Poems by Ara Jouharian

Poems by Ara Jouharian

Ara JouharianOn the occasion of Saint Sarkis (Sargis) and Love?s Day, we introduce several poems by Ara Jouharian, as a first taste of his creative charm.


Ara Jouharian is the author of one book titled “Two”, who has won the Kevork Melidinetsi prize in 2001.


In 2003 he became the editor-in-chief of Shirak literary periodical, a position that he held for three years.


Jouharian is originally from Aleppo, Syria and lives in the United Arab Emirates since 2008 where he works as engineer. We wish him all the best.


Ս. Սարգիս?ի եւ ?Սիրոյ տօն?ին առիթով, կը ներկայացնենք հալէպահայ բանաստեղծ Արա Ճուհարեանի բանաստեղծութիւններէն մէկ քանին, նախաճաշակ մը տալու անոր ստեղծագործական հմայքին մասին։


Արա Ճուհարեան ունի բանաստեղծական հրատարակուած մէկ հատոր ?Երկու? խորագիրով, որ արժանացած է ?Գէորգ Մելիտինեցի? մրցանակին, 2001 թուականին։


2003ին ստանձնած է Պէյրութի ?Շիրակ? գրական հանդէսի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը, զորս վարած է երեք տարի։


Երեք տարիներէ ի վեր կը գործէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, որպէս ճարտարապետ։


Յաջողութիւն եւ դալար գրիչ կը մաղթենք Արա Ճուհարեանին։


1.
Մէկը զերօ մը կը փնտռէ անտէր
ըլլալու համար տասը
տասը զերօ մը կը փնտռէ անտէր
ըլլալու համար հարիւր


Եւ այսպէս
անտէր զերօները կ՚ըլլան տիրական


Իսկ ես կը փնտռեմ քեզ
ըլլալու համար
երկու


2.
Օ՜ – մեր սէրերը կ՚ապրին պատերու մէջ
բնակարանի պատ
պարտէզներու պատ
յայտարարութեան պատ
պատիժի պատ
յենարան պատ
սահմանապատ


վերցուցէք պատերը մեր սիրոյ օրերէն


3.
Քալէ հետս
հանրային պարտէզ երթանք
       կը սիրեմ
      գետին հասած տերեւները ծառերուն
      եւ անոնց խշրտոցը բանաստեղծական
      երբ հպի
      մեր օրերու կանաչ գոյութեան


     լերկ ճիւղերը ծառին կը սիրեմ
     որոնք երկինքի կապոյտին վրայ
     կը գծեն
     քարտէզը մեր քաոսին
     եւ կը հսկեն
ծառուղիներու խոնաւ լռութիւնը անսանձ
     որոնց մէջէն կը սիրեմ
     քալել
     նոր աստուածի մը նոր թոփիւնով


     աչքերուս ճերմակութեան մէջ
կը դնեմ բիբը որպէս սէր
եւ կը տարածեմ նայուածքս
ժանգոտած բոլո՜ր առասպելներուն վրայ
եւ կ՚ըսեմ
     ո՜չ – սէրը առասպել չէ՜
     սէրը մաքուր շունչն է այս ծառերուն
     որոնց երազներուն մէջ
     կանաչ տերեւներ կը ծփան


     կը սիրեմ
հանրային պարտէզ երթալ քեզի հետ
     ձեռքդ բռնած
     որովհետեւ ալ հեքիաթ չմնաց


4.
Կը փնտռեմ քեզ հիմա
անպաճոյճ գիծերուս մէջ բոլոր
եւ այդ գիծերէն կը գծեմ
     հրճուանքներուս քարափը աղմկոտ
կ՚ալեկոծին շղարշներս զեփիւռներու շշուկէն
տես ոտքերս մանկան մը պէս բոպիկ են


բռնէ ձեռքէս ու տար զիս առաւօտիդ հեւքերուն
բռնէ ձեռքէս ու տար զիս
     աշխարհներէն միագոյն


թող որ նետեմ վախիդ լաչակը
     զարմանքներուս քամիին
ու շօշափեմ լուսածոր անսահմանութիւնդ բերրի
հեգած բառիդ իմաստութեան մէջ ձուլուիմ
էանամ լիովին


բռնէ ձեռքէս ու տար զիս հարցումներուդ հրայրքին
ու գուշակենք միասին բառը – որ սկիզբ կը կոչուի


հաւատա՞մ թէ – սէրդ լուռ է
թախծապարուր երազներէն
եւ հաւատա՞մ թէ դուն
այդքան մե՜ղկ ես հիմա
առանց սիրոյ տառապանքին


բռնէ ձեռքէս ու հանէ զիս
թախիծներուս անդունդէն
ու հասցուր զիս – անյայտ օրուայ մը հրաշքին
հոն շշնչանք միասին ?կը սիրեմ քեզը մթին?


5.
Կը սիրեմ քեզ
ուրիշ բան չունիմ ըսելիք


ծովուն ալիքները տակաւին
կը փաթթուին ժայռերուն
եւ այդ սիրաբանութենէն
ժայռերը կը հալին


երբ մեր նայուածքները իրարու հանդիպին
չեն ենթարկուիր
երկրի ձգողական ուժին


ժպիտիդ շուքին մէջ ինկած
կը վախնամ յաւերժանալու ձանձրոյթէն


Լաւ է որ
մեր երազները կը հաւաքուին
եւ երկինքի կապոյտին մէջ ամպ կ՚ըլլան
եւ յանկարծ
անակնկալօրէն
սիրոյ անձրեւը կը տեղայ
ձանձրոյթը կը փարատի


կը սիրեմ քեզ
կը բաւէ այդքան
ուրիշ բան չունիմ ըսելիք


6.
Ես կրակը տեսայ
աչքերուդ մէջ – մազերուդ մէջ
մատիտիդ ծայրը
ես կրակը տեսայ
խոհանոցիդ մէջ
գետին նետուած կտոր մը մետաղին մէջ
մուրացկանին ափին մէջ
ես կրակը տեսայ
ելեկտրական ձողերուն վրայ եւ անկողինիդ մէջ


բայց չտեսայ
հրդեհը
որ կ՚այրէ ժամանակը


7.
Ցնորաթափ տրտմութեանս մէջ կը պահեմ
կենսագրութիւնդ
երեկոներ խորհրդաւոր կը հսկեն
տեւողութիւնդ


Տանելու համար քեզ ննջարանս
կը մարեմ նախապաշարումներու լոյսերը
եւ սիրոյ յիշատակս
ծուխի մը պէս կը բարձրացնեմ
մեկուսացման ծխնելոյզէն


Կ՚արտօնե՞ս արդեօք
որ ես շինեմ այսօր տեսիլքներդ
որպէս վերադարձ կայան մեր սիրոյ


Կարօտս քեզի կը բերեմ
որ շշնջաս վանկ առ վանկ
որպէս հին տառապանք
եւ լինելութեան ըմպանակիդ մէջ պահես
զիս
եսակորոյս վերացումէն


Վերստին կ՚ուզեմ ճանչնալ քեզ
ինքնակերտմանս մէջ


8.
Հինցած բազկաթոռի մէջ չի նստիր սէրը
մրրիկներու տեղափոխութեան մէջ կը վերածուի ծառի
յիշատակներուս ողկոյզներուն համար յենակի
դատարկ թուղթերու վրայ բառի


Սէրը դատարկ ափ չէ
չի մուրար
հարուստ եւ շռայլ բանաստեղծ մըն է սէրը
աչքերուս համատարած ճերմակութեան մէջ
բիբն է սէրը


յաղթանակներուս յաղթանակն է սէրը


9.
Քեզի տիրանալէս ետք
կը վերցնեմ կէտադրութիւնս


Վերջակէտ չի մնար – ստորակէտ չի մնար – ոչ ալ միջակէտ


Մի՛ վրդովիր
գիտեմ պահել կշռոյթս


Եթէ բան մը թափել պէտք է հինէն
կ՚ուզեմ թափել կէտադրութիւնը
եւ այդպէս – առանց կէտադրութեան կ՚ուզեմ ճամբորդել քեզի հետ
բայց – չեմ ուզեր դուն ետ մնաս – յառաջանամ ես


Երբ ճամբորդենք իրարու հետ այդպէս
պիտի միանանք
օդին եւ լոյսին պէս



10.
Բանաստեղծները երգեցին մեր սիրոյ մասին
իսկ ես
սիրոյ երգ մը շշնջացի քու ականջիդ
մարդ չլսեց
եւ մարդ չիջաւ անոր խորութեան մէջ

  1. ….բայց չտեսայ հրդեհը որ կ՚այրէ ժամանակը… Արա Ճուհարեան պատկեր մը նկարած ըլլալու համար չէ որ գրած է այս մի քանի տողերը: Այստեղ կայ տեսիլքի ուժգնութիւն ունեցող երեւակայութիւն, բայց կայ մանաւանդ՝ արհամարհանք ժամանակին նկատմամբ: Մի քանի բառով Ճուհարեան կարողացած է անէացնել անյաղթահարելիի հռչակով հպարտացող ժԱՄԱՆԱԿը… սիրոյ իր հրդեհով… Բանաստեղծութիւն չէ այլեւս սա, սա հրաբուխի վերածուած բանաստեղծին մտքէն (ոչ սրտէն) ժայթքած լաւա է…: Եթէ օտար մը ըլլար այս ?լաւան?՝ ան վաղուց պիտի համարուէր ազգային արժէք: Արդեօք պիտի գա՞յ այն օրը երբ ազգովին պիտի անդրադառնանք մեր գանձերու գոյութեան եւ էնէրճի որպէս պիտի սկսինք օգտագործել մեր ?լաւաները?…

    Նշան Պասմաճեան

Comments are closed.