• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Մայրերու դերը

August 14, 2009
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Մայրերու դերը</FONT>

Maro Keverian Nigoghossian


 


The role of mothers. Article by Maro Nigoghosian.


Գրեց՝ Մարօ Նիկողոսեան B. Sc.*


Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել


Այսօր, մարդկութիւնը դժուարութեան մը առջեւ կը գտնուի։ Կեանքի որակը բարելաւելու համար ինչպիսի՞ ձեւ մը, մեթոտ մը գտնել, որ բարելաւուի ու զարգանայ ապագայ սերունդներու լաւ դատողութիւնը եւ հոգեկանը։ Ինչպէ՞ս առաջքը առնել մտային խանգարումներուն եւ թշնամութիւններուն (aggression)։


Լուծումը պարզէ։ Ֆիզիքապէս բարելաւուելու եւ հոգեպէս զարգանալու համար, անհրաժեշտ է բարեփոխել կեանքի ուղին եւ խմելու-ուտելու սովորութիւնները։


Մայրեր, առողջ եւ ուրախ ըլլալու համար, պայման է նուիրել իրենց ժամանակն ու կորովը ընտանիքին եւ վերականգնեն անհատական, ընկերային եւ ընտանեկան մակարդակներու վրայ, այլապէս խաղաղութիւն պէտք չէ սպասել։


Խաղաղութիւնը կ՚իրագործուի միայն, մարդկութեան ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան զարգացումով։ Մասնագէտներ եւ գիտնականներ նոր կ՚ըմբռնեն թէ սննդառութիւն մը, որուն կեդրոնը լման հացահատիկներ կը գտնուին, կը նպաստեն առողջ մարմինին եւ խաղաղ միտքին եւ հետեւաբար միաբանութեան։


Միշտ հարց է թէ մարդը ներքնապէս խաղաղասէ՞ր է թէ կռուասէր (aggresive)։ Հնագէտներու եւ մարդաբաններու գիտական փաստերը կու գան մարդկութեան յայտնելու, թէ սննդառութիւնն է որ կը կառավարէ մարդը, անոր վարուելակերպը, անոր համբերութիւնը, կռուազանութիւնը եւ մղած պատերազմները։


Դասախօսութեան մը ընթացքին, որուն նիւթն էր ?Պատրեազմ եւ թշնամութիւն? (aggressiveness), մարդաբան Margaret Mrad, կը յանձնարարէ թէ պատերազմին եւ ընկերային հարցերուն առաջքը առնելու համար ?անհրաժեշտ է հիմնովին փոխել սննդառութիւնը?։


Ընկերային կազմակերպիչներ, ծնողներ եւ դաստիարակներ մտահոգ են արդի ուտելիքներու ձգած ազդեցութիւններով, մանաւանդ փոքրերու վրայ։


Գիտական եւ բժշկական ուսումնասիրութիւններ սկսած են առնչել սննդառութիւնը փոքրերու գերաշխուժութեան հետ (overactive), սորվելու անկարողութեան եւ տարբեր ախտանշաններու հետ։


Գիտնականներ կ՚առնչեն նաեւ փոքրերու անբնական վարուելակերպը շաքարի սպառումին հետ։


Շաքարին սպառումը, բնականէն շատ աւելի կը բարձրացնէ փոքրերու մակերիկամային գեղձի (adrenaline) մակերեսը ու ասիկա փոքրերը կը դարձնէ մտահոգ, դիւրագրգիռ, ցրուած, կռուազան կամ գերաշխոյժ։


Մայրերու անհաւասարակշիռ ուտելու կերպը եւս, կրնայ պատճառ ըլլալ իրենց փոքրերու հանդէպ խստութեան, անհանդարտ յոյզերու եւ ձգտում՝ խոշտանգման եւ կամ նախնամ թողուլ զաւակը։


Ալքոլի եւ թմրեցուցիչներու գործածութիւնը, առաւել անհաւասարակշիռ սննդառութիւնը եւ անփոյթ կեանքի ոճը կը զուգորդեն արդի ընկերութեան մէջ բարձրացող բռնութան (violence)։


Մայրերու տգիտութիւնը արմատախիլ ընելու համար անհրաժեշտ է կազմակերպել մասնաւոր ընկերութիւններ, արթնցնելու համար անոնց միտքերը, բանալու համար աչքերն ու ականջները ու սորվեցնել առոէջագիտութեան իւրաքանչիւր մասնիկը, որպէսզի կարենան ապագային հասցնել հաւասարակշիռ զաւակներ։


?Ծնողական հոգատարաութիւնը,- կ՚ըսէ տոքթ Sach,- աստուածային ծառայութիւն է, սպասարկութիւն է, սուրբ պաշտօն է?։


Մօր համար պայման է սորվիլ առողջ ապրելու արուեստը, առաջքը առնելու համար զաւակներու հիւանդ մտային վիճակին -ինչպէս՝ ատելութիւն, եսասիրութիւն, անգթութիւն։ Ասոնք իսկական հիւանդութիւններն են (հոգեկան), որմէ ետք կը մագլցին ֆիզիքականները։


Մտային եւ ֆիզիքական մաքրութիւնը (օրկաններու) կախեալ է սնունդէն։


Հիւանդութիւններու, մտային խնդիրներու, գողութեան, ոճիրներու եւ պատերազմի դէմ հարկ է պայքարիլ հաւասարակշիռ սննդառութեամբ։


Աշխարհի չորս դին կ՚աճին այն ուսումնասիրութիւնները եւ հետախուզումները, որոնք իմաստունօրէն կը խնամեն հակաընկերային վարուելակերպը իբրեւ հիւանդութիւն։


Doris J. Rapp, M.D. կը տեղեկագրէ.- ?Իրենց գողութեան յանցանքով 4 երիտասարդներ, երբ կը դրուին հաւասարակշռուած խիստ սննդառութեան, գողութիւնը կը դադրեցնեն։ Իսկ երբ բուժումը կը դադրեցնեն ու երբ տղաքը վերստին կը դառնան իրենց նախկին անկանոն սննդառութեան, որ բարձր է շաքարով եւ սխալ (անկշռոյթ) ածխաջրատներով (carbohydrate), դարձեալ կը սկսին գողութեան։


Մասնագէտներ կը տեղեկացնեն, թէ շաքարը կրնայ նաեւ փոքրերը կամակոր եւ մտահոգ դարձնել։


?Yale? համալսարանի գիտնականներ, փոքրերու շաքարի սպառումը եւ անբնական վերաբերմունքը իրար կը կապակցեն։ Հետախուզումներ ցոյց կու տան, թէ չափազանց շաքարը, փոքրերու արեան մէջ բնականէն տասը անգամ աւելի կը բարձրացնէ adrenalineի մակարդակը։ Adrenalineը կը կապակցի փախչիլ կամ կռուիլ տագնապի յարմարումին, որ կրնայ առաջնորդել մտահոգութեան, դիւրաբորբոքման, գերաշխուժութեան եւ կռուազանութեան։


– Անգլիոյ մէջ կին մը կը դարմանուի իր վայրագութեան, յուսալքումի եւ զաւակները տանջելու պատմութիւններուն համար։ Քննութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ ան կը տառապի մարմինին հակառակ ուտելիքներու հակազդեցութիւններով։ Երբ կը դրուի հաւասարակշռուած սննդառութեան, կը սկսի բարելաւուիլ ու կը դադրի վայրագ ըլլալէ, ապա աշխատանքի կը լծուի ու բնական կեանք մը կը վարէ ընկերութեան մէջ։


– Center of Desease Control and Preventionի (U.S.) համաձայն, պատանիներու 20%ը մահացու զէնքեր կը կրեն, 72%ը խեղճուկ կ՚ուտեն։ Զարգացած երկիրներու մէջ պատանիներուն 1/5ը մօտաւորապէս, զէնք կը կրէ, 1/10ը  անձնասպանութիւն կը փորձէ։


– Peruի մէկ քաղաքի մը բնակչութիւնը կը նկարագրեն իբրեւ ?աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր եւ ամէնէն անբաղձալի մարդիկը?։ Այստեղացիներուն մեծամասնութիւնը ոճրագործներ են, կը գողնան, կը բռնաբարեն, կը հրկիզեն, կը կռուին ու տարբեր ոճրային արարքներ կը գործեն։ Այս շրջանի գիւղի մը մէջ, հետախոյզներ կը գտնեն թէ այր մարդոց 50%ը ուղղակի կամ անուղղակի ոճիրներու կը մասնակցի։ Կը քննեն նաեւ այս գիւղի այրերու արիւնը ու կը գտնեն թէ 50%ը hypoglycemic են (արեան շաքարի նուազում)։ Իրենց արեան շաքարի մակարդակը բարձր պահելու համար անդադար coca-ի տերեւներ կը ծամեն ու ալքոլ կը խմեն։


– Նախնադարեան 600 ժողովուրդներու նախայարձակումներու միջադէպերը ուսումնասիրելէ ետք, Prof. Quincy Wright (միջազգային հեղինակութիւն)  կ՚եզրակացնէ.- ?Պատերազմը գերակշիռ է այն երկիրներուն մէջ, որոնց սննդառութիւնը մեծ մասամբ միսէ կը բաղկանայ, քան այն ընկերութիւնները, որոնք բուսակեր են?։


– Քսաներորդ դարու պատերազմներու միջոցին, երբ միսը, ալքոլը եւ շաքարը կը պակսին, մարդիկ կը վերադառնան իրենց նախկին հիմնական ուտելիքներուն – ոսպ, սիսեռ, չոր լուբիայ, գարի, ցորեն, եւայլն), հետեւաբար հիւանդութիւնները կը նուազին, մահերն ալ կը պակսին։


– Վերջին 5 դարերուն քաղաքակրթութեան մղած պատերազմներու թիւերը դասաւորելով Prof Quincy կը գտնէ, թէ արեւմտեան ?միս ուտող երկիրները աւելի պատերազմներ մղած են, քան հացահատիկներով եւ բոյսերով սնանող երկիրները, ինչպէս Չինաստան եւ Ճաբոն, որոնք հին պատերազմներ մղած են? (Quincy Wright, ?A Study of War?, 1965)։


– Մարդաբաններու կարծիքով, նախնադարեան մարդոց մօտ պատերազմը անծանօթ էր, ի միջի այլոց Էսքիմոցիները եւ Աւստրալիայի բնիկներ (The Antropology of Armed Conflict And Aggression, 1968)։


– Ամերիկայի Midwestի պեղումներու ընթացքին (Koster), որ St. Louis-էն 70 մղոն հիւսիս կը գտնուի, այստեղ նախապատմական օրերէն կը յայտնուի ամերիկացի բնիկներու մշակոյթ մը, որ 9.500 տարիներ առաջ, խաղաղօրէն կը բնակէր այդ տարածքին վրայ։ Այս բնիկները կ՚ապրէին վայրի հացահատիկներով, նունուֆարով (water lotus), chicory nuts-ով, եղնիկի եւ վայրի անասուններու միսով, ձուկով եւ բոյսերով։ Հացահատիկներու եւ բանջարեղէններու համար մասնաւոր գործիքներ ունէին, սակառագործութեամբ եւ մորթի գործերով կը զբաղէին։ Ք.Ա. 5000թ. այս բնիկները մնայուն կերպով փայտէ տուներու մէջ կ՚ապրէին ու այսպիսով կը հիմնէին գիւղեր։ Ք.Ե. 800 թ. շփում ունեցան Mississipiի բազմատեսակ ժողովուրդներու հետ եւ անոնցմով ողողուեցան։ Այս շրջանի պեղումներու ընթացքին, արշաւանքի կամ վայրագօրէն մահացողներու ոչ մէկ հետքեր գտնուեցան (Stuart Struever and Felina Holten, 1979)։


Այս օրինակներու եւ հետախուզումներու տեղեկութիւնները ցոյց կու տան վարուելակերպին վրայ սնունդին ձգած ազդեցութիւնը։


Կիներու համար յոյժ կարեւոր է եւ յանձնարարելի, սորվիլ կշռութաւոր ուտել եւ խմել եւ սորվեցնել նաեւ իրենց զաւակներուն։ Նոր սերունդը պէտք է զարգանայ այս մթնոլորտին մէջ, որովհետեւ խոհանոցէն կը սկսի ընտանեկան խաղաղութիւնը, հետեւաբար ընդհանուր աշխարհի խաղաղութիւնը։


Արդի մայրեր փոխանակ իրենց ոյժն ու կորովը ընտանիքին համար վատնելու, դուրս կ՚երթան աշխատելու համար։ Այս մայրերը բոլոր օրը զբաղած եւ սպառած ըլլալով, իրենց ամուսիններն ու զաւակները fast-foodերու կը վարժուին, կացութիւն մը, որ մեզմէ շատեր լաւ կը հասկնան։


Եթէ լրջօրէն պիտի մօտենանք առողջութեան եւ խաղաղութեան հարցին, ուրեմն հաւատալ որ կինը անձնուրացութեամբ պէտք է նուիրուի իր ընտանիքին, առողջ մարմինով ու միտքով սերունդ պատրաստելու համար։ Այսպէս կը ստեղծուի ներդաշնակ եւ միաբան ընտանիք մը։


Ասիկա սուրբ պարտականութիւն մըն է փոխանցուած մեզի մեր նախահայրերէն ու միայն այս ձեւը կ՚օգնէ մեզ աճեցնել առողջ սերունդ մը, խաղաղ աշխարհի համար։


* Պատրաստեց ու կարդաց Միջին Արեւելքի Կիներու Համաժողովին, Կրէտէ, Յունաստան, 7-10 Մայիս 2002ին, ?Woman Federation For World Peace?-ի հովանաւորութեամբ։

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՍննդառութիւն, ոճիր եւ յանցագործութիւն
Older PostIntervention and shades of altruism during the Armenian Genocide

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ուշադրություն. սփյուռքի նախարարությունը հայտարարում է «Քայլ դեպի տուն» ծրագրի մեկնարկի մասին

item-thumbnail

Artyom Syunetsi talks about fashion trends in Armenia

item-thumbnail

Հայաստանի 8 հրաշալիքները. երրորդ հրաշալիքը՝ Տաթևի վանքը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll