ կայ:
62. Ինչո՞ւ անցեալին կենդանիներ անհետացած են աշխարհի երեսէն:
63. Աշխարհը ինչպէ՞ս գոյացաւ՝ գիտական թէ կրօնական ձեւով:
64. Ամերիկայի բնակչութիւնը քանի՞ միլիոն է:
65. Ինչո՞ւ կրօնի ուսուցիչը կ'ըսէ որ Աստուած աշխարհը ստեղծեց, իսկ գիտութեան ուոուցիչը կ'ըսէ թէ աշխարհը ինքն իրմէ եկած է:
66. Ո՞վ առաջին անգամ լուսին ելլաւ եւ ինչո՞ւ:


Ընկերային հարցեր (10 հարցեր, որոնք կը կազմեն հարցերուն 9% տոկոսը)՝


67. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ընկերներուն սխալները ցոյց տալ անոնց եւ մտերիմ մնալ անոնց հետ:
68. Ինչո՞ւ ազատ չենք մեր ուզած հագուստը հագուելու դպրոցին մէջ:
69. Ինչո՞ւ մարդիկ առաջ զիրար կը սիրէին եւ ոչ հիմա:
70. Ինչո՞ւ մարդիկ կը կարծեն որ հարուստը ամէն ինչ ընելու իրաւունք ունի:
71. Ինչո՞ւ ժամանակին մարդիկ չէին մտածեր լաւ հագուիլ եւ դպրոց երթալ:
72. Ինչո՞ւ կարգ մը մարդոց խելքը միւսներէն պակաս կ'աշխատի:
73. Ինչո՞ւ կարգ մը մարդիկ գաղտնի կ'աշխատին եւ չեն յայտներ իրենց միտքերը:
74. Բարեկամութիւնը ապագային ի՞նչ օգուտ կրնայ բերել:
75. Ժողովուրդը կը խօսի իսլամ շէյխի մը մասին որ քրիստոնեայ դարձած է: Այս լուրը սո՞տ է թէ իրաւ:
76. Ինչո՞ւ երիտասարդներ կարեւորութիւն կու տան անհաճոյ երգիչներու:


Հոգեբանական եւ գոյութենական հարցեր (9 հարցեր, որոնք կը կազմեն հարցերուն 8% տոկոսը)՝


77. Ինչո՞ւ մարդիկ միշտ նկատի ունին արտագին գեղեցկութիւնը եւ ոչ հոգեկան գեղեցկութիւնը, որ աւելի կարեւոր է:
78. Ինչո՞ւ կ'ապրինք եւ ի՞նչ է սա մարդու ծնելու եւ մեռնելու վերջը:
79. Ո՞վ է մարդը:
80. Ի՞նչ է կեանքը:
81. Ի՞նչ է երջանկութիւնը:
82. Ինչո՞ւ մարդիկ չեն կրնար քաջագործութիւններ կատարել այնպէս ինչպէս կը տեսնենք ֆիլմերուն մէջ:
83. Իմ մտահոգութիւնս ոչ գրութեամբ եւ ոչ խօսքով կը յայտնուի:
84. Իմ մտահոգութիւնս ոչ մէկ ձեւով չեմ կրնար արտայայտել: Վստահ եմ որ մէկը պիտի չկարենայ զիս օգնել:
85. Գիտական ձեւով կ'ուզեմ հասկնալ աշխարհի վերջը կա՞յ թէ չկայ:


Աշխարհագրութիւն եւ համաշխարհային պատմութիւն (9 հարցեր, որոնք կը կազմեն հարցերուն 8% տոկոսը)՝


86. Ինչպէ՞ս Գոլոմպոս Ամերիկան գտաւ:
87. Ինչո՞ւ հին թագաւորութիւնները չմնացին մինչեւ օրս:
88. Աշխարհի եօթը հրաշալիքներուն մասին կ'ուզեմ իմանալ:
89. Ճաբոնի տարածութիւն որքա՞ն է:
90. Ե՞րբ շինուեցաւ Ամերիկայի Ազատութեան աշտարակը եւ ի՞նչ է անոր բարձրութիւնը:
91. Ինչո՞ւ արաբները ժամանակին Եւրոպային աւելի զարգացած էին, իսկ հիմա հակառակն են:
92. Ե՞րբ Գոլումպոս Ամերիկան գտաւ եւ ո՞վ Ամերիկան իշխեց այդ ժամանակ:
93. Ասկէ հազար տարի առաջ որո՞նք կ'ապրէին Ամերիկայի մէջ:
94. Որքա՞ն է Փարիզի աշտարակին բարձրութիւնը եւ քանի տարի տեւեց կառուցելը:


Կրթական հարցեր (5 հարցեր, որոնք կը կազմեն հարցերուն 4.5% տոկոսը)՝


95. Ինչո՞ւ կը մտահոգուինք մեր դասերով:
96. Ինչո՞ւ դպրոցական պարտականութիւնները անպայման նիշերով կ'ըլլան:
97. Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այն տղուն մասին որ կ'ուզէ արհեստաւոր դառնալ բայց իր ծնողքը չեն ուզեր այդ բանը:
98. Կը փափաքիմ ապագային ուսուցիչ ըլլալ: Ի՞նչ ձեւով պէտք է վարուիմ աշակերտներուն հետ:
99. Ուսումը ապագային ո՞ւր կրնայ առաջնորդել մարդուն:


Բժշկական հարցեր (4 հարցեր, որոնք կը կազմեն հարցերուն 3.5% տոկոսը)՝


100. Ինչո՞ւ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին անբուժելի հիւանդութիւններ:
101. Ինչո՞ւ աշխարհի վրայ կը տարածուին նորանոր հիւանդութիւններ:
102. Բժիշկ դառնալու համար անձ մը ի՞նչ պէտք է ընէ:
103. Մարդուս մարմնին մէջ արիւնը ուրկէ՞ ճամբայ կ'ելլէ եւ մարմնին ո՞ր մասները արիւն կը հասնի:


Գրական հարցեր (3 հարցեր, որոնք կը կազմեն հարցերուն 3% տոկոսը)՝


104. Կը ցանկամ գրող կամ բանաստեղծ ըլլալ: Ի՞նչ է միջոցը եւ ինչպէ՞ս կրնամ այդ նպատակին հասնիլ:
105. Արդեօք կրնա՞մ ապագային բանաստեղծ մը ըլլալ: Եթէ այո, արդեօք յարմա՞ր գործ է:
106. Ինչո՞ւ լրագրողներ մէկէ աւելի լեզու գիտեն:


Միջազգային քաղաքական հարցեր (2 հարցեր, որոնք կը կազմեն հարցերուն 2% տոկոսը)՝


107. Ի՞նչ է պաղեստինեան խաղաղութեան ծրագիրը:
108. Աշխարհի խաղաղութեան համար կը գումարուին բազմաթիւ ժողովներ: Կը փափաքիմ տեղեկութիւններ ունենալ ասոր մասին:


Զանազան այլ հարցեր (1 հարց, որ կը կազմէ հարցերուն 1% տոկոսը)՝


109. Ո՞ր ազգը աշխարհի ամենէն շատ զարգացած ազգն է:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՀալէպէն արժէքներ. «Յովսէփին Երազը…»
Older PostSyria and the prospects of a peaceful change in the Middle East

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020
item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

January 21, 2020
item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

January 15, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

UAE Armenians and other Diaspora topics

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

item-thumbnail

Kevork Mourad’s work exhibited in Dubai

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll