
Քուէյթի Հայ Դատի Յանձնախումբի Անդրանիկ Յաղթանակը
Ուրբաթ, 6 Մարտ 2009-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ . Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի ու կազմակերպութեամբ՝ Քուէյթի Հայ Դատի յանձնախումբի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը ?Կովկասի Շրջանի Քաղաքական Իրավիճակը և Հայաստանը? խորագրով:
Օրուայ դասախօսն էր յանձնախումբիս անդամ Տիար՝ Պօղոս Մարտիրոսեան, իսկ բեմավարն էր բժշկ. Ժան Պէպէճեան։
Բեմավարը բարի գալուստի իր խօսքը փոխանցելէ ետք ներկայացուց Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքային ծրագիրը և հակիրճ կենսագրականով ծանօթացուց դասախօսն ու անոր նիւթը։
Սրբազան Հօր եւ հանրութեան կոկիկ ներկայութեամբ, աւելի քան մէկ ժամ դասախօսը սահիկներով ներկայացուց իր նիւթը, ուր անդրադարձաւ Կովկասեան ժողովուրդներու պատմութեան՝ շատ համառօտ կերպով, հսկայ կայսրութիւններու և պետութիւններու համար շրջանի կարեւորութեան և վերջապէս Հայաստանը՝ որպէս դարպաս Կովկասի իր ունեցած տնտեսական ու ռազմավարական դիրքերով։
Դասախօսութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ Սրբազան Հայրը և ողջունելով դասախօսն ու ներկաները բարձր գնահատեց մատուցուած նիւթը, Հայ Դատի յանձնախումբի տարած աշխատանքը և իր կարգին քանի մը յուշ-գիտելիքներով երանգաւորեց սոյն երեկոն։
Հանրութեան կողմէ ուղղուած հարցերուն պատասխանելէ ետք ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին, այն համոզումով, որ յառաջիկային կը կրկնուին նման դասախօսական շարքեր, որոնք կը սատարեն հայ իմացականութեան զարգացման ու վերաշխուժացման։
ԱԶԴԱՐԱՐ Տեղեկատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 10, Ուրբաթ, 13 Մարտ 2009
?