
Դպրոցը բացուեցաւ 2009թ-ի Հոկտեմբերի 17-ին, միայն 22 աշակերտներով, թիւ մը, որ նախորդ տարուայ աշակերտութեան թիւին հիսուն առ հարիւրն անգամ չի կազմեր։
Վարչութեան կարգ մը անդամներուն ամբարտաւան եւ գերադաս կեցուածին պատճառով, Ապու Տապիի գաղութին ազգային կեանքը լրջօրէն խաթարուած է:Կան վարչական անդամներ որոնք և՛ գործադիր և՛ օրէնսդրական աշխատանքներ կը տանին, քանի որ թէ՛ թեմական, և թէ՛ վարչական մարմիններու անդամ են միաժամանակ, վիճակ մը, որ իրենց բացարձակ իշխանութիւն կ՛ուտայ եւ ի վերջոյ իրենց գործին դատաւորները իրենք կ՛ըլլան միայն:
Հարցը առաւել վատթարացաւ այն իրողութեամբ, որ անցեալ տարուայ ընթացքին, վարչութիւնը իր ժողովները գումարած ու որոշումները կայացուցած էր իր ինը անդամներէն երեքի կամ չորսի ներկայութեան միայն:
Ապու Տապիի թեմական չորս անդամներուն պարագային ալ հարցը նոյն սուր դրութիւն կը պարզէ: Անոնք միաձայնութեամբ ոչ մէկ որոշում կրցած են ունենալ երկու տարիներու ընթացքին: Այս կապակցութեամբ վերջին նորութիւնն էր Ապու Տապիի նոր հայկական եկեղեցւոյ կառուցման գաղափարին որդեգրումը թեմական մէկ անդամի համաձայնութեամբ միայն, որը ?զուգադիպութեամբ? նաեւ եկեղեցւոյ ճարտարապետն ու հիմնական նուիրատուն էր:
Ըստ վարչութեան վերջին յայտարարութեան, վիճակի բարելաւման յոյսեր կան։ Յայտարարութիւնը կ՛ըսէ, թէ գաղութը վերածնունդ մը պիտի ապրի իր նորակազմ հինգ յանձնախումբերով՝ Հայկական պարահանդէսի, երիտասարդաց, տիկնաց, արուեստի եւ ձեռային աշխատանքի եւ եկեղեցւոյ վարչութիւններով:
Հետաքրքրական է տեսնել, թէ նոյն այն աձիք, որոնք իրենց ժողովները չկրցան պէտք եղած ձեւով գումարել, ինչպէս պիտի կարենան օրինակ հանդիսանալ եւ ոգեւորել նորաստեղծ այս հինգ յանձնախումերու անդամները (Ի դէպ, յայտարարութիւնը մօտաւորապէս երկու ամիսէ ի վեր հրապարակուած է եւ մէկ ? երկու յիշեցումներ ուղարկուած այդ ուղղութեամբ, բայց մատի մէկ ափի մատներուն չափ մարդ կարելի եղած է գտնել, որ ընդունի սոյն վարչութեան հետ գործակցիլ):
Ազատ-Հայի բնօրինակը անգլերէն լեզուով: Հայերէնի վերածուած Նանոր Միքայէլեանի կողմէ: