Need for convening a pan Armenian conference on Syrian Armenian topics














Hrach Kalsahakian writes about the need for convening a pan-Armenian conference on Syrian Armenian issues. In the past two years, it has been customary to provide financial and material aid to Syrian Armenians, but they need more than that. They need to hear honest and clear analysis about their situation and their future prospects in Syria as individuals and as a community, under the light of the ongoing developments. This conference should be convened, even if we feel that we might lack the will or means for implementing its recommendations.


Սուրիահայութեան նուիրուած համա-հայկական համագումար


Միայն նիւթական նպաստը բաւարար չէ Սուրիահայերուն


Գրեց՝ Հրաչ Քալսահակեան


Սուրիահայութիւնը երախտագիտութեամբ ստացաւ եւ կը շարունակէ ստանալ համայն հայութեան անունով եղած ամէն տեսակի նիւթական նպաստ, առանց որուն անկարելի պիտի ըլլար գոյատեւել Սուրիոյ նման ճգնաժամային վայրի մը մէջ:


Որքան որ օժանդակութեան նիւթական երեսը կարեւոր է, կայ նաեւ այլ՝ բարոյական կողմ մը, որ նուազ շօշափելի է: Նշուած (ոչ-նիւթական նպաստի) շրջագիծէն ներս, ուրեմն, անհրաժեշտ է համահայկական համագումար կազմակերպել Սուրիահայութեան թեմայով:


Այս մասին անցեալին արտայայտած էինք, բայց կարծիքներ եղան թէ նման նախաձեռնութիւն մը ժամավաճառութիւն կրնայ նկատուիլ, այն իմաստով թէ մենք, հայերս, Սուրիոյ մէջ տրամագծուող դէպքերուն վրայ ազդեցութիւն չունինք:


Մեր կարծիքով, սակայն, յոյժ կարեւոր եւ անյետաձգելի է, որ Սուրիոյ մեր համայնքի ներկայ դրութիւնը աւելի մօտէն ուսումնասիրուի, քննարկուին ապագայի զանազան հեռանկարներ ու  կատարուին յանձնարարականներ ու առաջարկութիւններ՝ երկրին մէջ զարգացող դէպքերու վերլուծական լոյսին տակ:


Որքան որ համայնք մը անզօր զգայ, աւելի անզօր կրնայ դառնալ եթէ համահայկական ընդհանուր նեցուկ չգտնէ: Այդ նեցուկը միայն նիւթական օժանդակութեան ձեւով չի դրսեւորուիր, այլ կը յառաջանայ այն հասկացողութեամբ, թէ հայկական իրականութիւնը մէկ իրար-շաղկապուած շարունակականութիւն մը կը կազմէ, որուն իւրաքանչիւր օղակին զօրութեամբ կը բնորոշուի ամբողջ համակարգին զօրութիւնը:


Անցեալին տեղի ունեցած են եւ կը շարունակուին ունենալ հայ փաստաբաններու, բժիշկներու, ճարտարապետներու, լրագրողներու, գրողներու, կրթական մշակներու եւ այլ խմբաւորումներու համագումարներ: Ներկայիս պէտք է անպայման տեղի ունենայ համագումար Սուրիահայերու թեմայով՝ համահայկական տարազով, գիտական որակով եւ գործնական տարողութեամբ:


Անշուշտ եթէ առաջարկուած համագումարը գիտական ու կազմակերպական բարձր մակարդակի վրայ չըլլայ, իմաստ պիտի չունենայ: Իսկ եթէ անկէ ծնունդ առած եզրայանգումները պիտի չծառայեն նպատակի մը եւ պիտի պարտաւորիչ հանգամանք չունենան այս կամ այն հայկական պետական կամ կազմակերպական իրաւասու մարմնին վրայ, այդ պարագային համագումարը նուազ արժէք պիտի ներկայացնէ ու պիտի վերածուի միտքերու փոխանակման ու աւանդական խմբանկար ունենալու սովորական առիթի մը:


Նիւթական նպաստէն անդին, մեր հայրենակիցները կարիք ունին լսելու գիտավերլուծական անկեղծ արժեւորում, Սուրիոյ մէջ ծաւալուող դէպքերուն մասին (գոնէ հայկական դիտանկիւնէ): Այդ իրենց իրաւունքն է ու մենք պարտաւոր ենք ազգովին ընդառաջել ատոր, նոյնիսկ եթէ ատկէ բխած պարտաւորութիւնները որդեգրելու կարողութիւնը կամ պատրաստակամութիւնը կը պակսին մեր մօտ: