

Every Monday from 7-8pm and repeated on Fridays 10-11am, in the premises of the Armenian weekly Ohannessian School (see photo on the left side).
Text in Armenian
Հայերէն Քերականութեան Դասընթացք Երիտասարդներու եւ երէցներու համար
Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ ծրագրած է Հայերէն քերականութեան ուսուցման յատուկ դասընթացքներ:
Դասընթացքները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցով:
Ամէն Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-էն – 8:00-ը նոյն պահը պիտի կրկնուի Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 10:00էն – 11:00, Օհաննէսեան Միօրեայ Վարժարանին մէջ:
Դասընթացքները պիտի սկսին Ուրբաթ, 9 Յուլիս 2007-էն սկսեալ երկու ամսուայ տեւողութեամբ:
Բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին իրենց Հայերէն լեզուն բարելաւել, թող արձանագրեն իրենց անունները հեռաձայնելով Համալիրի գրասենեակ 06 5660320 ամէն օր բացի Ուրμաթ օրերէն, առաւօտեան ժամը 8:00-1:00:
Դասընթացքները պիտի կատարուին ձրիաբար:
Հիւսիսային էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւն
Մեծ ուրախութեամբ կարդացի Ազգ. Վարչութեան այսօրուան շրջաբերականը, ուր կը տեղեկացուէր Քերականութեան դասընթացքի մը ձեռնարկման մասին՝ 9 Յուլիս 2007-էն սկսեալ:
Յոյսս բոլորովին կտրած չէի բայց, անկեղծ ասած, կը կարծէի թէ Հայ Լեզուի Տարին անշուք պիտի անցնէր մեր գաղութին մէջ: Ուրախ եմ որ նախատեսածս սխալ դուրս եկաւ: Անշուշտ վերջին գնահատականը ձեռնարկին արդիւնքէն է կախուած:
Ազգային Վարչութիւն, կը շնորհաւորեմ ձեզ այս աննախընթաց ձեռնարկին համար:
Զգուշացման կարգով ըսեմ, (սորվեցնել չհամարուի…) որ ընդունուած իրականութիւն է, թէ որպէս ժողովուրդ մեր ազգային նկարագրին չենք դաւաճաներ,հետևաբար,երբ դէմ յանդիման գանք երևոյթներու կա'մ շատ կը խանդավառուինք (և շուտ…) և կամ քմծիծաղով կը նայինք ու կ'անցնինք, մանաւանդ այսպիսի գեղեցիկ ու լուրջ երևոյթներու: Կը կարծեմ ,թէ ''Մարքէթինկ'' է պէտք այս գաղափարին տարածման, իսկ այդ մէկը շրջաբերականներով միայն չըլլար, կարելի է բազում այլ միջոցներով հրապուրել և հրաւիրել մեր եղբայրներն ու քոյրերը մասնակցելու այս գեղեցիկ գաղափարը իրականացած տեսնելու գործընթացին:
Միւս կողմէ, կասկած չունիմ ,որ ''Ազատ Հայ''ը , որուն մօտ մինչև օրս կրաւորական կեցուածք չեմ տեսած, պիտի դրական արձագանգէ Վարչութեան յայտարարութեան և ''մարքէթինկ''ի իր բաժինը կատարէ ''Ազատ Հայ'' ի վայել լրջութեամբ:
Այս յայտարարութեան առթիւ հայ լեզուով տագնապող բոլոր հայորդիներուն պիտի ըսեմ՝''Ձեր Աչքը Լոյս'':
Նշան Պասմաճեան