Մամուլի տակ է՝ ?Ծառայութեան անսպառ աղբիւր՝ Հ.Մ.Ը.Մ.? յուշամատեանը
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 90 և Քուէյթի մեկուսի մասնաճիւղի 25 ամեակներուն նուիրուած սկաուտական ձեռնարկի և պաշտօնական տօնակատարութիւն-խրախճանքի իրագործման համար, Քուէյթի մեկուսի մասնաճիւղիս վարչութիւնը յառաջացուց կեդրոնական յանձնախումբ մը, որուն վստահուած էր հսկայ աշխատանքի մը ծրագրումն ու իրագործումը։ Կեդրոնական յանձնախումբը իր կարգին ենթայանձնախումբերով լծուեցան գործի ու իրականացուցին բացառիկ աշխատանք մը։
Արդ, իր աշխատանքի ամենակարեւոր բաժինը ?ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍՊԱՌ ԱՂԲԻՒՐ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.? ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆի ամբողջական աշխատանքը արդէն հասած է իր աւարտին ու մօտ օրէն լոյս կը տեսնէ գաղութէս ներս։
Իր խորքով բովանդակալից այս արծաթեայ հատորը, Քուէյթահայութեան պատմութեան մէջ կը նկատուի եզակի յաղթանակ, որուն ծալքերուն մէջ կը շօշափենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 90 և Քուէյթի մեկուսի մասնաճիւղի 25 ամեակներուն բազկերակը։
Վարձքը կատար բոլոր նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն։
ԱԶԴԱՐԱՐ Տեղեկատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 05, Ուրբաթ, 06 Փետրուար, 2009