
Azad-Hye, Dubai, 09 August 2006: Hamazkayin's “Arshile Gorky” art school in
Invitations for participation were sent to
Students from “Mardiros Sarian” art school, the Arabic charitable association “Al-Ikha'a” (Brotherhood) for children with special needs and another local school accepted the invitation.
The municipality of Aleppo, considering the importance of this event, announced it as part of the celebrations dedicated to “International Children's Day”, taking part between 8 to 13 July. Normally this celebration occurs every year in
In the morning of 9 July 2006
They were all greeted at the entrance by Nerses Khederian (Head of Hamazkayin's Nigol Aghpalian Section) and Sonia Kaprielian (Director of “Arshile Gorky” art school).
Sonia Kaprielian gave a briefing to the Minister and his entourage about the Armenian community, the activities of Hamazkayin and in particular “Arshile Gorky” art school. She explained that this event addresses the children of
Al Sissi (UNICEF Regional Director for
All the children participating in this activity were dressed in similar T-shirts. Their heads were covered with caps protecting them from the heat and on the T-shirts they carried colourful badges, showing their schools. At every corner, sponsor “Nestl?” company's van was providing cold drinks quenching the thirst of the children and the visitors.
The children were busy drawing with chalk and paints. No time for naughtiness! They worked in groups of 4-5 person each. One group painted
The event was covered by many TV channels; Syrian, Iranian, Jordanian TVs and Spacetoon channel. Some of them interviewed the little artists. They also interviewed Sonia Kaprielian. She emphasized that this event was organized by
“Arshile Gorky” art school's administrative board highly valued the efforts of two of the instructors: Leda Guluzian and Vartkes Barsoumian, whose efforts helped in the success of the event.
On the park's stairs the children drew the logo of “
Thanks to “Mardiros Sarian” art school's administrators and their teacher Ella, also thanks to “Al-Ikha'a” association for children with special needs and to A?ahed Bredy for her hard work.
This unique event definitely will have a positive impact in the future and will leave its marks in
Source: Syria's Hamazkayin website:
http://www.hamazkasyr.com/nigol_details.php?id=79
Article posted in Armenian at the above website on 09 July 2006
For more information on the activities of Arshile Gorky art school, please contact Sonia Kaprielian at: [email protected]
ՓԱՌԱՏՕՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ
Համազգայինի ?Ն. Աղբալեան? մասնաճղ.ի ?Արշիլ Կորքի? գեղարուեստի ուսումնարանի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ՝ Հալէպի Հանրային պարտէզէն ներս տեղի ունեցաւ գեղեցիկ միջոցառում մը, որուն մասնակցեցան Հալէպի հայ եւ արաբ արուեստանոցներու աշակերտները։
Ամիսներ առաջ հրաւէրներ ուղղուեցան Հալէպի հայ եւ արաբ արուեստանոցներու տնօրէնութիւններուն, հրաւիրելու միօրեայ հաւաքական աշխատանքի մը՝ Հանրային պարտէզին մէջ, նուիրուած Հալէպի ?Իսլամական Մշակոյթի Մայրաքաղաք? ընտրութեան առթիւ. եւ յարմար նկատուած էր մանուկներու համաշխարհային օրը։ Մասնակցող արուեստագէտ–աշակերտները 6-12 տարեկան բոլորած մանուկներ պիտի ըլլային։
Սոյն հրաւէրին ընդառաջեցին ?Մ. Սարեան? ակադեմիան, արաբական բարեսիրական թերաճներու հաստատութիւնն ու այլ արաբ հաստատութիւն մը, որոնք գնահատելով եւ ողջունելով Համազգայինի ?Ա. Կորքի? արուեստանոցի մտա–յըղացումը, իրենց աշակերտներով մաս կազմեցին վերոյիշեալ միջոցառման։ Այստեղ յիշենք, թէ սոյն ձեռնարկին մեծ դերակատարութիւն ունէին ոչ միայն արուեստանոցի ղեկավարները, այլ՝ մանուկներու երկու դասարաններու աշակերտութիւնը։
Հալէպի քաղաքապետարանը տեղեկանալով եւ գնահատելով նախաձեռնութիւնը, փափաք յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը մաս կազմէ Համաշ. մանուկներու օրուան փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենար 8-13 Յուլիսի միջեւ։ Այստեղ նշենք, որ փառատօնը յաճախ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի Դամասկոսի մէջ, բայց Հալէպի քաղաքապետարանը փափաքեցաւ որ փառատօնը մաս կազմէր Հալէպի ?Իսլամական Մշակոյթի Մայրաքաղաք? անուանակոչման տօնակատարութիւններուն շարքին։
Ուստի, փառատօնը տեղափոխուեցաւ պատմական Հալէպ՝ շնորհելով անոր տարբեր հմայք եւ գոյն։
Փառատօնը կը կրէր բարձր հովանաւորութիւնը մշակոյթի նախարար Տիար Ռիատ Նա՛ասան Աղայի, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ։
Փառատօնի բացման յաջորդ օրը՝ Կիրակի, 9 Յուլիս 2006-ի առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ, արդէն Հալէպի Հանրային պարտէզէն ներս կեանքը եռուն էր մանուկներով. ներկայ պատասխանատուները կը հայթայթէին բոլոր պէտքերը։ Ուսուցիչները եւ յանձնախումբի կարգ մը անդամներ կանուխ ժամերուն փութալով բաւական պատրաստութիւն տեսած էին մինչեւ մանուկներու ժամանումը։
Ժամը 11-ին հասաւ նախարարը եւ աստիճաններու բարձունքէն հիացած դիտեց 100 մանուկներու կատարած ստեղծագործութիւնները։ Տիար Նա՛ասան Աղայի կ՛ըկերակցէին մանուկներու մշակոյթի ընդհ. պատասխանատու տնօրէնուհի օր. Մալաք Եասին, նոյնպէս Դամասկոսէն ժամանած UNICEF- հաստատութեան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի շրջանի ներկայացուցիչ Տիար Մուհամմատ Ալսիսի (բնիկ Սուտանցի) Հալէպի մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Տիար Քամել Գաթթան, Հալէպի քաղաքապետ Տիար Մա՛ան Շպլի եւ պետական այլ մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հանրային պարտէզին մուտքին Համազգայինի ?Նիկոլ Աղբալեան? մասնաճիւղի ատենապետ Տիար Ներսէս Խըտրեան եւ կարգ մը վարչական ընկերներ ընկերակցեցան արուեստանոցի ատենապետուհի Տիկ. Սոնիա Գաբրիէլեանին՝ ընդունելու պատուական հիւրը:
Ընկհ. Սոնիան բացատրեց նախարարին եւ ընկերակցող շքախումբին, թէ սոյն ձեռնարկը, որ արուեստի պոռթկում մըն է, կազմակերպած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Համազգայինի ?ԱրշիլԿորքի? նկարչական արուեստանոցի յանձնախումբը: Այս գործողութեամբ կ՛ողջունէին Հալէպը եւ բոլոր մանուկները անխտիր, սիրոյ կոչ պիտի ուղղէին իրենց գործերով արար աշխարհին: Նախարարը բարձր գնահատեց ?Ա. Կորք?-ի յանձնախումբի կազմակերպական աշխատանքը:
Նոյնպէս շատ բարձր էր գնահատանքը UNICEF-ի ներկայացուցիչ՝ Տիար Մուհամմատ Ալսիսիին: Ան արտայայտուեցաւ, որ նման աշխատանք մը չէր տեսած Սուրիոյ տարածքին եւ փափաք յայտնեց, որ աշխատանքը արձանագրուած ուղարկուի ու իրենց միջոցաւ Յորդանանի, Նիւ–Եորքի եւ Քոփընհակընի կեդրոնները հասնի:
Յանձնախումբը քաղաքապետարանէն նախապէս պահանջած էր յատուկ կարգադրութիւններով նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել որ մանուկներուն աշխատանքը ըլլար որակաւոր եւ հեզասահ ընթանար:
Հանրային պարտէզը արդէն նախապէս կոկուած էր, զինուորներու խմբակ մը փակած էր մուտքի բաժինը՝ անցորդները ուղղելով միւս մուտքերուն: Իսկ աշխատանքի բաժինը շրջապատուած էր զինուորներով եւ պատասխանատու յանձնախումբի անդամներով եւ ծնողներով:
Մայր մուտքին արդէն շտապ օգնութեան անձնակազմը նեկայ էր օժանդակութիւնը ցուցաբերելու անհրաժեշտ պահուն:
Բոլոր մանուկները հաւասար էին, չկար հայ կամ արաբ եւ պատասխանատու, բոլորը հագած էին նոյնատեսակ T- shert-ներ (ուր տեսակաւոր խորհրդանիշներու կողքին կար նաեւ արուեստանոցին խորհրդանիշը), բոլորը իրենց գըլխուն դրած էին գլխարկներ՝ պաշտպանուելու համար ամառուան կիզիչ արեւէն. միակ զանազանողը կուրծքի տեսակաւոր գոյնի դրուած կրծքաքարդերն էին, իւրաքանչիւր գոյն հաստատութեան մը պատկանելիութիւնը կը յատկանշէր:
Ամէն անկիւն կը տեսնուէին Nestle ընկերութեան մեծ ինքնաշարժները. ձեռնարկին երաշխաւորը ըլլալով, յաճախ պաղ միլօ կը հիւրասիրէին մանուկներուն եւ ներկաներուն՝ օդին ջերմութիւնը մեղմացնելու եւ փոքրիկներուն ծարաւը յագեցնելու համար:
Մանուկները ժամանակ չունէին չարութիւններ ընելու: Անոնք միայն կաւիճով, ներկով եւ վրձինով զբաղած էին: Աշխատանքները խմբային էին, ամէն չորս –հինգ հոգի խումբ մը կազմած, որոշուած նիւթ մը առած կը գծէին: Բոլոր նիւթերը նուիրուած էին Հալէպին: Խըմբակ մը կը գծէր Հալէպի բերդը եւ անոր պաշտպան՝ Հանրային պարտէզին մուտքին դրուած Ապու Ֆիրաս Էլ Համատանիի արձանը, ուրիշներ աւելի պարզ նիւթեր՝ ծովը եւ ձիւնաթոյրը իսկ թերաճ մանուկները միայն գոյներով կ՛արտայայտուէին: Այնքան գեղեցիկ էր երեւոյթը:
Հոն ներկայ էին տեսակաւոր հեռուստատեսութեան կայաններու ներկայացուցիչներ (Սուրիական, Իրանեան, Յորդանանեան եւ ART-ի Spacetoon-ը):
Անոնք կը նկարէին եւ կը տեսակցէին մանուկներուն հետ: Ընկհ. Սոնիա Գաբրիէլեանին առաջարկուեցաւ խօսիլ ձեռնարկին մասին. ան շեշտեց որ սոյն աշխատանքը կազմակերպուած է Հալէպի հայկական համայնքի նախաձեռնութեամբ՝ նուիրուած Հալէպ քաղաքին: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետարանին՝ իր ներկայացուցած բազմատեսակ ծառայութիւններուն համար:
Յանձնախումբը այս առթիւ գնահատանքի խօսք կ՛ուղղէ արուեստանոցի զոյգ ուսուցիչներուն՝ օր. Լետա Կիւլիւզեանին եւ արուեստագէտ տիար Վարդգէս Պարսումեանին, որոնք ջանք չխնայեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան համար:
Աստիճաններու վրայ աշխատանքներու աւարտին մանուկները մեծ ծաւալով գծեցին խորհըրդարանը՝ ?Հալէպ Մշակոյթի Մայրաքաղաք 2006? թուին. իսկ անդին պիտի տեսնէինք մանուկներու փառատօնի խոհրդանշանը՝ գծուած դողդոջուն վրձիններով: Շատ խորհրդաւոր էր, երբ 3 մեթր բարձրութեամբ, վեց մեթր լայնքով, երեք բաժինէ բաղկացած Սուրիական դրօշակի աշխատանքի աւարտին ծնողներու եւ յանձնախումբի անդամներու օգնութեամբ բարձրացուեցաւ դրօշակը։ Արուեստանոցի ատենապետուհին վերջակէտ դնելով ձեռնարկին, գետնին վրայ գծեց ?Արշիլ Կորքի? արուեստանոցին խորհըրդանշանը։ Բոլորը՝ մեծ եւ պզտիկ հաւաքուեցան անոր շուրջ ձեռնարկին յիշատակի վերջին նկար մը ունենալու։
Շնորհակալութիւն ?Մ. Սարեան? ակադեմայի տնօրէնութեան եւ ուսուցչուհի Տիկ. Էլլային։
Շնորհակալութիւն Թերաճներու ընտանիք Ալ Իխաա հաստատութեան, Երախտագիտական խօսք Օր. Աաաըտ Պրէտիին, որ մեծ աշխատանք տարաւ սոյն ձեռնարկի յաջողութեան համար։
Եզակի այս ձեռնարկը անկասկած որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ յետագայ օրերուն եւ ձգէ դրոշմը պատմական Հալէպ քաղաքի մշակոյթի պատմութեան էջերուն մէջ։
For your information if you need any explanation about Arshile Gorky Art school address to this e-mail address: [email protected]
With the compliments of Sonia Kaprielian