?Ազդարար?ին կ՛ըսէ բժշկ. Մանուկ Մանուկեան
Բժշկ. Մանուկ Մանուկեան այժմ կը վարէ Քուէյթի Ազգային Վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը։ Աւարտած է Երեւանի բժշկական համալսարանի ատամնաբուժական բաժինը։
Վարած է միութենական զանազան պաշտօններ։ 1989- 1990-ական թուականներուն եղած է Հայաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրներէն։ 1991-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպման ընթացքին՝ Հայաստանի ?Նիկոլ Աղբալեան? ուսանողական միութեան հիմնադիր անդամներէն։ Հալէպի մէջ՝ ուսումնական խորհուրդի անդամ։ 1994- 1996 -ին ?Դրօշակ? թերթի թրքական բաժնի յօդուածագիր, իսկ 2007-ին՝ Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ։
27 Մարտ, 2009-ին Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ ?Կլոր սեղան? զրոյցի երեկոյ, որուն զեկուցաբերն է՝ բժշկ. Մանուկ Մանուկեան, զեկոյցի նիւթ ունենալով ?Հայ- թրքական յարաբերութիւնները վերջին 20 տարիներու ընթացքին?։
Այս առիթով ?Ազդարար?ը հարցազրոյց մը վարած է Բժշկ. Մանուկ Մանուկեանին հետ վերոյիշեալ թեմայով, որ ստորեւ կը ներկայացնենք։
Կը խնդրենք հակիրճ կերպով ներկայացնէք օրուան զրոյցի թեման՝ ?Հայ- թրքական յարաբերութիւնները վերջին 20 տարիներու ընթացքին?։
Զեկոյցի ընթացքին պիտի ներկայացուի Հայաստանի վերանկախացում՝ 1991-էն մինչև օրս հայ-թրքական յարաբերութեան ժամանակագրական տուեալները ու շրջանային քաղաքականութեան մեծ ազդեցութիւնը յարաբերութեան էութեան զարգացման վրայ։
Հայ-թուրք յարաբերութեան մէջ ?հաշտութիւն? եզրը կարելի՞ է օգտագործել։
Այս յարաբերութեան մէջ հաշտութիւն հասկացողութիւնը չկայ։ Եթէ երկու կողմերու միջև երկխօսութիւն պիտի ստեղծուի, ապա՝ հայկական կողմի կեցուածքը յստակ ու սկզբունքային պէտք է ըլլայ։ Որևէ յարաբերութիւն պէտք է արտայայտէ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերը, իսկ թրքական կողմը իր նպատակները պիտի հետապնդէ՝ ուրացում ցեղասպանութիւն հասկացողութեան, հայկական պահանջատիրութենէ հրաժարում, Արցախի յանձնումը Ատրպէյճան։ Հայկական կողմը պէտք է մնայ անխախտ իր կեցուածքին մէջ, մնալով պահանջատէր իր դատին, որուն սահմանումը յստակ է՝ հայահաւաք, հողահաւաք ու ոչ մէկ զիջում։
Որպէս նախորդ շրջանի հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ ինչպէ՞ս կը գնահատէք յանձնախումբի աշխատանքը։
Հայ դատի աշխատանքները զերծ չեն դժուարութիւններէ, սակայն յաջողութիւններու արդիւնքը դրական աճ արձանագրած է։ Հայ դատի աշխատանքները կ՛ընթանան ներքին և արտաքին ճակատի վրայ։ Ներքին ճակատի վրայ՝ յանձնախումբի նպատակն է ժողովուրդին ներկայացնել հայ դատը ու տեղի ունեցող վերջին զարգացումները։ Արդէն 2007-ին մասնակցած ենք Երեւանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին, որուն արդիւնքը նաեւ դրական է։ Քուէյթահայութեան ներկայացուցած ենք զեկոյց մը ծանօթացնելով հայ դատի գրասենեակներն ու անոնց կատարած աշխատանքները։ Հրատարակած ենք մէկ գիրք ?Յաւերժական Պայքար? խորագիրով։ Հրաւիրած ենք՝ հայ դատի Երեւանի գրասենեակի պատասխանատու՝ Կիրօ Մանոյեանը ու կազմակերպած ենք կլոր սեղան։
Իսկ արտաքին ճակատի վրայ, հայ դատի յանձնախումբը կը ձգտի արաբական և իսլամական երկիրներու մօտ դրական կարծիք ստեղծել Հայաստանի նկատմամբ ու ծանօթացնել հայ դատը։ Այս ուղղութեամբ Ապրիլ 24-ին արդէն արաբական օրաթերթերու մէջ աւելի քան 7-8 յօդուածներ լոյս տեսած են, մանաւանդ ?Ալ Քապէս? թերթին մէջ ու յանձնախումբը լաւ ու դրական յարաբերութեան մէջ է թղթակիցներու հետ, արդէն մէկն ուղարկուեցաւ Երեւան, որ անձամբ ներկայ գտնուի ժողովրդական ուխտագնացութեան և հարցազրոյց ունենայ հասարակ ժողովուրդէն մինչեւ պաշտօնական դէմքերու հետ։ Այս առիթով թղթակիցի գրած համապատասխան յօդուածը նոյնպէս եղած է դրական։
Դուք որ այժմ անմիջական կապի մէջ էք նորահաս սերունդին հետ, հետեւաμար ի՞նչ է ձեր կարծիքը, անոնք ինչպէ՞ս կ՛արձագանգեն հայ դատ հասկացողութեան։
Քուէյթի Ազգային վարժարանի գոյութիւնն իսկ հայ դատի աշխատանք է։ Սփիւռքի մէջ նախ խնդիր կայ պահանջատիրոջ գոյութիւնը պահպանելու, այսինքն՝ հայապահպանման աշխատանք տանիլ։ Ի պատիւ վարժարանին Քուէյթահայութիւնը հարիւր տոկոս հայախօս գաղութ է։ Այո, չորրորդ սերունդը նման չէ մեծ եղեռնէն վերապրողներուն կամ երկրորդ և չորրորդ սերունդին, սակայն այս սերունդն ալ բախտաւոր է անկախ Հայաստանի իրավիճակով։
Եթէ կարենանք այս սերունդի դաստիրարակութիւնը ճիշդ հունի մէջ դնել, ապա այս սերունդը նոր մտածողութեամբ, իրեն ընձեռուած աւելի մեծ հնարաւորութիւններով նոր լիցք և նոր թափ կրնայ հաղորդել հայ դատի աշխատանքներուն։
Նորահաս սերունդին մէջ ես այս կայծը կը տեսնեմ։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Դալար Գալէմքեարեան
ԱԶԴԱՐԱՐ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԹԵՄԻՆ
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 12, Ուրբաթ, 27 Մարտ, 2009