Sarkis Kassargian analyzes the current situation in the Armenian community in Aleppo and points out to the lack of democracy, transparency and accountability in community structures. “We see the same person ten and sometimes twenty years in the same position, gathering around him family members, relatives, in-laws, business partners and friends”, he says.
Community life should not be considered as a personal farm, he concludes.
Սարգիս Գասարճեան
Համայնքի ազգային կառոյցներուն մէջ տեղի ունեցող թերացումները, կամ տեղի չունեցող թերացումները (տեղի չունեցող գործունէութեանց պատճառով), յաճախ խօսակցութեան նիւթ դարձած է համայնքիս անդամներուն միջեւ: Իրար քով գալով, մտահոգներս, մենք մեզի կը խօսինք. առանց արդիւնքի հասնելու: Խզում կայ. ժողովուրդին ծառայելու համար ստեղծուած ազգային մարմիններու եւ ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած ազգային կառոյցներու, մէկ կողմէ, եւ նոյն ժողովուրդին միջեւ, միւս կողմէ:
Պատճառը, անկասկած, գոյութիւն չունեցող վերահսկումն է:
Ժողովրդավարական կարգը չի գործեր միութիւններու, կառոյցներու եւ այլնի մէջ: Նոյն անձը յաճախ տասը, մինչեւ քսան տարի կը տեսնենք նոյն պաշտօնին վրայ, իր շուրջ հաւաքած ընտանիքի անդամները, ազգականներն ու խնամիները, գործընկերներն ու բարեկամները: Ազգի կառոյցները դարձած են ընտանեկան աշխատատեղեր, որոնք կը շահագործուին. առանց հաշուետու ըլլալու ազգին ու ժողովուրդին:
Եթէ հարց տանք, թէ ինչո՞ւ չեն զարգանար մեր ազգային կառոյցներուն գործունէութիւնները, եթէ կան այդպիսիք: Ինչո՞ւ չեն սրբագրուիր սխալները:
Պատասխանը վերը մեր յիշած ախտերն են, որոնք բուժելը անկարելի դարձեր են կարծես:
Մենք երբեւէ չտեսանք մեկը, որպէս հայ համայնքի պատասխանատու, կամ ներկայացուցիչ, որ մեր համայնքի անդամներուն, հետաքրքրուողներուն իմացնէր մեր ազգային կառոյցներու գործունէութիւններուն մասին: Եղածն ալ, հանդիսութիւններու բացումներուն, նոյնիսկ կարդացողի չհաւատացած գովասանքներն են այս կամ այն ?միութեան? հասցէին:
Գովասանք, ծափահարութիւն, եւայլն, եւայլն: Բայց մենք եւ բոլորս գիտենք, որ ետ քայլի մէջ ենք: Երանի տեղքայլի մէջ ըլլայինք: Առաջընթացի մասին խօսիլ կարելի չէ այս պայմաններուն մէջ:
Բողոքներ կան, գանգատներ, մտահոգութիւններ, ըսելիքներ, հարցեր: Սակայն չես գիտեր ինչո՞ւ. ?ժողովուրդ չկայ? կը համարեն:
Մենք կը կարծենք, որ ?ժողովուրդը չհարցնէր? մտածելակերպով մարդիկ հաշուետու չեն նոյնիսկ իրենց ընկերներուն եւ միութիւններու անդամներուն եւ ժողովներուն:
Հետեւանք՝ համայնքի նիւթական եւ բարոյական արժէքներու վատնում, մսխում:
Հետեւանք՝ յուսահատութիւն, որ բան մը կրնայ փոխուիլ ու շտկուիլ:
Մեր նպատակը շինել է. քանդել չէ: ?Ակումբը? անձնական խանութի վերածել չըլլար:
Source: Facebook group: Syrian Armenian heading to where?, 15 July 2011
http://www.facebook.com/groups/142651752479559?view=doc&id=147257818685619
I agree with with Sarkis. There are too many examples proving every word he mentions in his article. People are not stupid, they decide to be away rather than being involved in activities, etc, as they find the community is stepping backward. I guess not only in Syria, but also in other Armenian communities, the situation is almost the same…
Շատ ճիշդ են գրածներդ: Ողջամիտ եւ արդար հարցեր ներկայացուցած ես, սակայն զգոյշ եղիր, քանի որ գործդ խօսքով հասկցող մարդոց հետ չէ: Մեծ հաւանականութեամբ վաղը պիտի գան եւ քու գլուխդ ցաւցնեն, իրենց իրենք սրբագրելու փոխարէն քեզի բարդութիւններու առջեւ պիտի դնեն, եւ բնաւ մի զարմանար ամէն տեսակի վատութիւն կրնան ընել, քանի որ ասիկա իրենց կենցաղը դարձած է այլեւս, եւ իրենց շահերը պաշտպանելու համար պատրաստ են քեզի ամէն գնով ճզմելու: Երբ ապուշին ձեռքը իշխանութիւն տրուի շատ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, այս է մեր Միջին Արեւելքի համայնքներուն վիճակը, նամանաւանդ Հալէպի մէջ…..