Կիրակի 7 Յունիս 2009-ին, կը կայանան Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները։
Սոյն ընտրութեանց լիբանանահայութիւնը ճամբայ ելած է հայկական երեսփոխանական պլոքը վերականգնելու կարգախօսով եւ արդէն իսկ լծուած է նպատակաուղղուած աշխատանքի՝ տէր կանգնելու իր իրաւունքներուն։
Այս գծով լիբանանահայութեան ղեկավարութիւնը կոչ ըրած է արտասահման բնակող լիբանահայերուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս վճռորոշ ընտրութեանց եւ ի գործ դնելու իրենց քաղաքացիական պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը։
Ընդառաջելով այս կոչին, Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Քուէյթի Յանձնախումբը, այսու կու գայ յայտարարելու, թէ կեանքի կոչուած է կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար այս գործընթացը։
Բոլոր այն լիբանանահայերը, որոնք կ՚ուզեն մասնակցիլ ընտրութեանց եւ ցանկագրուած թիւ ունին հայահոծ ընտրաշրջաններու մէջ, յանձնախումբս կ՚երաշխաւորէ յանձանձումը անոնց ճամբորդական եւ անցագրի (passport) նորոգման ծախսերուն։
Վերոյիշեալ ընտրաշրջաններն են.-
– Պէյրութ առաջին (Ռըմէյլ, Սայֆի,Էշրէֆիէ)
– Պէյրութ երկրորդ (Մըտաուար,Մարֆա՛,Պաշուրա)
– Մեթն
– Զահլէ
Լիայոյս ենք, որ լիբանանահայ մեր հայրենակիցները կ՚անսան այս կոչին ու կատարելով իրենց քաղաքացիական պարտքը, կու գան անգամ մը եւս փաստելու թէ լիբանանահայ գաղութը կը պահէ իր համայնքային ուժականութիւնը ե՛ւ լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ, ե՛ւ Սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ՝ իբրեւ առանցքային օղակ։
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՔՈԻԷՅԹԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ԱԶԴԱՐԱՐ Տեղեկատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 08, Ուրբաթ, 27 Փետրուար, 2009