
Բարեկենդանը Քուէյթի Ազգային Մանկապարտէզէն ներս
Արեգակ Մանկապարտէզը, ըստ սովորութեան, այս տարի եւս տօնեց հայկական մեծագոյն տօներէն մէկը՝ ?Բուն Բարեկենդանը?։
Բոլոր աշակերտները եւ ուսուցչուհիները միասնաբար լծուեցան աշխատանքի։ Նախապատրաստութեան համար իւրաքանչիւր աշակերտ իր հետ բերաւ սպիտակ մեծ չափով ներքնաշապիկ։
Փոքրիկները հաւաքուեցան դպրոցի բակը եւ իրենց կակուղ թաթիկներով շապիկները կնքեցին գունաւոր ներկերով եւ պատրաստեցին գունագեղ գլխարկներ։
Հասաւ Բարեկենդանի օրը։ Փոքրիկները՝ իրենց պատրաստած զգեստները հագած ու գլխարկները դրած, խանդավառ խաղացին, պարեցին և ոգեւորուած դիմաւորեցին Պուրպատիկն ու Նուռինը, որոնք կը խորհրդանշեն հայոց այգեգործութեան, հացաբոյսերու, բերքի տօներու, հովանաւոր աստուածութիւններու մարմնաւորումը հեթանոսական շրջանին։
Այսպիսով հայ ժողովուրդը կը շարունակէ պահել իր աւանդութիւնները կրօնական տօներու կողքին։
ԱԶԴԱՐԱՐ Տեղեկատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 08, Ուրբաթ, 27 Փետրուար, 2009