Անպատասխան հարցումներ

<FONT face=Sylfaen>Անպատասխան հարցումներ</FONT>


 


Unanswered questions related to Syria and the Syrian Armenians


Mariana Julian states that 7 months have passed since the start of the events in Syria and the Syrian Armenians are showing strong loyalty towards the rulers. They continue to live a good life, speaking their mother tongue, marking their national holidays, eating their traditional food etc. “What we want more than that?”, she says in sarcastic tone.


However, she reminds the reader that not long time ago the Armenian language was banned from the school curriculum and Armenian schools were forced to remain open on Armenian national holidays. 


The majority of Syrian Armenians, according to Julian, do not favor the arrival of other people into power in Syria. They are afraid religious “extremists” will take control of the country. But she asks “weren't these same extremists that in 1915 embraced the Armenians in Der Ezzor and thanks to them the Armenians were reborn”. 


Let us be realistic, she says, why the majority will not be able to rule in Syria?. “Are we going to accept one day that the Yezidis come into power in Armenia?” (Referring to the Yezidi minority in Armenia).


We all need reforms, she says. We do not want to see the examples of Egypt or Libya, but how long we can survive like this and tolerate such difficult circumstances.


She wonders why our community leaders are so strongly clinging to the current authorities. “Are they afraid that there would be an Arab Spring within their ranks?”, she concludes.  


She ends the article by saying “Let me repeat again, we all want a democratic system, peace and the application of new regulations. Therefore, let us not defend individuals blindly, so that we are not perceived as extremists ourselves”.






ORIGINAL TEXT IN ARMENIAN


Գրեց՝ Մարիանա Ջուլեան


Անցան 8 ամիսներ արաբական գարնան շարժման…


Անցան 7 ամիսներ այդ գարնան ալիքները Սուրիա թեւակոխելուն…


Անցան 7 ամիսներ եւ սուրիահայերը ցոյց կուտան առանց վարանելու իրենց հաւատարմութիւնն ու պարկեշտութիւնը Սուրիոյ իշխանութեան: Եւ ինչո՞ւ չի պաշտպանել ներկայ ղեկավարութիւնը, հայերուն հետ լաւ վարուելակերպ ունի… մենք հանգիստ բարեկեցիկ կեանք կ'ապրինք, առաւօտեան աշխատանքի կ'երթանք, մեր լեզուն կը խօսինք, մեր ազգային ինքնութիւնը կը պահպանենք, Կիրակի օրերը խորոված կ'ուտենք.. ի՞նչ կ'ուզենք ասկէ աւելի, ամէն ինչ կատարեալ է: Բայց չի մոռնանք, դեռ ասկէ ոչ շատ հեռու ժամանակներուն հայերէն լեզուի ծրագիրները հաւաքուեցան վարժարաններէն, ստուգելու համար եւ մեր ազգային տօներու օրերուն արգիլուեցաւ դպրոցները փակ պահել:


Եթէ ներկայ իշխանութիւնը տապալի ապա տարբեր դաւանանքի կամ համայնքի պատկանող անձեր պիտի հասնին ղեկավարութեան, մեզի ի՞նչ պէտք, անոնք ծայրայեղներ են, մեր հետ ոխակալ պիտի ըլլան: Արդեօ՞ք նոյն այդ ծայրայեղները չէին, որ 1915-ին հայերուն գրկաբաց ընդունեցին Տէր-Զօր եւ իրենց շնորհիւ հայերը վերապրեցան…


Քիչ մը իրապաշտ ըլլանք, արդեօ՞ք այս ?ծայրայեղ? կոչուածները իրաւունք չունի՞ն ըմբոստանալու: Երկրի մը մէջ կ'ապրին, ուր մեծամասնութիւն կը կազմեն, սակայն փոքր համայնք մը ամէն ինչի ձեռք դրած է: Արդեօ՞ք մենք հայերս կ'ընդունինք, որ օր մը եզիտի մը իշխանութեան հասնի Հայաստան: 


Այսօր բացառուած է համայնքային կամ կրօնական խտրականութեան յառաջացումը Սուրիոյ մէջ: Ընդիմադիրները կամ արտաքին ուժերը, որ իրենց օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն այդքան ալ յիմարներ չեն, որ այսպիսի դուռ բանան իրենց առջեւ եւ Սուրիան մեծ Լիբանանի վերածեն:


Բոլորս ալ կ'ուզենք բարեկարգումներու եւ բարեփոխումներու իրականացումը եւ կը հաւատանք ազգային երկխօսութեան: Մեր նպատակը ազատ ու առողջ երկիր տեսնելն է: Չենք ցանկար Եգիպտոսի կամ Լիպիոյ օրինակին հետեւիլ, սակայն տակաւին քանի՞ ամիս ներկայ տնտեսական վատ վիճակին ժողովուրդը կը դիմանայ… սուրիացիները մինչեւ ե՞րբ կրնան համբերել եւ հանդուրժել ու տոկալ այս դժուարին պայմաններուն:


Մեր ազգային ղեկավարները ինչո՞ւ այսքան կառչած կը մնան ներկայ իշխանութեան, եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ ներկայ ժառանգական համակարգը տապալի: Արդեօ՞ք ապրելով 41 տարի նոյն վարչակարգին տակ սկսած են իրենց գործելաո՞ճը որդեգրել եւ վա՞խ ունին ?արաբական գարուն? շարժումէ իրենց շարքերէն ներս…


Ինչո՞ւ կարելի չէ նոյն ատեն անվտանգութիւն եւ ազատութիւն ունենալ: Մենք ազատութիւն կ'ուզենք, ուրեմն պէտք է ապրի՞նք անապահով վիճակի մէջ: Եւ ինչպէ՞ս ապահով լինել եթէ հազարներով գողեր, աւազակներ ու թմրամոլներ ազատ արձակուեցան համընդհանուր ներումով:


Ճիշդ է արտաքին ուժեր իրենց միջամտութիւնը կը ցուցաբերեն եւ երբեմն խառնակչութիւններ կը ստեղծեն, սակայն բոլորիս քաջ յայտնի է, որ Միջին Արեւելքի տիքթաթոր համակարգերու տապալումը անկարելի է իրականացնել միայն ներքին ուժերուն վստահելով:


Նորէն կը կրկնեմ, բոլորս ալ կ'ուզենք ժողովրդավարական հասարակարգ, խաղաղութիւն եւ նոր օրէնքներու կիրառում: Ուրեմն եկէք կուրօրէն անձեր չի պաշտպանենք, որպէսզի մենք ալ մեր հերթին ծայրայեղներ չի կոչուինք:


Source: 27 October 2011
Mariana Julian's Facebook account (subscription required)