Գրեց՝ Մարալ Համպոյեան
Քուէյթի Հայ Օգնութեան Միութեան Մեկուսի Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, Քուէյթի մշակութասէր հանրութեան հրամցուց գեղարուեստական յաջող երեկոյ մը՝ Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, ?Մասրահ Ալ Մատարէս Ալխասսա? սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Կորիւն Արք. Պապեանի։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Պրն Վահագն Մելիքեանը։
Յայտագրի բացումը կատարուեցաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, ապա Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Ալվարդ Պապլանեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի ձեռնարկած աշխատանքներուն, որոնց գլխաւորն է նոր սերունդին ծանօթացնել հայկական հարուստ մշակոյթը եւ շեշտել անոր պահպանման կարեւորութիւնը։ ?Հայ արուեստի ճաշակը պէտք է սերմանենք նոր սերունդի հոգիներուն մէջ?, ընդգծեց Պապլանեան:
Օրուան հանդիսավարն էր՝ Մայտա Մովսէսեան։ Ան յաջորդաբար հանդիսատեսին ներկայացուց օրուան յայտագիրը՝ կատարելով տպաւորիչ մեկնաբանութիւններ։
Սրահէն ներս տօնական եւ խանդավառ մթնոլորտը թռիչք առաւ ՀՕՄ-ի ?Շաքէ? պարախումբի ?Մոկաց Հարսեր? նազ պարով, գեղարուեսատական ղեկավարութեամբ՝ Աննա Մանուկեանի։ Հեզաճկուն աղջիկները հրապուրեցին ներկաները՝ իրենց շքեղ տարազներով եւ նուրբ շարժումներով։
Այնուհետեւ Ազգային Վարժարանի երկրորդական բաժնի քանի մը աշակերտներուն ներկայացուցած անակնկալը զարմացուց ներկաները եւ հիացմունքի պահեր հրամցուց։ Հայկական ճազի երաժշտութեան նորաստեղծ եռեակը բեմ բարձրացաւ եւ ներկայացուց երաժշտական գոհարներ՝ երգեհոնի նուագակցութեամբ՝ Փաթիլ Զաքարեանի, Կիթառի ընկերակցութեամբ՝ Արմանտօ Պապլանեանի եւ հարուածային գործիքներու ընկերակցութեամբ՝ Միշէլ Գարագաշի։ Ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ գնահատեցին նորաստեղծ խմբակին անդրանիկ ելոյթը։
Ներկաները հանդիսութեան կարեւոր բաժինը վայելեցին՝ ունկնդրելով աշուղներ՝ Սայաթ Նովայի, Հաւասիի, Շերամի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները, Հալէպէն հիւրաբար ժամանած, աշուղական երգերու մեկնաբան՝ Մհեր Մինասեանի պայծառ ձայնով, երգեհոնի նուագակցութեամբ՝ Յովիկ Ատուրեանի։
Հանդիսութեան երկրորդ բաժնի յայտագիրը սկիզբ առաւ ?Թապլոն Կարդացէ՛ք? զաւեշտի ներկայացումով, բեմադրութեամբ՝ Պերճ Շահպազեանի։ Ամիսներու երկարատեւ փորձերու ընթացքին Շահպազեան ճիգ չէր խնայած վերաշխուժացնելու թատրոնը Քուէյթի մէջ։ Խոստումնալից դերասանները ծիծաղի պահեր պարգեւեցին բոլորին՝ հարազատօրէն մարմնաւորելով իրենց ստանձնած դերերը։
Ձեռնարկի աւարտին, կրկին անգամ բեմ բարձրացաւ սիրուած երգիչ՝ Մհեր Մինասեան: Մթնոլորտը այնքան խանդավառ էր, որ սրահին մէջ գտնուող երիտասարդները՝ իրենց պարերով եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով միացան երգիչին։
Հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Կորիւն Արք. Պապեան։ Ան իր հայրական ողջոյնը փոխանցելէ ետք, գնահատանքի խօսք ուղղեց ՀՕՄ-ի Վարչութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրեալներուն: Ան նաեւ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ բարձր գիտակցութեամբ տէր կանգնին հայ մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն։
Կրճատուած եւ համադրուած
ԱԶԴԱՐԱՐ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԹԵՄԻՆ
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 34, Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2009