
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ՝ ՔՈՒԷՅԹԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2009-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ Քուէյթի ?Սալմիյէ? շրջանին մէջ գտնուող, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Քուէյթի և Արաբական Ծոցի Երկիրներու թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Արքեպիսկոպոս Պապեանը:
Ան ներկայացուց Յիսուսի տաճար ընծայման դէպքը եւ նկատել տուաւ, որ Տեառնընդառաջի տօնը նուիրուած է մանուկներուն՝ նշելով, որ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութենէն ետք փոքրիկները խորանին շուրջ կը դառնան՝ իբրեւ ընծայման խորհրդանիշ։
Ան նաեւ բացատրեց Տեառնընդառաջ բառին իմաստը, որ կը նշանակէ Տիրոջ ընդառաջ երթալ, Տէրը դիմաւորել:
Սրբազան հայրը նաեւ յայտնեց, որ այս տօնը ունի իր ազգային, հայկական նախաքրիստոնէական սովորութիւնները, որոնք գլխաւորաμար կը մարմնաւորուին եկեղեցիներու բակերուն մէջ կրակ վառելու երեւոյթով։
?Այս տօնը, կապուած ըլլալով փոքրերուն, յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ փոքրիկը ժողովուրդի մը ապագան է?, հաստատեց Կորիւն Արք. Պապեան՝ աւելցնելով, որ Տեառնընդառաջի տօնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եղած է նորապսակներու տօն։ ?Այս տօնը պարզ եկեղեցական աւանդութիւններ եւ սովորութիւններ պարփակող տօն մը չէ?, շեշտեց սրբազանը՝ բացատրելով, որ այս տօնը իր կրօնական, քրիստոնէական եւ հայկական արժէքը ունի։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն պահելու իրենց հաւատքը, որուն պահպանումով պիտի գտնեն իրենց կեանքի ապահովութիւնը։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը։
Մնանք Վարդանի Նման Հաւատարիմ Ջահակիրներ
Հայ իրականութեան մէջ ազգային արժէքներու հանդէպ մեր ունեցած պաշտամունքը իւրայատուկ է հայու նկարագրին։ Աշխարհի վրայ չկայ իր նախահայրերու կողմէ կտակուած արժէքներուն ու բարքերուն հաւատարմօրէն կառչած ազգ մը, քան՝ մեր Հայրենասէր ու խիզախ հայորդիները։
Մեր դարաւոր պատմութեան էջերուն մէջ, մեր նախնիներու արեամբ արձանագրուած պատուաμեր հերոսութիւնները նոր սերունդին փոխանցելու նպատակով, Ք.Ա.վարժարանի Տնօրէնութիւնը, համագործակցաբար Ուսուցչաց կազմին հետ Հինգշաբթի, 19 Փետրուար 2009-ին, առաւօտեան կազմակերպեց աշակերտական գեղարուեստական յայտագիր մը, ի յիշատակ Սրբոց Վարդանանց նահատակներուն։
Բացման խօսքով բեմ μարձրացան Ե. կարգի աշակերտներէն՝ Սիրակ Արոյեան, Մարգարիտ Չամսարեան եւ Բարտի Պէտիրեան։
Անոնք իրենց խօսքին մէջ անդրադարձան քաջ Վարդանի Հայրենասիրութեան ու խոստացան հաւատարիմ մնալ Վարդանի կտակին։ Երրորդ կարգէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին ասմունք՝ ?Անթառամ Վարդանին?, որոնց յաջորդեցին երկրորդ կարգի աշակերտներէն խմբակ մը ու ներկայացուցին ասմունք՝ ?Քաջ Վարդանին երգը?, ապա Չորրորդ կարգի աշակերտներէն խումբ մը ներկայացուցին ?Վարդան քաջ Զօրավար? ոտանաւորը։
Յայտագրին վերջին բաժինը վստահուած էր Ե. կարգի աշակերտներուն, որոնք միասնաբար , աշխոյժ տրամադրութեամբ երգեցին քաջ Վարդանի երգը։
Յայտագրի փակումը կատարեց Վարժարանիս Տնօրէն Բժշկ. Մանուկ Մանուկեան՝ փոխանցելով օրուայ խորհուրդը։
ԱԶԴԱՐԱՐ Տեղեկատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 07, Ուրբաթ, 20 Փետրուար, 2009