Nishan Basmajian (Editor of Nshanag website) warns the readers to be attentive regarding conspiracies plotted by foreign powres against Syria and the current leadership of Syria. He asks the readers to be alert and not to believe foreign propaganda. He explains that by hurting the current Al-Assad regime in Syria the Armenian Cause will be affected. He argues that if current situation leads to the disperse of the Syrian Armenians then Turkey will achieve a big victory. The average Armenian should not depend on Western deceitful information sources, he says, warning the readers not to be swayed away by CNN, BBC, Al Jazeera and other channels “which are in the mission of destroying nations”.
Նշան Պասմաճեան
Ցարդ ?Նշանակ? քաղաքական հարցեր չէ քննարկած , սակայն արդարութեան սիրոյն աններելի կը սեպէ իր կարծիքը չյայտնել Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող անարդարութեանց, սպաննութիւններուն, այս ասպնջական ու սիրելի երկրին գոյութեան արմատներուն կացինահարման սպառնալիքի տակ գտնուելուն առիթով: Կայքէջի ընթերցողները՝ Սուրիայէն Էմիրութիւններ, Թուրքիայէն Ուրուկուէյ, Գերմանիայէն Հայաստան, ԱՄՆ, Աւստրալիա կամ Ռուսաստան ՝ թող իմանան որ Սուրիան քարուքանդ ընելու Ամերիկեան-Իսրայէլեան-սնանկ Եւրոպա եւ դաւաճան Արաբական Լիկա քառեակին հրէշային ծրագիրները ձախողած են շնորհիւ Սուրիոյ ժողովուրդին ազգային միասնականութեան : Ուզեցին այս երկիրը տանիլ դէպի քաղաքացիական պատերազմ՝ ձախողեցան: Ուզեցին զայն բաժնել մի քանի պետութեանց՝ ձախողեցան: Այսօր Արաբական Լիկան ուզեց երկիրը քանդել անոր վրայ դնելով տնտեսական պատիժներ: Խեղճ , չըսելու համար քաղաքականօրէն տհաս կամ անհեռատես որոշում: Չե՞ն գիտեր թէ այդպիսի որոշում երկսայրի սուր է , շեղբին մին ուղղուած Սուրիոյ իսկ միւսը ՝ իրեն… Շնորհիւ իր ժողովուրդի ազգային բարձր գիտակցութեան, փորձառու իշխանութեան , երկրի տնտեսական հարստութեան , շրջանի երկիրներու , յատկապէս Լիբանանի եւ Իրաքի Լիկայի որոշման դէմ արտայայտութեան, Իրանի, Ռուսաստանի, Չինաստանի զօրակցութեան՝ Սուրիան պիտի մնայ կանգուն , միակամ , հետեւաբար յաղթական:
Այսօր Սուրիոյ մէջ կ'ապրին աւելի քան 60000հայեր իրենց կրօնական թէ ազգային ազատութիւններով . համայնքներ, բարեսիրական ու մարզական միութիւններ, դպրոցներ իրենց ուսումնական ծրագիրներով ու խորհուրդներով ազատօրէն կը գործեն այս հոյակապ երկրին մէջ: Քառեակը կ'ուզէ զայն աւերել: Ի՞նչ կը պատահի մեր ազգին, եթէ ճիւաղային այս ծրագիրները յաջողին: Կը սկսի արտագաղթ , այս անգամ չենք գիտեր դէպի ուր : Արդեօ՞ք դէպի սնանկ Եւրոպա: Դէպի աննկարագիր ու մարդասպանութեան արհեստավարժ ղեկավարութեամբ առաջնորդուած Միացեալ Նահանգնե՞ր: Դէպի Հայաստա՞ն: Դէպի Ծոցի դաւաճան պետութիւննե՞ր: Դէպի ո՞ւր… Դէպի անորոշութիւն ու դժբաղդութիւն …
Հայութիւնը մէկ մարդու նման պէտք է զօրաւիգ կանգնի Սուրիոյ : Հերիւրածոյ , ստապատիր հեռուստասփռումներուն չէ որ պէտք է հաւատայ : Համայնքային լրատուական կեդրոնները եւ հայկական թերթերը պէտք է իրենց համադրուած հաղորդակցութիւնները ամէնօրեայ դրութեամբ ուղարկեն գաղութները ,երկրին ու հայութեան վիճակին մասին ճիշտ տեղեկութիւն տան , այդպիսով հայութեան վերածնունդի օրրան նկատուող այս երկրին ու այնտեղ ապրող հայութեան նկատմամբ թիւր կարծիքներ ու նոյն այդ հայութեան դէմ դաւող յետին ծրագիրներուն դէմ համազգային կեցուածք ապահովելու համար: Արդեօ՞ք հեռաւոր Աւստրալիոյ, Արժանթինի, ԱՄՆի կամ Գանատայի մէջ ապրող հայը տեղեա՞կ է որ Թուրքը իր երկդիմի քաղաքականութեամբ ու իր տարածած սուտերով ,Սուրիոյ արմատները կացինահարելով , մեծ ապտակ հասցուցած կ'ըլլայ Հայ Դատին: Հայութիւնը Սուրիայէն տեղահան ընելով իր սահմանին վրայ զօրաւոր թշնամի մը պարտութեան մատնած չըլլա՞ր: քաղաքական մեծ յաղթանակ մը ապահոված չըլլա՞ր մեր ցիր ու ցան ըլլալով: Այս բոլորին մասին ինչպէ՞ս պիտի մտածէ միջին հայը եթէ իրականութեան անտեղեակ է ան , եթէ արեւմտեան նպատակաուղղուած ,սուտերով զարդարուն աղբիւրներն են իր լրատուական միակ աղբիւրները …
Աչքերնիս բաց թող ըլլայ սիրելի ընթերցող: Չտարուինք CNN , BBC , Jazeera եւ այդպիսի ազգեր կործանելու առաքելութեան մէջ գտնուող կայաններու ուղեղ լուացող սուտ լուրերէն : ԱԶԳԱԿՈՐԾԱՆ ԴԱՒ ԿԱՅ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԻՆ ԵՏԻՆ ԿԱՆԳՆԱԾ : ՈՒՇԱԴԻՐ : ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻՆՔ ՔՆԱՆԱԼՈՒ : ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻՆՔ ՉՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԵԼՈՒ ՄԵՐ ԱՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳՐՈՎ: ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻՍ , ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԹԵՐՑՈՂ, ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՄՆԱԼ ՈՒ , ԹԵԶԱՆԻՔՆԵՐԴ ՉՍՈՏԹԵԼՈՒ՝ ԱԶԳԻԴ ԴԷՄ ՆԻՒԹՈՒՈՂ ԴԱՒԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ:
ՕՆ ՈՒՐԵՄՆ:
?ՆՇԱՆԱԿ?
Tuesday, November 29, 2011
www.nshanag.net