• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Քուէյթի Ազգային Վարժարանի փայլուն նուաճումը

March 27, 2009
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Քուէյթի Ազգային Վարժարանի փայլուն նուաճումը</FONT>

Patil Zakarian and Alik ShannakianԳրեց՝ Մարալ Համպոյեան


2007 թուական՝ Հայ Լեզուի Տարի։


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակագրով 2007 թուականը հռչակուեցաւ ?ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՏԱՐԻ?։


Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմերու վարժարաններուն մէջ կազմակերպուեցան բազմաթիւ միջոցառումներ, շարադրական, արտասանական մրցումներ եւ այլ տեսակի մշակութային զանազան ձեռնարկներ։


Նոյն տարին, Վեհափառ Հայրաապետի մտայղացումով որոշուեցաւ հրատարակել աշխարհասփիւռ հայ աշակերտ-աշակերտուհիներուն՝ Հայ Լեզուին ու Հայ Գիրքին նուիրուած շարադրութիւններու հատոր մը։


Քուէյթի Ազգային Վարժարանը անմասն չմնաց այդ նախաձեռնութենէն։ Օրին վարժարանիս հայրենաւանդ ուսուցիչները լծուեցան աշխատանքի եւ հայագիտական նիւթերու մէջ գերազանց աշակերտներուն շարադրական փորձերը ուղարկեցին Անթիլիաս՝ Հայագիտական բաժանմունքի գրասենեակ։


Այսօր երախտագիտական բարձր զգացումներով եւ հպարտանքով կը յայտնենք, թէ վերոյիշեալ հատորը հրատարակուեցաւ 2008 թուականին՝ ?ԶՀԱՑ ՄԵՐ ՀԱՆԱՊԱԶՈՐԴ? խորագրով, որուն Քուէյթի բաժնին մէջ, հրատարակութեան արժանացան վարժարանիս աշակերտներէն՝ Փաթիլ Զաքարեանի եւ Ալիք Շաննաքեանի ստեղծագործական շարադրութիւնները՝ նուիրուած Հայ Լեզուին եւ Հայ Գրականութեան՝ արժանանալով խմբագրական կազմի գնահատանքին։


Կը մաղթենք Փաթիլին եւ Ալիքին նորանոր յաջողութիւններ, կանաչ ճանապարհ եւ յարատեւ նուաճումներ. ?Յաղթական բարձրացէ՛ք կեանքի անվերջանալի աստիճաններէն՝ միշտ բարձր պահելով հայ լեզուն, հայ գրականութիւնը եւ հայ մշակոյթը?։


Ստորեւ կը ներկայացնենք Փաթիլ Զաքարեանի եւ Ալիք Շաննաքեանի շարադրութիւնները՝ հրատարակուած ?ԶՀԱՑ ՄԵՐ ՀԱՆԱՊԱԶՈՐԴ? գիրքին մէջ։







Յաղթական Երթ


Գրեց՝ Փաթիլ Զաքարեան


Ազգի մը գոյութեան զօրաւոր կռուանն է, գոյատեւման բանալին, զարգացման, յառաջադիմութեան ու բարելաւման լուսաւոր ուղին։


Ան լեզո՜ւն է, որուն միջոցաւ կը յատկանշուի ազգ մը և անոր հովանիին տակ կը մեծնան սերունդներ։


Հայոց լեզուի հավանիին տակ հասակ առին, աճեցան և ուռճացան իրերայաջորդ սերունդներ, սկսած Մեսրոպ Մաշտոցով ու հասնելով նորահաս սերունդ։


Ու հիմա, ակնարկ նետելով հայոց լեզուի ստեղծագործ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի հիասքանչ աշխատանքին վրայ, էութիւնս կը լեցուի միայն ու միայն հպարտանքի զգացումով։ Կը հիանամ տարուած աշխատանքին։ Մեսրոպ Մաշտոց իր մեծ ջանքերով ու հրաշագործ այբուբենով մեզ զինեց դարերու աղէտներուն ու դժուարութիւններուն դէմ։ Մեզի համար կերտեց հարուստ անցեալ մը ու նոյնքան հարուստ մշակոյթ՝ գրականութեամբ ու արուեստով լեցուն։


Մաշտոցեան երկաթագիր տառերով, քաղցրահունչ բառեր կը գովերգեն Մեծն Մեսրոպն ու մայրենի լեզուն.


?Դու ,անմահութեան ազնիւ ճանապարհ,
Դու ես դէպի լոյս մղել Մաշտոցին,
Մեզմով է խօսել մեծ Խորենացին,
Արաքսի նման անխոնջ,անսպառ,
Դու, անմահութեան ազնիւ ճանապարհ?։


Գիր ու գրականութիւն հազիւ ճանչցած մեր ազգը գուրգուրաց ու տէր դարձաւ այբուբենին, զարդարեց ու գեղեցկացուց զայն ու միշտ պահեց պատունդանի վրայ՝ հիացմունքով նայելով անոր փայլուն տառերուն։


? Ու Մայրենի Սուրբ Լեզուն մե՜զ պահեց։ Ան դարձաւ մեր սեփականութիւնը, մեզ զգաստ ու արթուն պահելով՝ դարձուց ընկերը գեղեցիկին, բարիին, վսեմին ու լաւին։ Մեր մայրենի լեզուով հիւսուած մշակոյթը մեզ դասեց քաղաքակիրթ ժողովուրդներու շարքին ու սերունդէ սերունդ գիտակցելով այս անխախտ իրականութեան՝ մենք զմեզ կը զգանք հպա՜րտ, հզօ՜ր, յաղթակա՜ն ու հա՜յ։







Հայոց Կանթեղը


Գրեց՝?Ալիք Շաննաքեան


Լեզուն ազգի մը ամէնէն կարեւոր գանձերէն մէկը կը նկատուի։ Լեզուն անոր գոյութեան կարեւորագոյն գործօնն է։ Առանց լեզուի նախ ազգը չի կրնար գոյատեւել եւ ապա՝ շուտով կը կորսնցնէ իր ազգային դիմագիծն ու կը ձուլուի։


Լեզուն նաեւ լաւագոյն միջոցն է՝ կարծիք, միտք և զգացում արտայայտելու։ Իւրաքանչիւր ազգ ունի իր լեզուն, որ դարերու ընթացքին զարգացած է մարդոց յառաջդիմութեան հետ, անոր միջոցաւ է, որ ազգի մը զաւակները կը հաղորդակցին իրարու հետ։ Հայերէնը իւրաքանչիւր հայ անհատի համար անփոխարինելի սրբութիւն է։


Հայ ժողովուրդի մեծ մասը այսօր կ՚ապրի օտար երկիրերու մէջ, 1915-ի զանգուածային ջարդերուն հետեւանքով, մեծ թիւով հայեր հեռացան իրենց հայրենիքէն ու մայրենի լեզուէն եւ ձուլուեցան։ Իսկ շատեր ալ կառչած մնացին իրենց արմատին, դիմագրաւեցին կեանքի բոլոր դժուարութիւնները, սփիւռքի մէջ ապրելով կազմեցին նոր դպրոցներ ու եկեղեցիներ եւ ստեղծեցին փոքրիկ Հայաստան մը։


Անոնք իրենց կրած տառապանքներուն դէմ զիրենք պահպանող ո՛չ ուժ եւ ո՛չ ալ արտաքին օգնութիւններ ունէին, այլ միայն՝ Մեսրոպեան Այբուբենը։


Այս բոլորը կը պարտինք այն հսկային, որ 405-ին հայ ժողովուրդին նուիրեց մշակոյթը զարգացնելու հզօր զէնք մը։ Ան մինչեւ օրս կը համարուի մեր եւ պատմութեան հերոսներէն ամենամեծը՝ իր կատարած գործին համար։


Մեսրոպ Մաշտոց կրցաւ հայոց այբուբենի գիւտը կատարել եւ հայ ժողովուրդի փրկութեան բանալին ստեղծել։ Մեր լեզուն կը համարուի աշխարհի ամէնէն հին լեզուներէն մէկը, որ հարուստ է իր բառապաշարով եւ քերականական կառոյցով։ Դարերու ընթացքին մեր լեզուաբաններն ու գիտնականները զայն մշակելով ու զարգացնելով մեզի տուած են ամբողջական կառոյցով գեղեցիկ լեզու մը։


Հայ լեզուն դարձաւ մեզ պահպանող եւ մեր յարատեւումը ապահովող միակ ուժն ու թուրը, որ մեր ունեցած բոլոր զէնքերէն ալ աւելի ուժեղ դուրս եկաւ։ Այլափոխման ահեղ հոսանքին դէմ, ամէն բանէ առաջ մեր լեզուն պէտք է դառնայ ազգակերտումի եւ ինքնապաշտպանութեան զօրեղ վահան։ Տակաւին, նորօրեայ այս դժուարին ժամանակներուն մէջ, պէտք է աշխատինք, որ զայն հայորդիներուն լոյսի եւ յոյսի աղբիւր դարձնենք, որպէսզի ձուլուելով օտարամոլ չդառնանք։ Հետեւաμար, տեղին է յիշել մեր վաստակաւոր գրագէտներէն Արշակ Չօպանեանի խօսքը. ?Ո՜վ մեր լեզուն, հայելի մաքրութեան, գորովի եւ արիութեան, դուն մեր հոգին ու արիւնն ես, դուն մեր զրահն ու մեր փառքն ես?։Հա՛յ ենք ու պիտի մնանք։


ԱԶԴԱՐԱՐ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԹԵՄԻՆ


ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 12, Ուրբաթ, 27 Մարտ, 2009

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՏօնախմբութիւն՝ Մայրերու Տօնին նուիրուած
Older PostՇնորհակալ ենք, Մայրի՛կ…
  1. silva July 5, 2010, 2:52 am

    Բաեւ ձեզ: Միայն հարցում ունիմ թէ ինչպէ՞ս կրնամ պարոն տնօրէնին հետ կապ պահել: Շնորհակալութիւն:


    Ազատ-Հայ կը պատասխանէ՝

    Կարելի է նամակ ուղարկել հետեւեալ հասցէով՝

    Armenian Prelacy, PO Box 8157, Salmiyeh 22052, Kuwait

Comments are closed.

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

The Armenian Genocide and Legal Paths to Resolution

April 14, 2024
item-thumbnail

The legacy of Berj Aprahamian

February 6, 2024
item-thumbnail

New initiative for Western Armenian learners

January 21, 2024
item-thumbnail

Attack on Armenian Clergy in Jerusalem

December 29, 2023
item-thumbnail

MIASIN, the Armenian social platform to invest in

December 26, 2023

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • American Armenians
  • Applications
  • Armenia
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Culture
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • French Armenians
  • Genocide
  • Greek Armenians
  • Heritage
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Jerusalem Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Media
  • Middle East Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Research
  • Rural Armenia
  • Saudi Arabia Armenians
  • Science
  • Social Platforms
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Summer Course of Armenian Language and Culture in Venice, Italy

item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

item-thumbnail

Կուսակցական մամուլը սփիւռքի մէջ. Հրաչ Քալսահակեան

TAG CLOUD

Applications Appstore Ararat Province Armenian Americans Armenian Art Armenian Design Armenian Fashion Armenian Genocide Armenian Language Armenian Songs Army Art Center Athens Basra Armenians Chinsurah COAF Diaspora Armenians Diaspora Topics Donations Education Egyptian Armenians Essam Nagy Genocide Ghukasavan History Immigration Iraqi Armenians Istanbul Kevrok Mourad Kolkata Krikor Jabotian Lebanese Armenians Momjian Music Application Nutrition Play Store Printing Research Rural Armenia Syrian Armenians Turkish Armenians UAE Armenians Vartine Ohanian West Bengal Western Armenian

Search this website

© 2024 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll