Գրեց՝ Կարօ Յ. Արսլանեան
Ադամական մեղքը՝ որպէս Աստուծոյ արքայութեան դէմ գործուած ոճիռ, ահաւոր ու անսպասելի էր այնքան ատեն, երբ տէր Աստուած Ադամին պարգեւած էր ամէն հաճոյք, ամէն իրաւունք ու վերջապէս ազատութիւն. թէկուզ խղճի, խօսքի ու գործի, բացի այն բանէն, զորս տէրը արգիլեց զայն, որպէսզի փորձէ անոր կամքի տոկունութիւնը, հոգեկան յոյզերու սլացքի տարածքը և մտային ծրագրաւորման անթերի կատարումն ու ամբողջականութիւնը։
Սակայն առաջին փորձով Ադամ ձախողած դուրս եկաւ, աւելին՝ արտաքսուեցաւ դրախտէն և կորսնցուց ամէն իրաւունք ու հաճոյք, այս անգամ, բացի անարդար քննադատութենէ և անդադար պոռոտախօսութենէ։
Ադամ դարձաւ անգործ դատաւոր մը ու փորձեց անընդհատ լուծումներ արձակել այն հարցերուն, որոնք ի սկզբանէ գոյութիւն չունէին, այլ իր ?Նոր Աշխարհ? մուտքով ծնունդ առած էին դիւրիմացաբար։
Այսպէս դատաւոր Ադամը, որ մինչեւ օրս կը տառապի անգործութենէ, ապա անկայունութենէ, ինքզինք սեղմած է օղակի մը մէջ, զորս կը կոչէ ԴԱՏԱՐԱՆ և արդարութիւն հաստատելու միտումով՝ գոցած է նաեւ աչքերն ու ականջները, կ՛աշխատի անընդհատ վճռահատումներ կատարել այնպիսի խնդիրներու, որոնք արդէն ցնորաբանութիւններ են։
Իսկ մեր հարցը հետեւեալն է. արդեօ՞ք Ադամ իսկապէս հայ էր, թէ հայ մարդը ինչ որ Ադամի նկարագրային վատ գիծերը ժառանգած էր։
Սիրելի՛ բարեկամներ,
Վերոյիշեալ տողերը հեքիաթ մը չեն ներկայացներ, ո՛չ ալ առասպելական մէկ դրուագ, այլ իսկական պատկեր մը, որ վերածուած է զզուելի կատակերգութեան մը, որուն բեմադրիչն ու դերակատարները, հանդիսատեսն ու քուլիսային աշխատողները դարձած են մէյ- մէկ դատաւոր ու անընդմիշտ կը սպառնան իրար ու ցեխարձակ տարափ մը կը թափեն՝ տակաւ ծաղկած կանաչ մտքերու վրայ։
Ահաւասիկ կատակերգութիւն մը, որ քողարկուած ողբերգութիւն է։
Մենք կը հաւատանք, որ հայ անհատը սովորական Ադամ մը չէ, այլ ցեղասպանութենէ փրկուած և նոր ցեղասպանութիւններ դիմագրաւող այն ճշմարտութիւնն է, որուն կը պակսի միմիայն ինքնադատում և ինքնարժեւորում, այլապէս մեզի կը սպասէ ո՛չ միայն
ցեղասպանութիւն մը եւս, այլ՝ ոգեսպանութիւն։
Արդ, եկէ՛ք ազգովին հրաժարինք անգործ դատաւորի մեր հանգամանքէն, վերստուգենք մեր ընթացքը, մեր խիղճն ու գնացքը, յարգալից բազուկներով գրկենք միմիանց ու լայնախոհութեամբ ընդունինք զիրար, փոքրին բացատրենք ու մեծին կցենք, հանդուրժենք, սիրենք, մենք զմեզ քննենք, թողենք դատերը բոլոր խեղճ մարդկանց, Մեծ Դատաւորին բիւր դատաւորաց, մեր Քրիստոսին, մեր Տիրոջ՝ Աստուած։
ԱԶԴԱՐԱՐ Տեղեկատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 03, Ուրբաթ, 23 Յունուար 2009