Քերմէս Քուէյթի մէջ (2009)

Քերմէս Քուէյթի մէջ (2009)

Գրեց՝ Դալար Գալէմքեարեան


Քերմէս… Քերմէս…:


Այս բառին արձագանգը ամենուրէք կը լսենք: Դպրոցէն ներս, տունը, եկեղեցւոյ բակին մէջ ու հայկական բոլոր հաւաքներուն գրեթէ ամէնէն արտասանուած նախադասութիւնը՝?Քերմէսի պիտի գա՞ս?, պատասխանը մէկ է ու անփոփոխ, անշուշտ դրական ու հաստատական այո՛ մը:


Քուէյթահայութեան երկար սպասած ամիսը՝ Փետրուարը հասած է արդէն: Բոլորին սրտերը անհամբերութեամբ կը տրոփեն: Չէ՞ որ պիտի դիմաւորեն Փետրուարի 25,26,27- ը, անոնք ներկայ պիտի ըլլան Քուէյթի Ազգային Վարժարանի հոգաբարձութեան կազմակերպած քերմէսին:


Չկայ մէկը, որ անծանօթ մնացած ըլլայ այդտեղ տիրող հաճելի մթնոլորտին: Այդ օրերուն Քուէյթահայ գաղութը մէկ մարդու վերածուած կարծես կը գիտակցի, որ անգամ մը ևս պէտք է միասնական աշխատանքով յաջողցնէ քերմէսի նպատակը, որ կը ձգտի ոչ միայն իրականացնել պարզապէս տարիներու աւանդութիւնը, հապա անգամ մը ևս կը փափաքի հայերու միատեղումը տեսնել, հայկական մթնոլորտով ապրիլ ու փաստել, որ բոլորս դպրոցին ենք ու դպրոցը՝ մերը:


2009-ի եռօրեայ քերմէսը ամէն տարուան պէս ու ամէն տարուընէ աւելի հաճելի էր, ջերմ, կազմակերպուած ու ամբողջական:


Դպրոցէն ներս եռուզեռը անպակաս էր: Ահա հայկական երաժշտութիւնը կը հնչէր, փչող հովին հետ տիկնանց յանձնախումբին պատրաստած համեղ ճաշերուն բոյրը կը միախառնուէր ու ախորժակները կը սրէր, ընկերային յանձնախումբը տքնաջան կ'աշխատէր ամէն ինչ կատարեալ դարձնելու, ուսուցչական կազմը նաև ինչպէս միշտ կամաւոր կերպով կը մասնակցէր տարբեր աշխատանքներու, անոնք կրկին աշակերտներուն հետ էին, անոնցմէ խումբ մը ուսուցչուհիներ կը շպարէին փոքրերուն դէմքերը, անոնց գեղեցկութեան աւելցնելու աւելի փայլք մը: Բոլորը կ'աշխատէին դպրոցի համար, իւրաքանչիւրը իրեն սահմանուած պարտականութեան խիստ գիտակցելով:


Այդ օրերուն ամէն ոք աւելի գեղեցիկ էր, ուրախ ու եռանդուն: Ամէնէն խանդավառը երեխաներն էին, որոնք խաղավայրէն չէին հեռանար, իսկ պատանի դպրոցականները՝ օգնականները, որոնք նաև իրենց մասնակցութիւնը ցուցաբերեցին տաղաւարներէն ներս և դուրս:


Մթնոլորը հայկական էր, ճոխ: Գեղարուեստական յայտագիր, երգ, պար, խաղ…: ?Անպայման վիճակահանութիւն մը գնեցէ՛ք, վստահ եմ դուք պիտի շահիք?, ?Օրիորդ, երկու հատ ֆիշ հաճիս?, ? Հինգ հատ ճաշի տոմս…?, ?Տիկնիկային թատրոնը սկսա՞ւ?, ?Մուտքի տոմսը որո՞ւն թիւը շահեցաւ?, ?10,000 տոլարի վիճակահանութեան սկսա՞ն?, ?Պինկօ մնա՞ց?, ? խորովածը պատրաստ է?….:


Ահա հարազատ պատկերը մեր սիրած ու յաջողցուցած քերմէսին:


Շնորհակալութիւններու շարքը երկար է, անոնցմէ առաջինը՝ Գերաշնորհ՝ Տէր Կորիւն Արք. Պապեանին, որ իր հայրական օրհնութեամբ ու ներկայութեամբ միշտ նեցուկ կը կանգնի գաղութիս բոլոր տեսակի աշխատանքներուն:


Շնորհակալութիւն Քուէյթի Ազգային Վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, տիկնանց ու ընկերային յանձնախումբերուն, ուսուցչական կազմին ու բոլոր աշխատողներուն, նուիրատուներուն, որոնք ուժ և ջանք չխնայեցին և վերջապէս բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին ձեռնարկը: Գոհունակութիւնը յստակ էր բոլորին դէմքերուն վրայ:


Քերմէսը վերջացա՞ւ…..Ուրեմն ցտեսութիւն մինչ 2010….


ԱԶԴԱՐԱՐ Տեղեկատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 10, Ուրբաթ, 13 Մարտ 2009