Երիտասարդութիւնը եւ ընթերցանութիւնը՝ հարց եւ լուծում

 


Ալիք Շաննաքեան


?Երիտասարդութիւնը ընթերցասէր չէ?: Նախադասութիւն մը, որ շատ յաճախ կը լսենք հին սերունդի բերնէն: Այս հաստատումին կը միանայ անխուսափելի համեմատութիւն մը: ?Մենք կը կարդայինք, գործէն վերադարձին ակումբ կը հանդիպէինք գիրք ու թերթ կարդալու, գիրքը դարձած էր մեր անբաժան ընկերը, մենք մեր ինքնազարգացումը կ'ամբողջացնէինք ընթերցանութեամբ?,-կ'ըսեն երէցները:


Հաստատումը ճիշդ է, ինչպէս նաեւ կատարուած համեմատութիւնը, բայց որքանո՞վ արդար է մեղադրումը:


Տրամաբանական պատասխան մը տալու համար, հարկ է քննենք ներկայ իրավիճակը եւ բաղտատենք զայն անցեալի կացութեան հետ:  Սերունդը չէ փոխուած միայն, այլ նաեւ փոխուած է անոր
հոգեբանութիւնը, ինչպէս նաեւ կեանքը:


Հին սերունդը ապրած, սնած է ազգային մտահոգութիւններով, նոյն չափով չէր բացուած աշխարհին եւ անոնց հետաքրքրութիւնները սահմանափակ էին: ?Խենթը? եւ ?Ազատութեան Ճանապարհին? գոհացուցած էին իր գրական ճաշակը: Հեռատեսիլը կամ օտար լեզուով գիրքերը չէին հետաքրքրեր զինք:


Նոր սերունդը ունի նաեւ իր մտահոգութիւններն ու նախասիրութիւնները ինչպէս՝ հեռատեսիլի եւ համացանցի ծրագիրները: Ազգայնաշունչ գիրքերուն մէջ չի գտներ իր որոնածը, Հայերէն գիրք կարդալը իրեն համար կը նշանակէ ժամանակակից կեանքէն կտրուիլ:  Ճիշդ է, որ մեծ չափով, արժեքաւոր հայերէն գիրքեր ունինք ըլլայ Արեւելահայերէն կամ Արեւմտահայերէն, սակայն անոնք ունին իրենց թերութիւնները:


ի՞նչ կրնայ ըլլալ լուծումը այս հարցին:


Նախ պէտք է հասկնանք նոր սերունդին եւ որոշ կեցուածք չ'որդեգրենք անոնց նկատմամբ, ետքը պէտք եղած մթնոլորտը ստեղծենք, գիրքի եւ ընթերցանութեան սէրն ու հաճոյքը վերաթարմացնելու եւ ասիկա կրնանք իրագործել երկու ձեւով. յարմար միջավայր առաջացնելով եւ հրապուրիչ գիրքեր հրատարակելով:


Ճիշդ է որ ընթերցասէր չենք, բայց անպայման կրնանք դառնալ …






Title: Youth and reading. A quesiton and its solution
Author: Alik Shanakian
Source: Armenian Prelacy publication in Kuwait, 30 April 2010
Summary: Alik Shanakian is a member of AYF – Kuwait. She compares the reading habits of the past and present and describes the obstacles in front of present day youth in their reading quest. She refers to the new technologies that have made reading a difficult habit to preserve, although there are a lot of valuable Armenian books. According to her, the solution is in printing attractive books with new content and perspective.