• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Վարժարանի Աջակցութեան Միաւոր ԱՄԷ-ի մէջ

March 4, 2009
A+ A-
Email Print

(անգլերէն բնօրինակը?կաելի է գտնել այստեղ)?


Շարժայի և Ապու Տապիի Հայ համայնքի միօրեայ դպրոցները? բոլորած են իրենց աւելի քան 25 ամեայ գործունէութիւնը:


Այս դպրոցները հիմնելու նախադրեալներն ու նպատակը նոյնը մնացած են,? բայց միջոցները, դժուարութիւններն ու հեռանկարները շատ մը փոփոխութիւններ կրած? են:


Հայկական դպրոցը աշակերտութեան եւ անձնակազմին միջև այնպիսի մտերմիկ կապեր? կը ստեղծէ, որ իւրաքանչիւր անհատ բոլորին ուշադրութեան առարկան կը դառնայ՝ երեւոյթ մը, որ ազգային պատկանելիութեան զգացումը կը շեշտէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մօտ:


Ազատ-Հայ Կայքը որոշեց? յատուկ ուշադրութեան արժանացնել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ գործող հայկական? երկու միօրեայ դպրոցները (Շարժայի եւ Ապու Տապիի մէջ), այդ իսկ պատճառով գոյացուց Վարժարանի Աջակցութեան Միաւոր մը՝ կազմուած կայքին անդամներէն և?համակիրներէն:


Սոյն միաւորը աշխոյժ խմբակ մըն է, որ միշտ նոր? գաղափարներ կը ծնի եւ իսկ անոր անընդմէջ աջակցութիւնը վարժարաններուն նկատմամբ շարունակական բնոյթ կը կրէ, որ գումարուելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ճիգերուն վրայ,?պիտի կարեւոր ներդրում ունենայ՝ դպրոցին դաստիարակչական մակարդակը? աստիճանաբար բարելաւելու դիտաւորութեամբ:


Բոլորս ալ քաջ գիտենք, որ միշտ ալ առաւել յառաջանալու տեղ կայ, ուրեմն ձեռք- ձեռքի տալով ու մեր ուժերը միացնելով պէտք է չխնայենք մեր ներդրումը կատարել այս ուղղութեամբ:


Ստեղծուած Միաւորին առաջին քայլը պիտի ըլլայ դպրոցին մտահոգութիւնները ընդգծել ու համագործակցիլ Վարժարանի Խնամակալութեան հետ:? Մարտահրաւէրները? շատ աւելի մեծ են, քան կարելի է ենթադրել: Մենք կը հաւատանք որ այս միաւորը իր գործունէութեամբ? շատ բան կրնայ աւելցնել եղածին վրայ:


Ահաւասիկ? գաղափարներէն մի քանին, որոնք մղեցին այս? միաւորին կազմութեան:


– Ստեղծել անհրաժեշտ գիտակցութիւնը? Շարժայի եւ Ապու Տապիի Հայկական դպրոցներուն?խաղցած կարեւոր դերերուն կապակցութեամբ, ու քաջալերել բոլոր ծնողները, որ իրենց զաւակները հայկական դպրոց ուղարկեն:


– Մասնակից դառնալ դպրոցի մակարդակի բարձրացման, առաջարկելով դաստիարակչական արդի միջոցներ եւ ինչու չէ, դիմել նաեւ դուրս ապրող ուսուցիչներու կամ կրթական մշակներուն օգնութեան:


– Առաջարկել նոր ու գրաւիչ ձեւեր, աշակերտները աւելի աշխուժօրէն մասնակից դարձնելու դպրոցին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւններուն:


– Քաջալերել աշակերտները որ հայերէն խօսին թէ՛ դպրոցին մէջ եւ թէ՛ անկէ դուրս:


– Հայ գաղութին պատկանող այնպիսի մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել, որոնք կրնան ինչ որ ձեւով օգտակար դառնալ դպրոցին:


– Պահպանել նորաւարտներուն կապը դպրոցին հետ, որպէսզի անոնք կարենան զարգացնել իրենց հաւաքած գիտելիքները? ու նաեւ նպաստել, որ անոնց հայերէն լեզուի իմացութիւնը ոչ միայն պահպանուի, այլեւ?զարգանայ կեանքի այլ հանգրուաններուն մէջ:


– Միշտ պատրաստ ըլլալ նոր գաղափարներ ընդունելու, որպէսզի դպրոցը մեր երեխաներուն համար ըլլայ կենսունակ ու ցանկալի վայր մը: Թող ուսուցիչներն ու ծնողները իրենց առաջարկները յայտնելու չտատամսին:


– Ծնողները տեղեակ պահել դպրոցի դասագիրքերուն եւ ծրագիրներուն մասին:


– Մտերմիկ կապ ստեղծել դպրոցի ղեկավարութեան?և ծնողներուն միջև :


– Հարկ է գիտակցիլ, որ մեր դպրոցը միատեսակ չէ եւ ունի իրեն յատուկ կարիքները, որոնք իւրայատուկ մօտեցում կը պահանջեն:


– Հարկ է ճշգրտօրէն բացատրել?հայկական ամէնօրեայ դպրոց ստեղծելու հնարաւորութիւններուն եւ կարելիութիւններուն մասին, պարզելով?ծրագրին հետ առընչուած մարտահրաւէրները:


– Բացատրել թէ նոյնիսկ միօրեայ դպրոցի մը համար, լաւ սերտուած դաստիարակչական կառոյց մը ունենալը անհրաժեշտութիւն է:


– Հասկնալի է, որ Էմիրութիւններուն մէջ բնակող հայ աշակերտներուն առջեւ զանազան արտադպրոցական գործունէութեան եւ զուարճանքի հնարաւորութիւններ կան: Հարցը ուրեմն նոյն տեսակի մթնոլորտ կարենալ ստեղծելն է` մեր դպրոցներէն ներս:


– Քաջալերել? այն տեսակի ուսուցումները, որոնք աշակերտին մէջ ի յայտ կը բերեն ու կը զարգացնեն ստեղծագործական ընդունակութիւնները, անկախ ու քննադատական մտածելակերպը եւ ոչ թէ սորվիլ, հենելով միայն յիշողութեան վրայ:


– Ստեղծել առիթներ, որ կարենանք պարբերաբար հաւաքուիլ ու հարցեր քննարկել, մտածենք յստակ լուծումներու մասին, նաև ուրախանանք աշակերտներուն և ուսուցիչներուն ձեռք բերած յաջողութիւններով:


– Հասկնալ, որ դպրոցին կրթական մակարդակը նախ և առաջ կախուած է օգտագործուած աղբիւրներէն ու անոնց օգտագործման կերպէն:


– Վարժարանի Խնամակալութենէն հաշուէտուութիւն պահանջել, խօսելով? ծրագիրներուն մասին, հետաքրքրուելով գոյացած խնդիրներով ու Խնամակալութեան անդամներուն ցոյց տալ, թէ իրենց ունեցած խնդիրները նաև մե՛ր խնդիրներն են:


– Փորձել գոհացնել մեր ընդհանուր?միջավայրին այսինքն Էմիրութիւններուն պահանջները:


– Տարածել այն միտքը, թէ?դպրոցը մեր բոլորին հաւաքական սեփականութիւնն է:


– Յայտարարել, թէ դպրոցները մեր կարեւորագոյն հարստութիւններն են, հետեւաբար քաջալերել մեր հայրենակիցները, որ դպրոցը համարեն որպէս առաջնահերթութիւն:


– Առիթներ ստեղծել դպրոցի ժամերուն ընթացքին ծնողները? զարգացնելու, նամանաւանդ, որ անոնց մեծ մասը միօրեայ դպրոցի այդ քանի մը ժամերուն ընթացքին, տուն չ՛երթար ու կը մնայ դպրոցին շրջակայքը:


Եւ այսպէս , վերը նշուածները? կ'արտայայտեն? մեր միտքերէն մաս մը միայն :


Հայկական զոյգ դպրոցներուն Խնամակալութիւնները տեղեակ են Վարժարանին Աջակցութեան Միաւորը կազմելու մեր այս քայլին: Մենք կը հաւատանք, որ? դաստիարակչական մտահոգութիւնը բոլորիս կը պատկանի, ու մեր մաղթանքն է, որ դուք բոլորդ ձեր մասնակցութիւնը բերէք ըստ այնմ:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostThe new 'Game of Nations' and the Karabakh problem
Older PostԵրեխայի բարձրարժեքության գիտակցումը

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020
item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

January 21, 2020
item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

January 15, 2020
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

ԱՆԿՈՒՇՏ «ՀԵՐՈՍԸ». ՄԱՆՎԵԼ ԳՐԻԳՈՐՅԱՆԻ ՀԱՅՏԱՐԱՐԱԳՐՎԱԾ ՈՒՆԵՑՎԱԾՔԸ

item-thumbnail

Սփյուռքի նախարարությունում տեղի ունեցավ հանդիպում Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովի մասնակիցների հետ

item-thumbnail

Istanbul multicultural locations highlighted

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll