
Նոր Տարուայ տօնակատարութիւններ Քուէյթի Ազգային Վարժարանէն ներս
Կիրակի, 28 Դեկտեմբեր 2008-ին, առաւօտեան ժամը 10։00 ին, Ք.Ա.Վարժարանի բակէն ներս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի Նոր Տարուայ առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութիւնը։
Ներկայ էին հոծ բազմութիւն մը՝ ծնողներ, աշակերտներ, ուսուցչաց կազմ և այլ հիւրեր։ Մթնոլորտը ճոխ էր, իսկ փոքրիկներուն երջանկութիւնը անսահման ու բազմերանգ։
Կաղանդ պապային զուարթ մուտքով մթնոլորտը աւելի ջերմացաւ և մանուկները իրենց ժիր երգերով ուրախացուցին բոլորին։
Երկուշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2008-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4։30-ին, Ք.Ա.Վարժարանի միջնակարգի աշակերտները նաեւ մեծ ցնծութեամբ դիմաւորեցին Ամանորը ?Քարլթըն Թաուըր? պանդոկի ճաշարանէն ներս։ 5-6-7-8-րդ կարգերու աշակերտներուն համախմբումը իրենց դաստիարակներուն և ընդհ. հսկիչ՝ Պրն. Վահէ Պաղճեանի ներկայութեամբ բացառիկ ճոխ ու հաճելի էր:
Անոնք աւելի քան 4 ժամերու տեւողութեամբ երգ ու պարով, համեղ ուտելիքներով դիմաւորեցին Նոր Տարին։
Երեքշաբթի, 30 Դեկտեմμեր 2008-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Ք.Ա.Վարժարանի Նախակրթարանի աշակերտները նաեւ մեծ հրճուանքով դիմաւորեցին Ամանորը։
Երեքշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2008-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5։00-ին, Ք.Ա.Վարժարանի Ճեմարանի աշակերտները մեծ հրճուանքով դիմաւորեցին Ամանորը ?Քարլթըն Թաուըր? պանդոկի ճաշարանէն ներս։ 9-10-11-12-րդ կարգերու աշակերտներուն համախմբումը ընդհ. հսկիչ՝ Պրն. Վահէ Պաղճեանի ներկայութեամբ բացառիկ ճոխ ու հաճելի էր, անոնք աւելի քան 5 ժամերու տեւողութեամբ երգ ու պարով, համեղ ուտելիքներով դիմաւորեցին Նոր Տարին։ Ընկերային հաճելի ու մտերմիկ մթնոլորտը կը տիրէր ամենուրեք։ Մեր վաղ երիտասարդները՝ պահ մը մոռցած իրենց դասերու ծանրութիւնը, վերաթարմացած դիմաւորեցին Նոր Տարին։
ԱԶԴԱՐԱՐ Տեղեկատու Առաջնորդարանի Հայոց Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմին
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 03, Ուրբաթ, 23 Յունուար 2009