Բարեկենդանի նուիրուած յատուկ խրախճանք
Երեքշաբթի, 24 Փետրուար 2009-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4։00-ին, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի երկրորդական կարգերու աշակերտները, աշխոյժ եւ խանդավառ տրամադրութիւններով հաւաքուած էին դպրոցին սրահը։ Սրահը զարդարուած էր փուջիկներով, գոյնզգոյն ժապաւէններով ու փայլփլուն լոյսերով՝ ստեղծելու համար տօնական տաքուկ մթնոլորտ մը։
Առիթը Բարեկենդանն էր ։
Աշակերտական անմեղութեամբ պատճուճուած տարազներով, անոնք միասնաբար եկած էին՝ զուարճանալու, վերյիշելու ու վերապրելու Հայոց աւանդական ամենահաճելի տօնը ։
Պարանցիկ աշխոյժ վայրկեաններու տեւողութեամբ աշակերտները ապրեցան հաճելի անակնկալներ, մերթ ընդ մերթ խաղացին նախապէս պատրաստուած յատուկ խաղեր, որոնք մշակուած էին խումբ մը աշակերտներու կողմէ՝ ուսուցչաց կազմէն Տիկ. Աննա Մանուկեանի հսկողութեամբ:
?
Ընթացքին տեղի ունեցաւ լաւագոյն ծպտեալ աշակերտներու ընտրութիւնը՝ տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմի կողմէ ։
Աւելի քան հինգ ժամերու տեւողութեամբ, Քուէյթի Ազգային վարժարանի աշակերտները իրեց սոյն ձեռնարկով փաստեցին, որ իրենք տէրն են Հայոց աւանդոյթին ու մշակոյթին։
ԱԶԴԱՐԱՐ Տեղեկատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 10, Ուրբաթ, 13 Մարտ 2009
?