
Memory recovery (1). Article by Maro Nigoghosian.
Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*
Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել
Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ անոնք որոնք իրենց ընտանիքին եւ ընկերային շրջանակին մէջ հաճելի ժամանցներով կը զբաղուին եւ նաեւ տարբեր շրջանակի հետ յարաբերութիւններ կը մշակեն, կրնան ցկեանս լաւ վիճակի մէջ պահել իրենց մտային կարողութիւնները։
Կարելի է նաեւ հիւանդանոցի մը մէջ կամաւոր աշխատիլ, խումբի մը գործունէութիւններուն մասնակցիլ, եկեղեցի յաճախել, իմաստալի եւ զուարճալի կեանքի ոճ մը որդեգրել, որու մէջ կը պարփակուին տարբեր մարդոց հետ միջ-յարաբերութիւնները։
Այս բաները կը կարծուին կանխել կամ գէթ ուշացնել յիշողութեան անկումը։ Թէեւ յստակ չէ թէ այս գործունէութիւնները ցնորամտութեան դէմ որքա՞ն կը պաշտպանեն ուղեղը, սակայն, յստակ է թէ լաւ կը գրգռեն զայն։
Ինչպէս յայտնի է, ուղեղին յառաջամասը պէտք է աշխուժանայ, որպէսզի պէտք եղած արտայայտութիւնը, գործունէութիւնները եւ վարուելակերպը կազմաւորուի։
Թւոմբերու կողմերը գտնուող ուղեղը պէտք է զբաղի, որպէսզի կարելի ըլլայ մարդոց անունները եւ անցեալը յիշել։
Գլուխի երկու կողմերու ուղեղը պէտք է գործունեայ ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ժամանակը եւ առարկաներու ուր դրուած ըլլալը յիշել։
Ուղեղին մղիչ (motor) մակերեսը պէտք է զօրանայ համադասելու համար խօսքերը եւ քալուածքը։ Ուրեմն, արդիւնաբեր գործունէութիւններով եւ ընկերային հաւաքոյթներով ուղեղը կ՚աշխուժանայ ու այսպէս կ՚ապահովուի անոր լաւ աշխատանքը։
Հեռուստատեսիլին առջեւ քնանալու սովորութիւնը կրաւորական գործունէութիւն է (թուլութիւն), որ բնաւ չի գրգռեր ուղեղը։ Մկաններու պէս երբ ուղեղը չգործածուի, կը տկարանայ (use it or lose it)։
Ուղեղը աշխատցնելու եւ հետաքրքրական անձ մը դառնալու համար բնաւ ուշ չէ սկսիլ։
Յանձնարարելի է մասնակցիլ կարգ մը զուարճալի ու ժիր ժամանցներու.-
– Պարի դասերու մասնակցիլ։
– Շաբաթը քանի մը ժամ միութեան մը մէջ կամաւոր աշխատիլ։
– Ընկերները յաճախ ճաշի հրաւիրել ու ամէն անգամ ճաշացուցակը փոխել։
– Միութեան մը անդամակցիլ։
– Ընկերոջ հետ հնութիւններու յատուկ խանութ մը այցելել։
– Հաճելի նուագահանդէսներու ներկայ գտնուիլ։
– Ընտանեօք aquarium, թանգարան եւ բուսաբանական պարտէզ երթալ (քաղաքին համեմատ)։
Զգուշանալ յուսալքումէ, stress-է, քրոնիք stress-ը եւ յուսալքումը յիշողութիւնը կը տկարացնեն։
Մարդոց մեծամասնութիւնը կը գանգատի յիշողութեան խնդիրներէ, որոնք կրնան յառաջանալ քրոնիք stress-էն, յոգնութենէն եւ վհատութեան ախտանշաններէն։
Alzheimer?s ունեցող հիւանդը յիշողութեան տկարացումէն չի գանգատիր, քանի որ գիտակից չէ։
Վհատութիւնը (depression) յաճախ շատ դանդաղ կը սողոսկի այնպէս որ անհատը չ՚անդրադառնար սկզբնաւորութեանը։ Ախտերը կը սկսին վատուժութեամբ եւ անտարբերութեամբ։ Ինքզինքը քաշ տալով կ՚ելլէ անկողինէն։ Առօրեայ նախասիրութիւններու, ընկերներու, գործի, ժողովի հանդէպ անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ, յանցաւոր կը զգայ, ինքզինք կը դատապարտէ բոլոր գործերուն համար, որոնք լաւ չեն ընթանար։
Ձգտուած եւ ջղային կը զգայ, չի կրնար ինքզինք յարգել, գէր եւ տգեղ կը զգայ, վրայ-գլուխի նկատմամբ անհոգ է։ Երկար կամ անբաւարար կը քնանայ, յիշողութիւնը եւ ուշադրութիւնը կը յետադիմէ եւ դժուարութեան կը մատնուի որոշումներու մէջ եւ կը մոռնայ հեռաձայնի թիւեր եւ անուններ, որոնք գոց գիտէր։
Եօթանասուն տարեկան կնոջ մը եթէ պատահին այս բաները, Alzheimer?s կը կարծէ ընտանիքը։ Դժբախտաբար երբեմն սխալ ախտաճանաչումով, Alzheimer?s-ի կնիքով կը կնքեն մարդիկը, որոնց խնդիրը խորքին մէջ depression է (վհատութիւն)։
Depression-ը մեծ յաջողութամբ կարելի է դեղերով դարմանել։ Ասիկա հիւանդութիւն մըն է, որ շուտափոյթ բժշկական դարմանումի կը կարօտի, որ կրնայ ըլլալ Thyroid-ի (վահանագեղձ) տկար աշխատանք, կենսանիւթ B12-ի եւ Folate-ի անբաւարարութիւն, բորբոքում, դէպի ուղեղ դանդաղ հոսանք, գլուխին պատահած արկած մը, մինի կաթուածներ, եւ դեռ զանազան պատճառներ։
Տարեցներու մօտ անտարբերութիւնը կամ առօրեայ նախասիրութիւններու հանդէպ հետաքրքրութեան պակասը, Alzheimer?s-ի կանուխ ազդանշաններ կը սեպուին։
Վհատութեան կամ յուսալքումի պարագային դեղերը կը բարելաւեն վարուելակերպը, նիստ ու կացը, սակայն անհատը կը շարունակէ կորսնցնել յիշողութիւնը եւ գիտակցութիւնը։ Բազմաթիւ պարագաներու համար լաւ կ՚օգնեն վհատութեան։ Դարմանումի ենթարկուող հիւանդը կը վերադառնայ իր նախկին գործունայ կեանքին։
Վհատող մարդիկ գէշ կը զգան, կը կարծեն պատասխանատուութիւններով ճնշուած ըլլալ եւ չեն ուզեր ապրիլ։ Սակայն դեղերէն քանի մը ամիս ետք, լոյսը դարձեալ կը տեսնուի։ Շատեր կը վերստանան իրենց կարողութիւնները եւ ոյժը եւ ապագային կը յառին հայեացքը։
Depression-ի թեթեւ ախտանշանները առանց դեղերու կ՚անցնին։ Երեք ամիսէն աւելի երբ շարունակուի, հարկ է բժիշկին դիմել։ Անոր նախանշանները կրնան ըլլալ հետեւեալները.-
– Նախասիրութիւններու, ընկերներու եւ սեռային յարաբերութեան նկատմամբ անտարբերութիւն։
– Անբաւարար քուն։
– Ուժասպառութիւն։
– Տխուր, մեղաւոր եւ անզօր զգալ, յոռի մտածումներ եւ ինքզինք վնասելու ձգտում ունենալ։
– Շատակերութիւն կամ ախորժակի կորուստ։
– Անբնական դանդաղութիւն։
– Անհանդարտ եւ ջղագրգիռ։
Ուրախ զգալու եւ stress-ը նուազեցնելու համար պէտք է կարգ ու կանոնի հետեւիլ։
Stress-ը եւ առօրեայ մտահոգութիւնները նուազեցնելու համար հարկ է լաւ բլանաւորել գործերը ու ժամանակը լաւ օգտագործել։ Ասիկա կը պահանջէ խնդիրներ լուծելու, կեանքը վերլուծելու կարողութիւն, դասաւորելու եւ բարելաւելու համար պարագաները։ Այս կը նշանակէ թէ կեանքը կատարեալ չէ եւ պէտք է ընդունիլ շուրջիններուն եւ մեր մէջ որոշ չափով անկատարեալը։
Դրական վարմունքը, իրերը զուգակշռելու կարողութիւն կու տայ, որ իր հետ կը բերէ հոգեկան խաղաղութիւն։ Երբ արդէն նուազած է քրոնիք stress-ը, ետեւէն կը հասնի յիշողութեան բարելաւումը։ Կարելի է ուրախ զգալ նոյնիսկ կեանքի դժուարին պարագաներու մէջ։ Ժպիտը յիշողութիւնը կը լաւացնէ։
Հետեւեալները պրկումը կը նուազեցնեն եւ ուրախ կը պահեն.-
– Ամէն օր մարզանք ընել։
– Համբերութիւն ցուցաբերել։
– Գործերը շաբաթ մը առաջ ծրագրել եւ կարգադրել։
– Սորվիլ ո՛չ ըսել, երբ շատ բաներ կան ընելիք։
– Երբեմն, սիրած բաները ընել, նոյնիսկ որ սուղ արժեն։
– Յաճախ ծաղիկներ գնել, կամ նուէր մը, ամուսինին եւ կամ բարեկամներուն։
* Օգտագործուած աղբիւր՝ Majid Fotuhi-ի գործերը
Dr. Majid Fotuhi, M.D., Ph.D, is the head of the Center for Memory and Brain Health at Johns Hopkins Medical Center and director of Memory Disorders Unit at Sinai Hospital of Baltimore.