
Missak Baghboudarian, the maestro of the Syrian National Symphony Orchestra receives a medal of honor from the Italian Ambassador in Damascus. Report by Zarmig Boghigian.
Զարմիկ Պօղիկեան
Սուրիոյ մէջ Իտալիոյ դեսպանը Կը պարգեւատրէ Սուրիոյ Ազգային ՍիմՖոնիք Նուագախումբի ղեկավար Մայսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանը
Մշակոյթն ու արուեստը հայ ազգի ստեղծագործական աշխարհին հիմնական առանցքը կազմած են հին ժամանակներէն իվեր։
Յատկապէս համամարդկային լեզուին՝ երաժշտութեան մարզին մէջ, մեր ազգի տաղանդաւոր զաւակները մեծ համբաւ ձեռք ձգած են, նուաճելով համաշխարհային բեմեր։
Այսպիսի տաղանդ մըն է Սուրիոյ Ազգային ՍիմՖոնիք Նուագախումբի Ղեկավար սուրիահայ Մայսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանը։
Մայսթօ Միսաք Պաղպուտարեան ծնած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս։ Աւարտած է Դամասկոսի բարձրագոյն երաժշտանոցը, մասնագիտանալով դաշնակահարութեան, նուագախումբի խմբավարութեան մէջ, հետագային դասաւանդած է նուագախումբի համար երաժշտական մշակման բաժնին մէջ, միաժամանակ վարելով ՍիմՖոնիք նուագախումբի օգնական խմբավարի պաշտօնը։
1997-ին գործուղղուած է Իտալիա կատարելագործելու իր երաժշտական կրթութիւնը։
2001-ին կը նշանակուի հիմնական խմբավար Ֆլորանսի Ամատէոս ՍիմՖոնիք նուագախումբին, եւ զանազան ելոյթներ կ՛ունենայ Դոսքանայի մէջ։ Կ՛աշխատի համաշխարհային վարկ վայելող տարբեր նուագախումբերու հետ։
2003 թ.էն սկսեալ ան կը ղեկավարէ Սուրիոյ Ազգային ՍիմՖոնիք նուագախումբը, ելոյթներ ունենալով տարբեր երկիրներու մէջ։
ՍիմՖոնիք նուագախումբին հետ 2006-ին Պերլինի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի Երիտասարդական Նուագախումբերու փառատօնին։
Ան հիմնադիր անդամ է 1998-ին հիմնուած ?Քանդիրի Միւզիքալէ Տի Թոսքանա?ի, ինչպէս նաեւ արուեստի կարգաւորող է Իտալիոյ Մոնդէքադինի Դերմէ քաղաքի ?Իսդադէ Րիժինա? փառատօնին։
Մայսթրօ Մ.Պաղպուտարեան կ՛աշխատի տարածել օբերային երգեցողութիւնն ու իտալական դասական երաժշտութիւնը Սուրիոյ մէջ, միաժամանակ նախաձեռնելով Իտալիոյ մէջ Սուրիոյ մշակութային պատկերը լաւագոյնս ներկայացնող միջոցառումներու կազմակերպումին։
Մայսթրոն կը պատրաստէ նաեւ սուրիացի երիտասարդ երաժիշտներ, ուսուցանելով դասական երաշտութեան սկզբունքներն ու տարբեր ուղղութիւնները, միաժամանակ քաջալերելով իտալական եւ սուրիական երաժշտական միջավայրերու սերտ համագործակցութիւնը։
Պաղպուտարեանի այս ճիգերը ըստ արժանւոյն գնահատուեցան Իտալիոյ նախագահին կողմէ։
Արդ, Հինգշաբթի 3 Յունիս 2010-ին Սուրիոյ մէջ իտալիոյ դեսպան Ակիլէ Ամիրիոն ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Իտալիոյ Ազգ. Տօնին առիթով, Դամասկոսի մէջ Իտալիոյ դեսպանատունէն ներս։
Միջոցառումին պետական պատուոյ հիւրերուն կողքին ներկայ էին նախարարներ, Դամասկոսի մէջ օտարազգի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, մշակութային, կրթական, տնտեսական հաստատութիւններու ղեկավարներ։
Այս առիթով, Իտալիոյ դեսպանը իր երկրի նախագահին կողմէ ?Քոմանտոր? աստիճանի համագործակցութեան պատուոյ շքանշանով պարգեւատրեց Սուրիոյ Ազգային ՍիմՖոնիք Նուագախումբի ղեկավար սուրիահայ Մայսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանը, առ ի գնահատանք Սուրիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ մշակութային եւ երաժշտական գործակցութեան զարգացման սատարող իր ճիգերուն եւ այս մարզին մէջ իրագործած իր երաժշտական տարբեր աշխատանքներուն։
Ջերմապէս կը շնորհաւորենք Մայսթրօ Մ.Պաղպուտարեանը, մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
Zarmig Boghigian's email: [email protected]