• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

“I wish you success” (ARTICLE IN ARMENIAN)

January 13, 2006
A+ A-
Email Print



 


The article is written by Kevork Hagopjian (published in Aleppo Armenian's weekly “Kantsasar” issue 14/11/2005) and describes the linguistic difficulty that a group of young Armenians had when they were offered to write few lines in their native language in the “Memory” notebook of their emigrating friend.


 


Hagopjian underlines with sorrow that the educational system is not efficient enough to teach the school children in a proper way on how to express their thoughts in Armenian.


 


This is a very problematic aspect of the function of the whole Diaspora educational system. 


 


He calls all of us to cooperate in solving this important issue.


 


?Հաչողութիւն Կը Մախթէմ Գեզի?


 


Գէ­որգ Յա­կոբճ­եան


 


Հա­լէ­պա­հայ օճախ­նե­րէ կազմ­ուած  հաս­տա­տուն ծա­ռէն տե­րեւ մը եւս պի­տի թա­փէր։ Վեր­ջին շր­ջա­նին այս ծա­ռը տե­րե­ւա­թա­փի  մէջ է կար­ծէք?։ Ան­կէ թա­փած տե­րեւ­նե­րը, են­թարկ­ուե­լով կեան­քի  քամի­ին ու փո­թո­րի­կին, եր­բեմն կը հաս­նին մայր Հա­յաս­տան, եր­բեմն ալ՝ հե­ռա­ւոր ու օտար եր­կիր­ներ։


 


Մեր դա­սըն­կե­րու­հին  Անին ու իր ըն­տա­նի­քը այդ տե­րեւ­նե­րէն են։ Անոնք որո­շած էին Հա­լէ­պէն  Գա­նա­տա գաղ­թել։ Առ այդ  ող­ջեր­թի հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պե­ցինք տա­րի­նե­րու մեր դա­սըն­կե­րուհի­ին, որուն հետ մա­շե­ցու­ցած էինք նա­խակր­թա­րա­նի, միջ­նա­կար­գի եւ երկ­րոր­դա­կա­նի գրա­սե­ղան­նե­րը ու ապ­րած էինք  ան­մո­ռա­նա­լի յի­շա­տակ­ներ։


 


Ու­սում­նա­կան Երկ­րոր­դա­կան բաժ­նին  վեր­ջա­կէտ դր­ուե­լուն  ըն­դա­մէ­նը ան­ցած է 2 տա­րի։ Երբ մենք՝ դա­սա­րա­նա­կից­ներս  այդ օրե­րուն ամէն օր իրար կը տսե­նէ­ինք, այ­սօր՝ հազ­ուա­գիւտ  որ տեսն­ուինք։ Իւ­րա­քան­չիւրս գծած ենք մեր ու­ղին։ Մէկը բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը կը շա­րու­նա­կէ, ու­րիշ մը գոր­ծի աս­պա­րէզ մտած է, ու­րիշ մը տա­կա­ւին անո­րոշ վի­ճա­կի մէջ է, իսկ ամէ­նէն հե­տաքրք­րա­կա­նը, մեր դա­սըն­կե­րու­հի­նե­րէն Թա­մա­րը՝ ?տի­կին? տիտ­ղո­սին ալ  ար­ժա­նա­ցած է։  


 


Փառք Աս­տու­ծոյ,  մեր ժա­մե­րը դա­սա­ւո­րե­ցինք ու ճա­շա­րա­նէ մը ներս կա­րո­ղա­ցանք հա­մախմբ­ուիլ ։


 


Ող­ջեր­թի հա­ւաք­նիս շատ ջերմ մթ­նո­լոր­տի մէջ ան­ցաւ։ Նախ վեր­յի­շե­ցինք մեր ման­կա­կան չա­րու­թիւն­նե­րը, ու­նե­ցած կեց­ուածք­նե­րը,  պտոյտ­նե­րը,  ու­սու­ցիչ­ներն ու ու­սուց­չու­հի­նե­րը, դա­սա­րա­նի հե­րոս­նե­րը չա­րերն ու աշ­խա­տա­սէր­նե­րը, տնօ­րէ­նը, ընդհ. հս­կի­չը, վե­րա­կա­ցու­նե­րը,  նոյ­նիսկ տն­տես մայ­րիկն ու դպ­րո­ցի դրան պա­հա­կը։ Բո­լորս ալ ու­նէ­ինք պատ­մու­թիւն մը, որ կը սկ­սէր ?կը յի­շե՜ս այդ օրը? նա­խա­դա­սու­թեամբ։


 


Քիչ ետք ան­ցանք Անի­ենց գաղ­թե­լու անակն­կալ որո­շու­մին, չէ­ինք հա­ւա­տար թէ Անին մեզ­մէ պի­տի բաժն­ուի, բայց պար­տա­ւոր էինք հա­մոզ­ուե­լու։ Սկ­սանք մեր մաղ­թանք­ներն ու եղ­բայ­րա­կան խրատ­նե­րը փո­խան­ցել։ ?Վա՜յ եկեր է գլ­խուդ, եթէ գա­նա­տա­ցի մը կամ օտա­րազ­գի տղու մը հետ ամուս­նա­նաս,  հայ տղայ եթէ չըլ­լայ, յա­րա­բե­րու­թեանդ սահ­մա­նը բա­րե­ւելն իսկ չ՛անց­նիր, հա­յա­պահ­պա­նում ըս­ուած բա­ռը ական­ջիդ օղ կը դարձ­նես?, թէ­եւ ծայ­րա­յեղ,  սա­կայն ի գին  հայ մնա­լու մեր այս պատ­գա­մը ամէ­նէն ցայ­տունն ու խրա­խու­սիչն  էր, փո­խանց­ուած խրատ­նե­րուն մէջ։


 


Երբ իւ­րա­քան­չիւրս մեր սր­տի խօս­քը փո­խան­ցեցինք, Անին, իր կար­գին յու­շա­տետր մը հա­նեց եւ խնդ­րեց մեզ­մէ, որ   քա­նի մի բա­ռով յի­շա­տա­կագ­րու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րենք, որ­պէս­զի օտա­րու­թեան մէջ այդ յու­շա­տետ­րը անոր մի­ակ դար­մանն ու բա­լա­սա­նը դառ­նայ, վե­րա­ջեր­մաց­նէ իր յի­շո­ղու­թիւնը, պահ մը սա­ւառ­նի ովկ­ի­ա­նոս­ներն ի վեր ու հաս­նի մեր մօտ, ապ­րի, շն­չէ ու վա­յե­լէ հա­լէ­պա­հայ կեան­քի իւ­րա­յա­տուկ բուր­մուն­քը։


 


Չհա­նած ըլ­լար այդ յու­շա­տետ­րը?։ Ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն մը գոր­ծած ըլ­լար եթէ, այդ­քան պի­տի չմե­ղադր­ուէր  մեր խեղճ դա­սըն­կե­րու­հին։ Մղ­ձա­ւան­ջի վե­րած­ուե­ցաւ մեր խա­ղաղ հան­դի­պու­մը։ Ի՞նչու,  որով­հե­տեւ վայրկ­եան­ներ առաջ հա­յա­պահ­պա­նում քա­րո­զող­ներս, հա­յա­պահ­պան­ման հիմ­նա­կան սիւ­նե­րէն, յե­նա­րան­նե­րէն, պա­րիսպ­նե­րէն մէ­կը նկատ­ուող  հա­յե­րէն լե­զուն գրե­լու մէջ կը դժ­ուա­րա­նա­յինք։ հե­տեւ­եալ­ներն էին առանց զգաց­ուե­լու ար­ձակ­ուած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը՝ ?Վեր­ջին ան­գամ պա­քա­լոր­իա­յի հա­յե­րէ­նի քն­նու­թեան հա­յե­րէն գրած էի?, ?եր­կու տա­րի է բառ մը հա­յե­րէն չեմ գրած, ի՞նչ գրեմ, ի՞նչ­պէս սկ­սիմ?,  ?է ես շա­րադ­րու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւն­ներս դրացի­իս աղջ­կան կը վս­տա­հէի, եկուր ալ հի­մա նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը քով-քո­վի բեր եւ տո­ղե­րը լե­ցուր??։ Իսկ կս­կիծ ու ցաւ պատ­ճա­ռող այլ երե­ւոյթ մը ուղ­ղագ­րու­թիւնն էր ?յա­ջո­ղու­թիւնը? բաց? (չ)ով կը գուի թէ՞ ?գոց?-ով, առող­ջու­թիւնը ?մեծ? (ր)ով կը գրէ­ինք թէ ?պզ­տիկ?, Օ՜?ձու­կի? (ց)ն ի՞նչ տե­սակ կը գր­ուէր??։  Մաշ­տո­ցի աճիւն­նե­րը թն­դաց­նող այս նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը ամենայն սառ­նա­րիւ­նու­թեամբ դուրս կու գա­յին  Մես­րոպ­եան գիր ու տա­ռով 12 տա­րի մկրտ­ուած ուս­եալ ու զար­գա­ցած հայ երի­տա­սարդ­նե­րու կող­մէ?։


 


Վե­րո­յիշ­եալ ար­տա­յա­յտու­թիւն­նե­րը փաստ մըն էին թէ մենք տաս­ներ­կու տա­րի հայ­կա­կան կր­թօ­ճախ յա­ճա­խե­լով, հա­յե­րէն լեզ­ուի  շա­բա­թա­կան 4 -5 դա­սա­պա­հեր ու­նե­նա­լով եւ վեր­ջա­պէս հայ­րե­նա­գէտ, բազ­մա­վաս­տակ   հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու հո­վա­նին ու ու­սուցումը վա­յե­լե­լով հան­դերձ, չէ­ինք կր­ցած, եթէ ոչ գրա­կան, ապա ճե­մա­րա­նա­ւար­տի մը վա­յել  հա­յե­րէն լեզ­ուի տի­րա­պե­տել։ Ու­րեմն նա­խակրթա­րա­նէն դպ­րո­ցը լքած ու գիրքն ու տետ­րա­կը մոռ­ցած տասն­եակ հայ պա­տա­նի­նե­րուն հա­յե­րէն գրե­լու մա­կար­դա­կին մա­սին խօ­սիլն ապար­դիւն  կը կար­ծեմ։ Եթէ մենք գրել չենք գի­տեր, անոնք ի՞նչ վի­ճա­կի են։


 


Ինչ­պէս որ նո­րու­թիւն մը  չէ հայ աշա­կեր­տին  պաշ­տօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան ժա­մա­նակ առանց դա­դար­նե­րուն այ­սինքն՝ ?ը՜ը՜?-ի շա­րան­նե­րու խօ­սե­լու ան­կա­րո­ղու­թիւնը, այն­պէս ալ նո­րու­թիւն չէ անոր մտա­ծա­ծը գրի առ­նե­լու տա­ժան­քը։ Մենք՝ Սփիւռ­քի չո­րորդ սե­րունդը, կը տա­ռա­պինք մեր մտա­ծա­ծը ար­տա­յա­յտե­լու եւ գրե­լու գոր­ծին մէջ։


 


Մեր միտ­քե­րը ար­տա­յայ­տե­լու մէջ կը յոգ­նինք, որով­հե­տեւ  Սփիւռ­քի եւ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման պար­տադ­րած խո­չըն­դոտ­նե­րու կող­քին, ման­կապր­տէ­զէն իսկ չենք զար­գա­ցու­ցած մեր լեզ­ուամ­տա­ծո­ղու­թիւնը, չենք մարզ­ուած ազա­տօ­րէն խօ­սիլ եւ ար­տա­յատ­ուի­լ։ Մին­չեւ այ­սօր երկ­րոր­դա­կա­նի աշա­կերտ­նե­րուն հա­յե­րէ­նի դա­սա­պա­հե­րը  կը կեդ­րո­նա­նան գրա­գէ­տի մը կեն­սագ­րա­կան գի­ծե­րը եւ գոր­ծե­րը գոց սոր­վե­լու վրայ։ Մի­օ­րի­նակ են պա­հանջ­ուած դա­սի հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խանն­ե­րը։ Ի՞նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին գրա­գէ­տի մը ծննդ­եան, մահ­ուան թուա­կան­նե­րը ու յա­ճա­խած վար­ժա­րան­նե­րուն անուն­նե­րը գիտ­նա­լը եթէ կա­րո­ղու­թիւն չու­նինք տու­եալ գ­րա­գէ­տին  հայ գրա­կա­նու­թեան եդե­մին մէջ նե­կա­յա­ցու­ցած ար­ժէ­քին մա­սին խօ­սե­լու։ Արդ­եօ՞ք մեր լեզ­ուամ­տա­ծո­ղու­թիւնը զար­գա­ցու­ցած կ՛ըլ­լանք եթէ դա­սին ընդգծուած տո­ղե­րը թու­թա­կի պէս գոց սոր­վինք, մինչ­դեռ ըն­դու­նա­կու­թիւն չու­նե­նաք դա­սին միտք­բա­նին հասկ­նա­լու եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գե­լու։ Աւե­լի ար­դիւ­նա­բեր չըլ­լա՞ր եթէ աշա­կեր­տը բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը գոց սոր­վե­լու ու եր­կու շա­բաթ վերջ մոռ­նա­լու փո­խա­րէն, այդ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը իր կա­րո­ղու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ վեր­լու­ծէ ու որ­պէս պար­տա­կա­նու­թիւն  իր հասկ­ցա­ծը ներ­կա­յաց­նէ ու­սու­ցի­չին ու դա­սա­րա­նա­կից­նե­րուն։   Դժ­բախ­տա­բար, կը կեդ­րո­նանանք կա­ղա­պար­ուած գոր­ծե­լա­ո­ճե­րու վրայ, արդ­ի­ա­կա­նաց­ման ու գոր­ծադր­ուած ծրա­գիր­նե­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու ու վե­րա­ո­րա­կաւ­ո­րե­լու ճա­ռե­րը կը մնան լու­սանց­քա­յին, հե­ռու գործ­նա­կան քայ­լե­րէ։


 


Անց­նե­լով ուղ­ղագ­րու­թեան, այ­սինքն գրե­լու դժ­ուա­րու­թեան, նոր սե­րուն­դի մօտ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան նա­հան­ջի եւ կամ չգո­յու­թեան մա­սին սոյն յօդ­ուա­ծով չանդ­րա­դառ­նանք, որով­հե­տեւ միայն հայ սե­րունդ­նե­րուն  չէ առնչ­ուած այս հար­ցը, այլ հա­մաշ­խար­հա­յին  եւ մի­ջազ­գա­յին առու­մով մտա­հո­գիչ խն­դիր մըն է ար­դէն։ Բայց  Սփիւռ­քի հայ աշա­կեր­տին պա­րա­գա­յին,  ամ­բողջ շա­բա­թը մէկ կամ առա­ւե­լա­գոյ­նը եր­կու էջ հա­յե­րէն գրե­լով աշա­կե­տը ի՞նչ­պէս պի­տի մա­քա­ռի այ­լա­սեր­ման հո­սանք­նե­րուն դէմ եւ հա­յե­րէն գրե­լու կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­նայ։  Փաս­տօ­րէն, այ­սօր Հայ աշա­կեր­տը միայն դպ­րո­ցի հա­յե­րէն դա­սագր­քին ծա­նօթ է ու  միայն դպ­րո­ցա­կան տետ­րա­կին մէջ է որ հա­յե­րէն կը գրէ։ Սոյն դա­սա­տետ­րը յատ­կա­պէս միջ­նա­կար­գի եօթ­նե­րո­րդ եւ ու­թե­րորդ կար­գե­րուն  մէջ կը կու­տակ­ուին ու կը խճող­ուին քե­րա­կա­նա­կան բազ­մա­թիւ կա­նոն­նե­րով, մինչ­դեռ այդ կա­նոն­նե­րը գոր­ծադ­րե­լու հոր­ի­զոն­ներ չեն ներ­կայաց­ուիր աշա­կեր­տին։ Օրի­նա­կի հա­մար հազ­ուա­գիւտ թէ շա­րադ­րու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւն մը տր­ուի, ապա դա­սա­պահ մը տր­ամադր­ուի բա­ցատ­րե­լու հա­մար շա­րադ­րու­թիւն գրե­լու եւ  քե­րա­կա­նա­կան օրէնք­նե­րը գոր­ծադ­րե­լու ձե­ւե­րը։ Աշա­կեր­տը շա­րադ­րու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւնը կը ստանձ­նէ որ­պէս տնա­յին աշ­խա­տանք եւ պար­զ է որ կը դի­մէ տնե­ցի­նե­րուն?։ Հայ աշա­կե­րտը հա­յե­րէն  գրե­լու մէջ կը մնայ ապի­կար, որով­հե­տեւ  ան հա­մա­ցան­ցին մէջ կը նա­մակ­ցի անգ­լե­րէն եւ կամ անգ­լե­րէ­նա­տառ հա­յե­րէն լեզ­ուով, առօր­եա­յին մէջ կա­րի­քը չի զ­գար հա­յե­րէն գրե­լու, իսկ եթէ միու­թե­նա­կան է դարձ­եալ գրե­լու առիթ չու­նի, որով­հե­տեւ սկաու­տա­կան կարգ մը խում­բե­րէ բա­ցի չեմ հան­դի­պած որե­ւէ միու­թեան մը որ իր ան­դամ­նե­րուն հա­յե­րէն գրե­լու առիթ եւ պա­տե­հու­թիւն կ՛ըն­ծա­յէ։ Ընդ­հա­կառ­ակը ամէն ինչ կը փո­խանց­ուի տպագր­ուած կո­կիկ էջե­րու վրայ։ Սա­կայն եթէ պզ­տի­կը իր ստա­ցած գի­տե­լի­քը ձե­ռամբ գրէ աւե­լի շուտ կ՛ըմբըռ­նէ եւ կ՛ար­ժե­ւո­րէ զայն։ Դպի­րը շա­րա­կան­նե­րը կը սոր­վի յա­տուկ այդ նպա­տա­կին հա­մար պատ­րաստ­ուած գր­քոյկ­նե­րէն, պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դա­մը կը բա­ւա­րար­ուի միայն լսա­տե­սո­ղու­թեան վս­տա­հիլ, երա-ժըշ­տա­նո­ցի, երգ­չա­խում­բի, ար­ուես­տի ու­սում­նա­րան եւ բազ­մաբ­նոյթ միու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւող պզ­տի­կը հե­ռու է գրա­ւոր աշ­խա­տանքէ։ Ճիշդ այս պատ­ճա­ռով միու­թիւն­նե­րէն ու ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րէն ներս կա­րող ատե­նադ­պիր­ներ դժ­ուար կը գտն­ուին։ Միայն հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րուն  յանձ­նա­ռու­թիւնը չէ 1600-ամ­եայ գան­ձի մը յա­րա­տե­ւու­թիւնը  ապա­հո­վե­լը,  այլ՝ մեր բո­լո­րին։   


 


Ժա­մը հա­սած է ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն մեր ռազ­մա­վա­րու­թիւնը վե­րար­ծար­ծե­լու, բայց մանա­ւանդ՝  կա­ցու­թիւնը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար գործ­նա­կան քայ­լե­րու դի­մե­լու։  


 


Անի­ին յու­շա­տետ­րը սփիւռ­քաց­ման, հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման, մեր սե­րուն­դի ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռած վէր­քե­րէն մէ­կը նո­րո­գեց։ եկէ՛ք մի­աս­նա­բար բու­ժօգ­նու­թեան փու­թանք եւ սպ­ի­աց­նենք մեր բո­լոր վէր­քե­րը։


 


Գանձասար, 24 / 11 / 2005


 


Source: www.periotem.com (Armenian section, see under PRESS)

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostHalf Armenian, Half Turk
Older PostFirearms in Armenia

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ներգաղթի նոր պայմաններ

item-thumbnail

Մեկնարկել է սփյուռքի նախարարի աշխատանքային այցը ԱՄՆ

item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll