• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Սննդառութիւն, ոճիր եւ յանցագործութիւն

August 14, 2009
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Սննդառութիւն, ոճիր եւ յանցագործութիւն</FONT>

Maro Keverian Nigoghossian 


Nutrition and crime. Article by Maro Nigoghosian.


Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*


Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել


Օրինակ մը կ՚առնենք հոս Աննան, այն աղջիկը, որ հանրածանօթ է իր հակաիշխանական կենցաղով եւ բռնութիւններով։ Մեծցած է ուրիշներու խնամքին տակ։ Ծանօթ է իր գողութիւններով, յարձակումներով, լուծարքներու եւ թմրեցուցիչներու չափազանցումով եւ յուսալքումի շրջաններով։


Արեան քննութիւնները ցոյց կու տան glucose-ի անբնական հանդուրժողութիւն եւ zinc-ի, magnesium-ի B կենսանիւթերու անբաւարարութիւն։


Առաւօտուն energy-ն (կորովը) կը ցածնայ, իսկ ցերեկը կ՚անցընէ յուսալքումի (depression) տագնապներով։


Սակայն 3 շաբաթ շաքարը կեցնելէ եւ կենսանիւթեր ստանալէ ետք, ինքզինք կը փրկէ թմրեցուցիչներէն եւ ընկճուածութենէն։ Կորովը կը բարելաւուի։


Երբ ոճիրներ եւ բռնութեան դէպքեր աշխարհի չորս դին կը տարածուին, ակամայ հարց մը կը ծագի ? արդեօք ուտելիքը մեծ դեր ունի՞ այս հարցին մէջ։


Ի՞նչ կ՚ընեն երբ մէկը ոճիր գործէ։ Ի հարկէ որ կը պատժեն, յետոյ գալիք ոճիրներու առաջքը առնելու համար կը մեկուսացնեն զայն եւ կամ կը փորձեն անոր խոտոր վարմունքին պատճառները վերացնել, վերականգնելու համար օրինազանցը։


Սակայն, վերականգնումի այս մարզին մէջ (rehabilitation) բան մը կ՚անտեսուի, այն է – սննդառութիւնը։


Մեր վարուելակերպին ազդող բազմաթիւ քիմիականներով պաշարուած ենք։ Միջավայրը երթալով կ՚ապականի։ Մեր ուտելիքները հիմնովին կը փոխուին եւ ինչպէս որ աննկատելիօրէն եւ դանդաղօրէն կը ծերանանք, նոյնպէս ալ մեր ուտելիքներուն եւ մեր միջավայրին աստիճանական փոփոխութիւնները չենք նկատեր։ Սակայն անոնց թողած ազդեցութիւնները ակնյայտ են։


Իրողութիւն է արդէն այսօր թէ մեր մտածումները եւ հետեւաբար մեր վարուելակերպը կու գայ ուղեղէն եւ ջղային դրոյթէն, որոնք կախեալ են մեր ստացած սնունդէն։


Ուղեղը զօրացնելու համար, մօտաւորապէս արեան շաքարին կէսը ուղեղ կ՚երթայ, որ նաեւ կախեալ է կենսանիւթերէն, հանքայիններէն եւ կարեւոր իւղերէն (fatty acids)։ Հակա-կենսանիւթեր – ինչպէս cadmium-ը, հիմնովին վնասակար է ուղեղի գործունէութեան։


Gesch Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, ?Charity Natural Justice?-ի տնօրէնն է, ուր կը քննուին ոճիրներու արմատական պատճառները։ Gesch, կը հաւատայ որ ոճրային արդարութեան սիստեմը շեշտը սխալ է որ միայն կը դնէ ընկերային հարցերուն վրայ, անտեսելով ֆիզիքական ազդակները, ինչպէս՝ սննդառութիւնը։


?Ինչ որ կը փորձենք ընել,- կ՚ըսէ Gesch,- այն է, ոճրային արդարութեան նոր բան մը ներկայացնել – մարդկային ուղեղը?։


Իր եւ ուրիշներու ուսումնասիրութիւնները ստուգած են կենսաքիմիական ազդակներ, որոնք վարուելակերպին վրայ կ՚ազդեն։


Վարմունքը կ՚ազդուի նաեւ սննդանիւթերու պակասէն, hypoglycaemia-էն եւ տարբեր քիմիականներէն։


Ցոյց տրուած է թէ, calcium-ի, magnesium-ի, zinc-ի, selenium-ի եւ տարրական իւղերու անբաւարարութիւնը կը կապակցի կռուազանութեան կամ թշնամանքի հետ։


Omega 3 իւղերը կ՚օգնեն զսպել բարկութիւնը կամ թշնամանքը։


Ոճրագործը պատժե՞լ թէ զայն շնորհքով կերակրել։ Անշուշտ բազմաթիւ յանցագործներ կը տառապին ուղեղային հիւանդութեամբ, ինչպէս՝ schizophrenia-ն եւ յուսալքումը, որոնք չեն ախտաճանաչուած եւ դարմանուած։ Ասոնց հետ մէկտեղ սովորական կենսանիւթերու անհաւասարութիւնը եւ ի մէջ առեալ ուղեղի բջիջներու եւ հորմոններու անհաւասարակշռութիւնը։


Ամէնէն խոստմնալի դարմանումը Tryptofan-ի դերն է սրբագրելու համար serotonin-ի անբաւարարութիւնը, որ կ՚առաջնորդէ depression-ի եւ կարգ մը մարդոց մօտ ցասկոտութեան եւ թշնամանքի։ Tryptofan-ը եւ Serotonin-ը ուղեղի կարեւոր քիմիականներ են։


Depression-ի առաջքը առնելու համար տրուած antidepressant դեղերը կ՚արգիլեն serotonin-ը եւ տարբեր մարդոց մօտ բրտութիւն կը յառաջացնեն։


Մարմինին մէջ քիմիական անհաւասարակշռութիւնը կրնայ դարմանուիլ սնունդով։


Ոճրային ատեանի դրութիւնը մեղապարտութիւն է, ան չի քններ եւ չի սրբագրեր մարմինին կենսանիւթերու անհաւասարակշռութիւնը։


Ուղեղի գործունէութիւները եւ այն բոլոր ազդակները, որոնք կ՚ազդեն ուղեղի աշխատանքին, եթէ ի մի ամփոփենք, յանցանքը կ՚իյնայ սխալ սննդառութեան եւ միջավայրի ապականութեան վրայ։


Ասիկա պիտի հարկադրէ հիմնել իւրաքանչիւր հիւանդանոցի եւ բանտի մէջ ախտաճանաչումի կեդրոններ, սննդառական club-ներու հիմնադրումը, հիւանդներու, բանտարկեալներու եւ ապահովութեան անձնակազմերու մօտ լաւ սննդառութեան արթնութիւնը պիտի խթանէ։


?Բնական Ատեան?ը կը փորձէ համոզել ոճրային ատեանը թոյլ տալ իրենց կերակրել Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Aylesbury-ի դատապարտեալները, փաստելու համար լաւ սննդառութեան առաւելութիւնները։


Տարիներու հետապնդումներէ ետք ?Բնական Ատեան?ը արտօնութիւն ձեռք կը ձգէ եւ երկու շաբաթ դատապարտեալներուն կը կերակրէ անոնց տալով հանքային նիւթերով, սննդանիւթերով եւ կարեւոր իւղերով հաւասարակշռուած սնունդ մը։ Արդիւնքը կը տպուի British Journal of Psychiatry-ի մէջ, ցոյց տալով թէ միայն 2 շաբաթ կերակրուելով, թշնամանքը եւ բրտութիւնը 35% նուազում արձանագրած է։


* Օգտագործուած աղբիւր՝ Patrick Holford-ի գործերը


Patrick Holford is a British nutritionist, author, and the founder and director of the Institute for Optimum Nutrition in London. He is the Chief Executive Officer and co-founder (with Professor Andr? Tylee of the Institute of Psychiatry) of the special interest group that developed into Food for the Brain Foundation, a registered charity which has the stated aim of promoting mental health through nutrition.

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՅիշողութեան դարմանումը (1)
Older PostՄայրերու դերը

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Եգիպտոս-Կիպրոս-Հունաստան սփյուռքի հարցերով արդեն իսկ գործող ձևաչափին կներգրավվի նաև հայաստանյան կողմը. Մխիթար Հայրապետյան

item-thumbnail

New book about the Armenian Velvet Revolution by political analyst Stepan Grigoryan

item-thumbnail

Vahe Davtyan: Only 1% is the energy generated from renewable resources in Armenia

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll