
Գրեց՝ Ալիք Շաննաքեան
Քուէյթի Ազգային Վարժարանի աշակերտութիւնը Կիրակի, 22 Մարտ, 2009-ին, առաւօտեան ժամը 7։30-ին, ուրախութեամբ նշեց Մայրերու Օրը, ուր ներկայացուց ճոխ յայտագիր մը։
Ձեռնարկի բացման խօսքը ներկայացուց Ալիք Շաննաքեան։ Ան իր խօսքին ընդմէջէն անդրադարձաւ հայ կնոջ՝ յատկապէս հայ մօր նուիրուածութեան, անվերջ սիրոյ և անոր վստահուած սերունդներ կերտելու աշխատանքին մասին։
Ետքը բեմ բարձրացաւ 6-րդ կարգէն Յարութ Նալճեան և ասմունքեց ականաւոր բանաստեղծ՝ Յ. Շիրազի գործերէն՝ ?Մօրս Նման Աշխատասէր? ոտանաւորը։
Շատ գեղեցիկ, միաձայն և սիրով լեցուն 5-րդ կարգի աշակերտերուն ձայնը լեցուց բակը, երբ ասմունքեցին Պ. Սեւակի ?Մօր Ձեռքերը?։
9-րդ կարգի աշակերտուհի՝ Մարիա Քէօշկէրեան մեներգեց ?Իմ Անուշ Մայրիկս? երգը իր մեղմ և քաղցր ձայնով։
Մանկական գեղեցիկ ժպիտներով և փայլուն ու անմեղ աչքերով յաջորդաբար բեմ բարձրացան՝ Սարգիս Իյճեան, որն ասմունքեց ?Մայրիկիս? ոտանաւորը, իսկ Յակոբ Սամուէլեան՝ ?Ուսուցիչս?։
Ի վերջոյ Յ. Շիրազի ?Կշեռք? բանաստեղծութիւնը մեզի հրամցուցին 3-րդ դասարանի աշակերտները։
Մթնոլորտը ջերմ էր, տրամադրութիւնները բարձր ու աշխոյժ։
Այսպիսով, ամէն մէկ աշակերտ իր մասնակցութիւնը բերաւ այս կարեւոր օրուան կապակցաբար, շնորհաւորեց իր մօրն ու բոլոր մայրերուն։
Հուսկ կը մնայ ըսենք՝
Շնորհակալ ենք Մայրի՛կ?
ԱԶԴԱՐԱՐ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԹԵՄԻՆ
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 12, Ուրբաթ, 27 Մարտ, 2009