• Home
  • About
  • YouTube
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հալէպահայութեան եօթ մահացու մեղքերը

June 18, 2011
A+ A-
Email Print

Seven deadly sins of Aleppo Armenians. Nanor Mikayelian criticizes some social aspects related to the Armenian community in Aleppo, such as show-off behavior, hypocrisy, attachment to foreign customs, manners and lifestyles.


Նանոր Միքայէլեան*


1.- Յաճախ մակարդակով ու յաջող ձեռնարկներու ներկայ կ՛ըլլանք, բայց ցաւ ի սիրտ, նախ բեմին վրայ կը յայտնուի Էյֆէլի Աշտարակին բարձրութեան չզիջող կրունկներ հագած օրիորդ կամ տիկին մը ու կը սկսի տափակ բացման խօսք մը, որուն պարունակութիւնը ինքն իսկ չէ հասկցած, քանի որ կարդացածը ոչ մէկ առնչութիւն ունի օրուան ձեռնարկին հետ. ան պարզապէս չորս վանկանի բառեր ընտրած է բառարանէն ու շարած է քով քովի…


Եթէ մազերուն, եղունգներուն ու հագ ու կապին տրամադրած ժամանակին չափ ալ բացման խօսքին ժամանակ տուած ըլլար, հանդիսատեսն ալ զինք դիտելու փոխարէն, արտայայտած միտքերուն կը հետեւէր… Կը սխալի՞մ…


Մեր յարգանքը միշտ բացառութիւններուն հետ է անշուշտ.


2.- Հալէպի մէջ, որեւէ ընտանիքի  հայրենասիրութիւնը  կասկածի տակ պիտի չհամարձակիմ առնել , քաւ լիցի, բայց եկէք տեսէք որ իրենց հեռատեսիլէն միշտ թուրքական ?սէրիալներու? ձայներ կը հնչեն, Այնթապ կ՛երթան գնում ընելու, տուներնին Եթովպիացի ծառայող կը բերեն, որպէսզի երեխաները Անգլերէն սորվին, իսկ երբ քաղաքին մէջ թուրք վարսայարդար մը յայտնուի, գլուխնին անոր հրաշագործ ձեռքերուն յանձնելու կը սուրան, բայց հայ վաստակաշատ ուսուցչուհիի մը մեծարանքի երեկոյին կը զլանալ երթալ քանի որ նոյն ժամերուն Star Academy կը դիտէին եղեր. այս բոլորէն ետք ալ, Թուրքիոյ հետ պայմանագրի ստորագրման օրը ?Լացի՜նք? կ՛ըսեն…


3.- Մեր սիրելի տարեցները կա՛մ յարգեցէք ու սրտանց նուիրատուութիւններ ըրէք, եւ կա՛մ…. տեղերնիդ նստեցէք.


Ազգային ծերանոցին կը նուիրեն մէկ քիլօ սուրճ. վարձքերնին կատար, ըսելիք չիկայ, բայց երբ այդ ?նուիրատուութիւնը? կ՛ընեն որպէսզի իրենց անունը յայտնուի տարեգիրքին նուիրատուներու անուանացանկին մէջ…  արդէն հազար ամօթ.


Չէ՛ որ Սուրբ Գիրքը կ՛ըսէ, թէ աջ ձեռքիդ տուածը ձախ ձեռքդ պիտի  չիմանայ….


4.- Կա՞յ հայ պատանի մը որ գոնէ քանի մը տասնեակ արաբերէն եւ օտար երգեր անգիր չգիտնայ… այս նոյն պատանին արդեօք քանի՞ հայերէն երգ կրնայ անսխալ երգել… Հայաստանի քայլերգին առաջին քառատողէն բացի …


Եւ հարցը միայն այս սերունդը չէ – վա՜յ եկեր է մեր գլխուն – հարցը ասոնց յաջորդող սերունդն է, այսօրուանները ի՞նչ պիտի կարենան փոխանցել  իրենց զաւակներուն, ինչո՞վ պիտի կարենան հպարտանալ. Facebook-ին մէջ իրենց ունեցած ընկերներուն մեծ թիւո՞վ… կլկլակ ծխելու իրենց մեծ վարպետութեա՞մբ, թէ՞ ռուսական պուպրիկները յիշեցնող իրենց   շպարով….Էհհհհ, զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ….


5.- Դրամ չունին բայց պարտքով կնունքի խրախճանք կ՛ընեն, ծաղիկի հանդէսէն ետք  լաւագոյն ճաշարանները կ՛երթան… խեղճ ծնողք,հաւանաբար  յոյս չունին որ իրենց զաւակը աւելի բարձր վկայականի մը  կրնայ տիրանալ…


Ո՞վ պիտի զարմացնէք այդ առատ սեղաններով. այդ գումարներով ձեր երեխային գրադարանը գիրքերով լեցուցէք, երաժշտական գործիք մը նուագել սորվեցուցէք, Հայաստան պտոյտի ղրկեցէք… Աւելի լաւ բան ըրած չէ՞ք ըլլար.


6.- Նախակրթարանի կարգ մը աշակերտներուն տարեվերջի նիշերը յանկարծ դրական փոփոխութեան մը կ՛ենթարկուին… Չզարմանաք, ահա եւ բացատրութիւնը … ?Է  հայրը  չըլլալիք նուիրատուութիւն մը ըրաւ, ինչպէ՞ս  չյաջողցնէինք?….


Տարիներ ետք օր մըն ալ, իր հօր նիւթական բարիքներէն ակամայ օգտուող այս անմեղ ձագուկը, մէյ մըն ալ տեսար ղեկավար դարձաւ, չ՛ըսելու համար գլխու փորձա՛նք.


? Եւ երկինքէն երեք խնձոր կ՛իյնայ, մէկը ինծի, մէկը ձեզի, մէկն ալ այս եղածէն ամչցողին…


7.- Եւ վերջապէս… Սա օտարազգի սովորոյթները ընդօրինակելէն չյոգնեցա՞ք…


Երեխան կը ծնի, հիւանդանոցին սենեակը կրկեսի մը նման կը զարդարուի, եօթանասուն տեսակի շոքոլա կը հրամցուի… նորընծայ մայրը երեք օրուայ մէջ եօթ գիշերանոց կը փոխուի… Այս ի՞նչ ցուցամոլութիւն է… ձեր մանկիկին ծնունդը բաւարար երջանկիւթիւն չէ՞:


Պսակէն առաջ shower party կը կազմակերպեն, ա՛տ ուրկէ՞ բուսաւ… պսակէն ետք ալ որպէս նուէր, պանքի հաշիւ կը պահանջեն. Նախ ?Ծաղիկ մի՛ բերէք?-ով սկսան, յետոյ ?list de marriage?-ի մոտան ելաւ, յետոյ նուէրները ներփակ պահարաններով ուզեցին, (արդեօք դրամէն բացի ի՞նչ կարելի է թխմել այդ պահարաններուն մէջ), իսկ հիմա զարգացումը իր գագաթնակէտին հասած է, պանքի հաշիւ բացած են եղեր… անշուշտ բանալը իրենց վրան, լեցնելը մեր… քանի մը տարի ետք ալ պիտի ըսեն թէ ?ինքնաշարժ առինք, կը հաճի՞ք մասնավճարները ամբողջացնել.?  Մեղայ մեղաաա՜յ…


Է ո՛չ հրաւիրեցէք  զիս, ո՛չ  մսեղէն  ու ուիսքի հրամցուցէք, ո՛չ ալ  յետոյ ձեւ յօրինեցէք, որ  ձեր գլուխ չհանած ծախսերը մենք փակենք…


Պարոյր Սեւակը կ՛ըսէ`
?Հերիք գլխով խփես պատին,
էլի պատը կը մնայ պատ, կը պակասի մի լաւ ճակատ….?


Դու՛ք ըսէք խնդրեմ … այս ամէնէն ետք գլուխս պատին ?չխփեմ? հապա ի՞նչ ընեմ…


* Նանոր Միքայէլեան Ազատ-Հայ կայքին թարգմանիչ գործակիցն է: Գրութիւնը նախապէս լոյս տեսած է Հալէպի ?Գանձասար?ի 2011ի բացառիկին մէջ: Լոյս կը տեսնէ այստեղ հեղինակին հաւանութեամբ: 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՎերջին զանգ
Older PostMining laws in Armenia
  1. å³ïÅí³Í Ù³ñ¹ June 21, 2011, 8:39 am

    Ճիշտ նոյն վիճակը Պեյրութի մէջ է: Քաղքենիութիւնն ուղղակի չափ սահման չունի: Դպրոցի հանդէսին այնպէս կը հագուին կանայք, կարծես օփերա կ'երթան: Ալ խրախճանքերու մասին, տարեդարձներու մասին չ'ըսեմ, վաաաաայ: Մէկ խօսքով ես անվճար երգիծանքի թատրոնի մէջ եմ, միշտ առիթ կայ կուշտ մը խնդալու:

    Պատժված մարդ

Comments are closed.

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Armenians of Iraq: A Community on the Brink

April 18, 2025
item-thumbnail

Camp Bjni launched in Armenia

March 26, 2025
item-thumbnail

The Nagash Ensemble of Armenia

March 8, 2025
item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations
Helen Ray Harrington on From 1979 until the formation of Micromania Group

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • YouTube
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Anna Martin donates two icons to an Armenian town in Syria

item-thumbnail

Fridtjof Nansen’s portrait donated to Norway

item-thumbnail

Հայաստանի 8 հրաշալիքները. 1-ին՝ Խոր Վիրապ

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Army Art Center Athens Basra Armenians Camps Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Summer Camps Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2026 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll