• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հայկական կրթական մտահոգութիւններ Շարժայի մէջ

December 4, 2009
A+ A-
Email Print
Հայկական կրթական մտահոգութիւններ Շարժայի մէջ

Sharjah school class 



Ցայտուն օրինակ վճռակամ ղեկավարութեան բացակայութեան


Աւելի քան երկու տարի առաջ, Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Հայկան Օհաննիսեաններ, Շարժայի միօրեայ  հայկական դպրոցին քաջ ծանօթ բարերարները, խոստացան երկու միլիոն տիրհամ նուիրել ( որը հաւասար է  550.000 ամերիկեան տոլարի), միօրեայ դպրոցը զարգացնելու եւ   ամէնօրեայ դպրոցի վերածելու համար:


Այս առատաձեռն նուիրատուութիւնը զգացական ալիք մը բարձրացուց գաղութէն ներս ու շատեր համակարծիք եղան այն միտքին, թէ արդէն ժամանակն է Ծոցի  երկիրներուն  մէջ երկրորդ հայկական ամէնօրեայ դպրոց մը ունենալու  ցանկութիւնը իրականացնելու (ի մտի ունենալով Քուէյթի հայկական ամէնօրեայ դպրոցի գոյութիւնը 1960- ական թուականներէն ի վեր):


Գաղութը իսկապէս նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ  հայոց լեզուն ու հայկական ինքնութիւնը պահպանելու առնչութեամբ։  Եւ  քանի որ մեծամասնութիւնը միջին արեւելեան աւանդական երկիրներէ եկած մարդիկ են, մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին լուրը , քաջ գիտակցելով, որ ինքնութեան պահպաման համար ամէնօրեայ դպրոցի մը գոյութիւնը խիստ էական է:


Նուիրատուութենէն ամիսներ ետք, Հիւսիսային Էմիրութիւններուն վարչութիւնը որոշում առաւ հարցաթերթիկ մը ղրկել միօրեայ դպրոց յաճախող աշակերտներու ծնողներուն, գիտնալու համար, թէ արդեօ՞ք կը փափաքին իրենց զաւակները ամէնօրեայ դպրոց ղրկել եւ թէ ի՞նչ են իրենց ակնկալիքները այս ուղղութեամբ:


Հարցաթերթիկներուն արդիւնքները յայտարարուեցան  2009-թ-ի  Հոկտեմբերի 20 ին , այսինքն՝ ամբողջ երկու տարիներ ուշացումով:


Նկատի չառնելով հարցաթերթիկի պատրաստուածութեան եւ  արդիւնքները վերլուծելու խնդրահարոյց մեթոտները, տարաձայնութիւնները արդէն սկսած էին նշել թէ հարցախոյզին արդիւնքը յուսախաբեցնող եղած է, քանի որ հարիւր ծնողներէն  միայն երեսունը դրական պատասխան տուած էին:


Azad hye-ը քանի – քանի անգամներ խնդրած էր այս հարցը յստակացնել  եւ ծնողները հրավիրել  միասնաբար քննարկելու սեղանին վրային նիւթերը:


Կարեւոր կը նկատենք գիտնալ, թէ ինչո՞ւ միայն երեսուն ծնողք պատասխանեցին հարցաթերթիկին եւ ինչո՞ւ վարչութիւնը միւսները չհրավիրեց ժողովի մը, ուր կարելի ըլլար հասկնալ անոնց անտարբերութեան պատճառները։ Ինչո՞ւ պիտի չ՛ուզեն իրենց զաւակը այդ նոյն միօրեայ  դպրոցը ղրկել, ամէնօրեայ դառնալու պարագային: Միթէ հետաքրքրական չէ՞ իմանալ:


Երկու տարուայ հարցաթերթիկներէն, տարաձայնութիւններէն  ու ժողովներէ ետք, միայն մէկ էջ տեղեկատուութիւն մը կրնանք գտնել այսօր ազգային վարչութեան կողմէ պատրաստուած (տես այստեղ):


Առաջին անգամ ըլլալով, վերոյիշեալ տեղեկատուութիւնը կը մատնանաշէ դպրոցը ամենօրեայ չդարձնելու հիմնական պատճառներէն մէկը, ըստ որու Էմիրութիւններու կրթութեան նախարարութիւնը դպրոցին շէնքը քննելէ ետք այն եզրահանգման եկած է,  թէ շէնքը  չի համապատասխաներ  իրենց  չափանիշներուն։  Բայց վարչութիւնը ե՞րբ  տեղեկացաւ այս հարցին։ Եթէ  հարցաթերթիկէն առաջ՝ ուրեմն ի՞նչու բաժնուեցան հարցաթերթիկները, իսկ եթէ անկէ ետք՝ ուրեմն ի՞նչու պատասխանատուները չմտածեցին  նախ այդ հարցը պարզել  եւ ապա միայն, տպել հարցաթերթիկները: Կայ այլ  տրամաբանական հարց մը ևս, այն է, թէ ինչո՞ւ երկու տարի ետք միայն իմացանք շէնքին  անհարմար ըլլալուն մասին: Իսկ եթէ անյարմար է ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ թէ ներկայիս նոյն շէնքը կը շարունակուի գործածուիլ թէկուզ շաբաթական դրութեամբ:


Վարչութեան տեղեկատուութիւնը հետեւեալ ձեւով կը վերջանայ՝ ?Վարչութիւնը կը յայտարարէ սոյն ծրագիրը վերոյիշեալ պայմաններով անիրագործելի է: Սակայն խոր համոզում ունենալով անհրաժեշտութիւնը հայկական ազգային ամէնօրեայ վարժարանի մը կարեւորութեան մեր գաղութէն ներս, որուն իրագործման համար բոլոր մեզի ներկայացուած առաջարկները եւ ընձեռուած առիթները ամենայն լրջութեամբ պիտի քննարկենք եւ յաջողցնելու նպատակաւ աշխատանք պիտի տանինք?:


Վերոյիշեալ խօսքերը լի են տեսլականով, ղեկավարման զգացողութեամբ ու վճռակամութեամբ, որոնց ուղղակի բացակայութեան հետեւանքն է ներկայ իրավիճակը:






Ազատ-Հայի բնօրինակը անգլերէն լեզուով: Հայերէնի վերածուած Նանոր Միքայէլեանի կողմէ:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԱպու Տապիի հայութիւնը իսկական մարտահրաւէրի դիմաց
Older PostDraft paper on repatriation process

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016

LATEST

item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021
item-thumbnail

Tigranes the Great: a book by Serge Momjian

August 2, 2021
item-thumbnail

A multilingual digital Armenian Diaspora platform (DiasporArm)

May 2, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

«Դուք այստեղ եք տանտիրոջ կարգավիճակով». սփյուռքի նախարարը՝ «Քայլ դեպի տուն» ծրագրի մասնակիցներին

item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

item-thumbnail

Նախարար Մնացականեանին ելոյթը BBC կայանէն. Հրաչ Քալսահակեան (Տեսանյութ)

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2022 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll