Սրբոց Վարդանանց տօնի յիշատակութիւնը

Սրբոց Վարդանանց տօնի յիշատակութիւնը

Vartanants in KuwaitՎարդանանց տօնը, որ միշտ կը զուգադիպի Հինգշաբթի օրուայ, եկեղեցական եւ ազգային Տօն մըն է:


Համաձայն հինէն եկող աւանդութեան, փակ կը մնան մեր բոլոր ազգային եւ եկեղեցական հաստատութիւնները՝ դպրոց, առաջնորդարան եւ Ս. Պատարագ կը մատուցուի մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս՝ պանծացնելու համար յիշատակը Վարդանանց հերոսամարտի:


Հինգշաμթի, 19 Փետրուար 2009-ին, ժամը 6։00-ին, Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Քուէյթի և Արաբական Ծոցի Երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Արք. Պապեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ աղի օրհնութիւն։ Ապա Սրբազան հայրը, քահանայ հօր հետ՝ դպիրներու ընկերակցութեամբ ու հաւատացեալներու ներկայութեամբ եկեղեցւոյս շրջափակէն ներս մատաղցու ոչխարները օրհնեց, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ոչխարներու զեղում։


Ըստ աւանդոյթին, հաւատսցեալները օրհնուած աղի իրենց բաժինը վերցնելով իրենց տուները վերադարձան ։ Անկէ ետք, եկեղեցւոյս օժանդակ տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան տիկինները անմիջապէս լծուեցան գործի։ Մինչեւ ուշ գիշեր՝ անոնք ներշնչուած հոգեւոր շունչով, անվարան կատարեցին իրենց վստահուած աշխատանքը։


Առաւօտուն արդէն Մատաղը պատրաստ էր։


Ուրբաթ, 20 Փետրուար 2009-ին, տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսաւոր Ս.Պատարագ՝ նուիրուած Ս. Վարդանանց յիշատակին, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Քուէյթի և Արաբական Ծոցի Երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Արք. Պապեան։


Ան պատմական հակիրճ ակնանրկէ մը ետք ներկայացուց Վարդանանց Ճակատամարտը եւ յիշեց, թէ Վարդանանք հաւատքի մարդիկ էին, սնած՝ քրիստոնէական շունչով ու աւետարանական սկզբունքներով: Այդ հաւատքը անոնք յաջողած էին միաձուլել իրենց ազգային գիտակցութեան, նախանձախնդրութեան եւ ձգտումներուն հետ։


Vartanants in KuwaitԱն բարձր գնահատեց Ս. Վարդանանց կատարած այդ մեծ զոհողութիւնը և իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, որ Վարդանանք ու բոլոր Վարդանները մեր պատմութեան մէջ այսօր ո՛չ միայն մեզ կը պահեն, այլ կը վերանորոգեն, կը վերակենսաւորեն մեզ մեր գոյութեան պայքարին մէջ: Եկէ՛ք լսենք անոնց ձայնը, ապրի՛նք անոնց հոգիով: Հետեւինք Աւետարանի սկզբունքներուն ու քալենք անշեղ, հոգեպաշտ ու հոգենուէր, մեր հայրերու կեանքի ճամբէն: Լեցնենք մեր եկեղեցիները ամէն Կիրակի ու մեր զաւակները ղրկենք հայկական վարժարան, որպէսզի անոնք մեծնան մանուկ Վարդաններու նման՝ ըլլալու համար քաջն Վարդաններ: Մշտաբարբառ ու մաքուր պահենք մեր մայրենի լեզուն, որով առաջին անգամ հաղորդակից դարձանք Աստուծոյ խօսքին:


Խօսքի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյս օժանդակ տիկնանց յանձնախումμի ժրաջան տիկիններուն, որոնք պատրաստած էին Համեղ Մատաղը։


Ապա տեղի ունեցաւ Մատաղի օրհնութիւն, որմէ ետք հաւատացեալները, ստացան իրենց մատաղի բաժինները ու զուարթուն վերադարձան իրենց տուները՝ վերանորոգուած ուխտով ու վերապայծառացած հաւատքով։


Ուխտը կատար բոլոր հաւատացեալներուն։


ԱԶԴԱՐԱՐ Տեղեկատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 08, Ուրբաթ, 27 Փետրուար, 2009