Մտորումներ թեմական հերթական հանդիպումի սեմին
Տեղեկացանք թէ 25-26 Մարտ 2009-ին Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմական կազմը պիտի հաւաքուի Տուպայի մէջ՝ քննարկելու համար թեմը հետաքրքող հարցեր:
Քանի որ նուազագոյնը քսան հոգի պիտի հաւաքուին այս ժողովին՝ ժամանած երեք ? չորս տարբեր քաղաքներէ, առիթը յարմար կը սեպենք սեղանին վրայ դնելու կարգ մը կարեւոր խնդիրներ.-
1) Շարժայի միօրեայ վարժարան
Էմիրութիւններու Շարժայ քաղաքը 1980-ական թուականներէն իվեր շաբաթօրեայ վարժարան մը ունի: Երբ դպրոցական տարիքի մէջ գտնուող հայ մանուկներուն թիւը աճելու սկսաւ, կարգ մը ազգայիններ սկսան խօսիլ ամենօրեայ դպրոց մը հիմնելու մասին: Այս ուղղութեամբ, երկու տարիներ առաջ, կարեւոր նուիրատուութիւն ալ տեղի ունեցաւ (երկու միլիոն տիրհամ՝ այսինքն մօտաւորապէս 550 հազար ամերիկեան տոլար), պարագայ մը որ կրնայ խթան հանդիսանալ այլ լրացուցիչ նուիրատուութիւններու:
Ծնողներուն մասնաւոր հարցաթերթիկներ բաժնուեցան՝ շօշափելու համար անոնց կարծիքը, թէ որքանո՞վ պատրաստակամ են հայկական վարժարան ուղարկելու իրենց զաւակները: Հարցախոյզին արդիւնքները սակայն չհրապարակուեցան:
Հարկ է ուրեմն մասնագիտական կերպով պարզել, թէ որքանո՞վ հնարաւոր է Էմիրութիւններու միջավայրին մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարան ստեղծել եւ զանիկա պահպանել:
Մինչեւ այս հարցին վերջնական պատասխան ստանալը պէտք չէ ի հարկէ մոռնալ շաբաթօրեայ դպրոցին մակարդակին բարելաւումին հարցը:
2) Ապու Տապիի եկեղեցի
Մօտաւորապէս երկու տարիներ առաջ Ապու Տապիի Կառավարութեան կողմէ հայերուն յատկացուած հողաշերտի վրայ եկեղեցի մը բարձրացնելու հարցը օրակարգի վրայ դրուեցաւ, բայց ոչ մէկ անմիջական յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ:
Մէկուկէս տարի համեմատական լռութենէ ետք հարցը վերակենդանացաւ վերջերս եւ հասաւ այն աստիճանի որ 500 հոգի հաշուող գաղութի մը մէջ չորս անհատներ հրաւիրուեցան մրցելու եկեղեցւոյ նախագիծ մը մէջտեղ բերելու համար: Մրցակցութեան մթնոլորտը սուր եւ լարուած եղած է՝ մանաւանդ որ ոչ բոլոր կողմերուն տրուած է հաւասար ժամանակ: Ի սկզբանէ այս գործը այնքան անորոշ ձեւով սկսաւ, որ մինչեւ օրս ոչ ոք գիտէ թէ խնդիրը ո՞ր հանգրուանին հասած է եւ ի՞նչ պաշտօնական քայլեր պիտի յաջորդեն անոր:
Մտավախութիւն կայ, որ եկեղեցի կառուցելու այս հաճելի պարտականութիւնը սիրոյ եւ միութեան կապերը ամրապնդելու փոխարէն, տեղ պիտի տայ այլ զգացումներու:??
3) Տեղեկատուութեան հարց
Ժամանակակից հասարակութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ տեղեկատուութիւնը, որու պակասը պարզապէս գիտելիքներու եւ ծանօթութիւններու բաց մը չէ որ կը ստեղծէ, այլ կրնայ ամենայն դիւրութեամբ ապատեղեկատուութեան դուռ բանալ:
Ժամանակ մը առաջ Քուէյթի մէջ ?Ազդարար?, իսկ Շարժայի մէջ ?Շեփոր? պարբերաթերթերը լոյս կը տեսնէին եւ ձեւով մը կը գոհացնէին հանրութեան տեղեկատուութեան այդ օրերու ծարաւը: Այսօր ?Շեփոր? դադրած է լոյս տեսնելէ (ո՞վ է յանցաւորը), իսկ ?Ազդարար?-ը միայն վերջերս վերսկսաւ հրատարակուիլ եւ տակաւին չէ կրցած Քուէյթի ծիրէն դուրս գալ:
Համացանցային ներկայութիւն ունենալու փորձ եղած է անցեալին (խօսքը կը վերաբերի թեմական պաշտօնական մակարդակի մասին), բայց երկար կեանք չէ ունեցած (ո՞վ է յանցաւորը): Այդուհանդերձ, 2000 թուականէն իվեր իւրաքանչիւն թեմական ժողովի օրակարգի անբաժան մասը դարձած է համացանցային կայք մը ստեղծելու հարցը, պարագայ մը որուն վրայ վերջին երկու տարիներուն աւելցած է նաեւ քանի մը հազար տոլարի նիւթական յատկցում մը կատարելու պատրաստակամութիւնը՝ առանց սակայն անդրադառնալու մարդուժի դերի կարեւրութեան այս հարցին մէջ:
Քսան եւ աւելի թեմականներ պիտի հաւաքուին դարձեալ վաղը եւ պիտի քննարկեն նոյն նիւթը եւ պիտի հասնին նոյն … ձգձգումին:
Անցեալին՝ ժողովներէն մէկուն նոյնիսկ առաջարկ եղած է ապաւինիլ հնդիկ ազգութեան պատկանող համակարգչային ընկերութեան մը ծառայութեան, բայց հարցը աւելի չէ զարգացած նկատի առնելով, որ այդ ազգութեան պատկանող անհատ մը պիտի հայերէն էջերը վերաթարմացնելու լուրջ դժուարութիւն ունենայ (մանաւանդ եթէ իր յոյսը դրած ըլլայ զինք գործի հրաւիրող թեմականներուն վրայ):
Ահա երեք հարցեր սեղանին վրայ դրուած: Կան անշուշտ բազմաթիւ այլ հարցեր, որոնք կը կարօտին անկեղծ եւ թափանցիկ մօտեցումի՝ շաբաթական յաճախականութեամբ եւ ո՛չ թէ, ինչպէս մեր թեմականները մեզի վարժեցնել կու տան՝ տարին մէկ անգամ (այն ալ գաղտնօրէն):
Պէտք է հասարակութեան վստահութիւն ներշնչել եւ օրինականօրէն առիթ տալ անոր որ կարծիք արտայայտել սորվի՝ մամուլի, կայքէջի կամ հանրային լսարաններու միջոցներով՝ չմնայ ամուլ եւ անկարող իր միտքերը եւ մտահոգութիւնները դրսեւորելու:
Յարգեցէ՛ք այս ժողովուրդը եւ ձեր տարեկան տեղեկագիրները հրապարակեցէ՛ք, որպէսզի այն գիտնայ թէ ի՞նչ աշխատանք տարած էք եւ ըստ այնմ կարենայ գնահատել, քննադատել կամ մատնանշել զինք մտահոգող կէտերը:
Մասնակից դարձուձէ՛ք զինք այս գործընթացին՝ փոխանակ անվարան գանգատելու թէ անիկա անտարբեր է:
Ազատ-Հայ
?