• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Միջին Արեւելքի հայութեան ապագան սուրիահայութեան փորձառութեան լոյսին տակ

December 3, 2011
A+ A-
Email Print
<FONT face="Tahoma, Arial, Helvetica, sans-serif">Միջին Արեւելքի հայութեան ապագան սուրիահայութեան փորձառութեան լոյսին տակ</FONT>


?


Hrach Kalsahakian analyzes the general aspects related to the development of the Armenian community in Syria, from the Genocide up to the contemporary times, giving examples of the social and economic factors that have affected in shaping of the community and developing its current leadership and how these factors have influenced the choices made in the ongoing political crisis. He examines Armenia's role in this context and in a wider perspective, highlighting the circumstances that enables it to play a substantial role in the future.???


Հրաչ Քալսահակեան


Սուրիահայ գաղութը, Միջին Արեւելքի հայկական այլ գաղութներու նման, ենթակայ եղած է ամէն տեսակի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային վերիվայրումներու:


Յայտնի է, որ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք գաղութը ունեցած է ստուար թուաքանակ, բայց տասնամեակներու ընթացքին այդ թիւը նօսրացած է ներգաղթի (դէպի Հայաստան) եւ արտագաղթի (դէպի Եւրոպայ, Ամերկայ եւ այլուր) պատճառներով:


Անցեալ դարու յիսունական թուականներուն, արաբական ազգայնական հոսանքին հետեւանքով, սուրիահայութիւնը ենթարկուեցաւ բազմաթիւ սեղմումներու, կարգ մը համայնքային ղեկավարներ հալածուեցան, դպրոցները փակուեցան, իսկ վերաբացուելէ ետք դրուեցան պետական մանրակրկիտ հսկողութեան տակ, հայկական դասապահերը խիստ կրճատուեցան եւ հայերէնին տրուեցաւ կրօնական ծիսակատարութիւններու լեզուի կարգավիճակ: Պաղ պատերազմի հետեւանքով հայութիւնը ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ:


Տնտեսական առումով Սուրիան հետըզհետէ որդեգրեց կեդրոնացուած ծրագրաւորումի քաղաքականութիւն, պարագայ մը որ շատ մը կէտերու մէջ նմանութիւններ ունէր նախկին Սովետական Միութեան հետ: Հայերու եւ այլ հատուածներու վայելած տնտեսական յարաբերական բարօրութիւնը մեծ մասամբ արդիւնքն էր արտաքին պարագայական ազդակներու: Օրինակի համար, Լիբանանի տնտեսական քայքայումը, Իրաքի շրջափակումը, Թուրքիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնումը, եւայլն, այս կամ այն ձեւով սատարեցին?բնակչութեան?տնտեսական յարաճուն վիճակի ապահովման, ինչ?որ շատերուն?մղեց նիւթապէս բաւարար զգալու եւ շարունակելու?ինքնամփոփ կեանքը:


Ըլլալով միշտ ապաքաղաքականացուած, հայութեան (եւ շատերուն) համար անսպասելի էին սուրիական քաղաքական իրավիճակի ներկայ զարգացումները, այն աստիճան որ ութ ամիսներ ետք սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը տակաւին կը շարունակէ ուրանալ զարգացումները եւ կը յամենայ կարծել թէ ամէն ինչ կրնայ նոյն վիճակին դառնալ:


Ապագայ դրութիւնը, իմ անձնական կարծիքով, վատ չի կրնար ըլլալ հայերուն համար: Նախ պէտք է ըսել որ հայերը այնքան աննշան փոքրամասնութիւն են 23 միլիոն հասնող բնակչութեան մը համար, որ իրենց դէմ կանխամտածուած հաւաքական վնաս կարելի չէ ակնկալել: Անոնք տակաւին կը վայելեն ճարտար քաղաքացիի համբաւ, բայց անշուշտ բարոյական առումով արժէզրկուած պիտի ըլլան եթէ չկարենան, թէկուզ ուշացած, համասուրիական ժողովրդավարական տեսլականին հետ առնչուիլ: Կը խորհիմ թէ սուրիահայութեան մեծ մասը պիտի շարունակէ ապրիլ իր կեանքը սովորականին նման, քանի որ ապագայ Սուրիան պերճանքը պիտի չունենայ անցեալի սխալները կրկնելու, իսկ երկրի տնտեսական յառաջդիմութիւնը եւ զարգացումը կարեւոր բնագաւառներ են, ուր հայերու ներդրումը արժէք կրնայ ներկայացնել:


Տարիներու ընթացքին սուրիահայ գաղութին մէջ ձեւաւորուեցաւ այնպիսի ղեկավար խաւ մը որ, օսմանեան օրերէն ժառանգուած եւ անկախ Սուրիոյ մէջ պաշտօնապէս ամրագրուած իրաւունքներով օժտուած, համատարած վարեց գաղութին գործերը՝ զարկ տալով մշակութային, ընկերային, կրօնական եւ շինարարական աշխատանքներուն: Հայախօս գաղութ ըլլալը դարձաւ կարեւորագոյն դրամագլուխ: Բայց փաստը կը մնայ այն, որ գաղութի ներքին կառոյցները կը տառապին այդ խաւի տասնամեակներու տիրապետութենէն: Գոնէ մարդուժի առումով, յստակ է, թէ մեծ թիւով արհեստավարժ եւ մասնագէտ մարդիկ հեռու մնացած են ազգային հասարակական կեանքէն՝ սոյն վերնախաւին մենատիրական ախորժակներուն պատճառով:


Հայ ղեկավարութիւնը կրնար անշուշտ աւելի հաւասարակշռուած մօտենալ Սուրիոյ մէջ ծաւալուող նորագոյն զարգացումներուն նկատմամբ, մանաւանդ որ կայ նախկին փորձ մը, երբ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ չափազանց մօտիկութիւնը սուրիահայերը մղած էր զուսպ ըլլալ հայ դատի հետապնդումի եղանակներուն նկատմամբ: Ղեկավարութիւնը կրնար նոյն խոհեմութիւնը դրսեւորել նաեւ այսօր եւ չէզոքութիւն պահպանել: Այսքան տարի իր մասնակցութիւնը չունենալով սուրիական քաղաքական կեանքին մէջ, կրնար տարի մը եւս նոյն աննկատ կեցուածքը շարունակել: Այս, այնպիսի ժամանակ երբ սուրիական ընդիմութիւնը, հակառակ հազարաւոր զոհերուն, զինեալ լուծումի տարբերակէն հեռու մնալու անընդհատ հաւաստիքներ կու տար:


Հայութեան քաղաքական կեցուածքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Լիբանանի հայութեան մեծամասնութեան քաղաքական դիրքորոշումը սուրիական ներկայ վարչակարգին կողքին: Ասոր վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ հայերու աւանդական արդարացի անվստահութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան նկատմամբ, կառավարութիւն?որ օրըստօրէ կը դիրքորոշուի?սուրիացի ընդիմադիր հաւաքականութեան կողքին:


Որպէս հետեւանք, հայութեան մօտ ստեղծուած է երկրի մեծամասնութիւնը կազմող բնակչութեան նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտ, նոյն այդ բնակչութեան, որ հարիւր տարիներ առաջ ընդունած էր հայերը Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ որու հետ հայերը տասնամեակներու գոյակցութեան եւ տնտեսական գործակցութեան փորձ կուտակած էին:


Սուրիահայութիւնը շարունակական արտագաղթի վիճակ մը կ'ապրի վերջին յիսուն տարիներուն, որու հետեւանքով գաղութին թուաքանակը հասած է վաթսուն հազարի սահմանները, իսկ հայախօսութեան տոկոսը օրըստօրէ կը պակսի: Արտագաղթը ընդունուած երեւոյթ դարձած է սուրիահայ ընտանիքներուն համար, որոնք ունին ազգականներ շատ մը երկրիներու մէջ: Չեմ խորհիր որ արտագաղթը կտրականապէս պիտի աճի յաջորդող տարիներուն: Արեւմուտքի երկրիները կրնան անշուշտ այդ հոսանքը աշխուժացնել շնորհելով մուտքի եւ ապրելու արտօնագրեր: Եթէ իրավիճակը փոխուի, առաջին հերթին սուրիահայը պիտի ուզէ Պէյրութ փոխադրուիլ, անկէ ետք այլ երկիր անցնելու հեռանկարով:


Անհատական մակարդակի վրայ սուրիահայը Հայաստան հաստատուելու հեռանկար չի հետապնդեր, իսկ հաւաքական մակարդակի վրայ այդպիսի աշխատանք տանող մարմին չկայ արդէն: Սուրիահայերուն համար յայտնի է թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ի զօրու չէ ընդունելու եւ տեղաւորելու հայ զանգուածները: Միայն ֆիզիքական անմիջական վտանգի մը պարագային սուրիահայը պիտի փորձէ Հայաստան տեղափոխուիլ, անկէ առաջ սակայն նախապատուութիւնը տալով Լիբանանին: Ամէն պարագայի Հայաստան (դժբախտաբար) կրնայ ծառայել որպէս հանգրուան՝ ֆիզիքական վտանգի սպառումէն ետք այլ տեղ գաղթելու:?


Հայաստան Միջին Արեւելքի հայութեան կրնայ օգտակար դառնալ նախ եւ առաջ ինքնավստահ եւ հեռանկարային քաղաքականութիւն վարելով շրջանէն ներս: Կրնայ օգնել ժամանակակից խնդիրներուն նպաստաւոր լուծումներ առաջադրելով:


Երկարժամկէտ՝ Հայաստան կրնայ շրջանի հայութեան օգտակար դառնալ?երբ տնտեսապէս եւ քաղաքականօրէն ունենայ բաւականաչափ լծակներ: Դժբախտաբար, ներկայ վիճակը յոյս չի ներշնչեր նման կտրուկ փոփոխութեան մը հաշուոյն:


Մինչեւ որ Հայաստան նուաճէ այդպիսի կարգավիճակ, Միջին Արեւելքի հայերը անցած պիտի ըլլան?պատմութեան գիրկը կամ այնքան պիտի?համակերպած ըլլան?իրենց նոր կամ վերածաղկած միջավայրերուն, որ այլեւս Հայաստան պիտի անոնց համար?ունենայ խիստ վերացական արժէք:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostSaturday School of Prague's Armenian Community
Older PostImpressions by Anna Abgaryan about tourism in Armenia
  1. Dr. Raffi Janesian December 4, 2011, 1:55 pm

    Սիրելի Հրաչ

    Համաձայն եմ քո գրեթէ բոլոր կարծիքների հետ, բացառութեամբ այն յոռետեսութեան կամ յոյսի պակասը որ ունես վաղուայ Հայաստանի հետ: Ես սփիւռքահայ լինելով, որն ապրում է Հայաստանում շուրջ 21 տարի, կարող եմ ասել որ մենք հզօր ազգ ենք, որը երկրաշարժ, պատերազմ, սով ու այլ բազմաթիւ խնդրիներ յաղթահարել է… հետեւաբար կոչ եմ անում Հայաստանը համարել ?մեր հայրենիք?ը եւ ?Մեր հայրենիք թշուառ անտէր?ը փոխել իսկական ?մեր հայրենիք ազատ անկախ?ի: Պէտք է հաւատանք մեր վաղուայ օրուան ու կերտենք մեր հայրենիքը միասին:

    Հրաչ Քալսահակեանին պատասխանը՝

    Սիրելի Րաֆֆի, 

    Գրութեանս աւարտին ես յոյս յայտնած եմ թէ Հայաստան պիտի հասնի այն բարգաւաճ վիճակին, որ ամէն հայու ցանկութիւնն է, բայց երբ այդ պահը գայ ես կը խորհիմ թէ այլեւս Միջին Արեւելքի մէջ ապրող հայերը կա'մ համրանքով շատ նուազած պիտի ըլլան կամ ալ ուծացած: Հայրենադարձութեան կոչերը նոյն ներգործութիւնը պիտի չունենան իրենց վրայ, որքան դուն եւ ես պիտի ցանկանայինք: Ներկայ արաբական գարունը կրնայ լայն հնարաւորութիւններ ընծայել հայուն, իբրեւ լիիրաւ քաղաքացի, ներգրաւուելու իր բնակած երկիրներու տնտեսական եւ ընկերային կեանքին մէջ:

    Անգամ մը եւս կրկնեմ միտքս, որ թիւրիմացութեան տեղ չտայ՝ երբ Հայաստան պատրաստ ըլլայ զանգուածային կերպով հայրենադարձներ ընդունելու (ըսենք քսան կան երեսուն տարիներ ետք), արտասահմանի մէջ հաւանաբար չգտնուի հայրենադարձութեան շարժում մը բաւարարող հաւաքականութիւն:

    Հայրենադարձութեան հարցը, դժբախտաբար, պիտի շարունակուի շօշափուիլ սոսկ անհատական մակարդակի վրայ, այնպէս ինչպէս դուն (որպէս անձ) ներգաղթած էիր անցեալին եւ կամ ուրիշներ (որոնց կարգին նաեւ ծագումով ոչ-հայեր) կը ծրագրեն հաստատուիլ Հայաստանի մէջ: 

Comments are closed.

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Anna Martin donates two icons to an Armenian town in Syria

item-thumbnail

Sirusho gets an award at DIAFA in Dubai

item-thumbnail

Մեր համայնքի հայաստանցիները (Տեսանյութ)

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll