• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հողին պատգամը

June 29, 2010
A+ A-
Email Print

Article written by anonymous person in “Kessabtsiner” website (the website of kessabtsiz or Kessab Armenians). The author refers to the huge difference between Kessabtsiz in the past and in the present, in the spheres of traditions, habits, mentality, behavior, attitude, personality, etc.


Սիրելիներս


Ձեզ իմ սիրելիներս կ՚անուանեմ որովհետեւ ձեզի կը պատկանիմ իբր ընտանիքի անդամ, ձեզմէ առաջ ձեր հայրերուն ու նոյնիսկ ձեր նախահայրերունն ըլլալով, որոնցմէ դուք զիս ժառանգեցիք։ Արդարեւ անոնք զիս ձեռք բերելու համար ոչ մէկ ճիգ ու տառապանք խնայած են։ Զիս իրենց սեփականը ընելու համար ուրիշներու մօտ օրականով աշխատած են ոչինչ վարձատրութեամբ, համբերած են անոնց խիստ ու երբեմն դաժան վերաբերումին։ Յաջողած են համեստ գումար մը հաւաքել ու զիս գնել։


Այդ ժամանակ ես չոր ու խոպան դաշտ էի, անոնք շուրջս մաքրեցին, ծառեր տնկեցին, հոգատարութեամբ ինձմով զբաղեցան՝ ծառերը ոռոգելով, ճիւղերն յօտելով, անոնց շուրջը փորելով, եւ ես փոխարէն իրենց ցուցաբերած սիրոյն ու կապուածութեան, անոնց քաղցրահամ պտուղներ, բանջարեղէն ու բերք տուի, այնքան առատ որ սկսան շուկայ տանիլ վաճառել, որուն միջոցով կրցան տուն շինել, անասուն պահել, իրենց զաւակները դպրոց ու մինչեւ համալսարան ուղարկել, խանութ բանալ։ Անոնց քրտինքը որ իմ վրաս կը ծորար, կարծես ինծի համար կենսանիւթ ըլլար որով աւելի զօրացած՝ կը փոխադարձէի ծառերը ուռճացնելով որ իրենց առատ բերք տան։ Իրենց մայրն էի, իրենց մտերիմ բարեկամն ու նոյնիսկ – համարձակօրէն կ՚ըսեմ – իրենց Հայրենիքը։


Աւա՜ղ այսօր անոնք չկան, ես ձերն եմ հիմա, բայց տարիներէ ի վեր մեր յարաբերութիւնը սառած է, առաջուան պէս (երբ ձեր լուսահոգի հայրերը ողջ էին, եւ դուք տակաւին երեխայ անոնց հետ մօտս կու գայիք, կը վազվէիք, ծառերէն պտուղները փրցնելով եւ ախորժակով լափլփելով կ՚ուտէիք, քանի մը խնձոր ալ կը քաղէիք իրենց օգնելու համար) այսօր մօտս այցելութեան չէք գար, ծառերս չորցած են, ետ նախկին խոպան դաշտը դարձած եմ. ի՞նչ է արդեօք ձեր միտքը, մտահոգ եմ, մի գուցէ կ՚ուզէք ինձմէ ձերբազատի՞լ։ Այդ կը մտածեմ, քանի որ անցեալները մօտս եկաք ոչ թէ զիս խնամելու կամ ինձմէ ձեր կարօտը առնելու համար, այլ օտար մարդոց հետ էիք, ու խօսեցաք միլիոններու շուրջ, թիւերը ելան իջան, ու յետոյ…. լաւ չհասկցայ անցուդարձը… բայց կռահեցի – սրտի ցաւով կ՚ըսեմ այս բառերը – որ կ՚ուզէք զիս այդ մարդոց ծախել։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Ինչո՞ւ կ՚ուզէք անպայման զիս այդ օտարներուն յանձնել։ Ի՞նչով ձեզ չեմ գոհացուցած։ Զիս հերկեցի՞ք, խնամեցի՞ք եւ ես փոխադարձ ձեզ պէտք եղածով չվարձատրեցի՞։


Գուցէ այս օրերուս պահանջքներն ու ծախսերը շատցած ըլլան ու նոյնիսկ կրկնապատկուած, եւ դուք կը մտածէք թէ միայն իմ վրաս ապաւինելով չէք հասցներ ապահովելու ձեր պէտքերը։ Որոշ չափով կը ջանամ հասկնալ ձեր մտորումները։ Ես ալ կը փափաքիմ որ բան մը չպակսի ձեզի, ամուսնանաք, զաւակներով օրհնուիք, անհրաժեշտէն չզրկուիք, նիւթական ապահով ապագայ մը ունենաք։ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ-ն ու ՆԻՒԹԱԿԱՆ-ը յիշեցի որովհետեւ անոնք ապրելու հիմնական պէտքերն են այսօր։ Եթէ անհրաժեշտին համար զիս ծախելու ըլլաք, ես պատրաստ եմ ձեր սիրոյն համար օտարինը դառնալ, միայն դուք տեղ հասնիք, երջանիկ ըլլաք…։ Սակայն ձեր երազածը յաճախ շատ հեռու է անհրաժեշտէն. Գեղեցիկ լաւ որակի ինքնաշարժ, գեղեցիկ ու ընդարձակ յարկաբաժին եւ նոյնիսկ հսկայ եւ մեծկակ սենեակներով առանձնատուն, եւ շատ գրպանի դրամ որ շռայլորէն ծախսէք, վայելէք եւ ուրախանաք, կարեւոր նկատուիք ձեր շուրջիններէն, գործաւոր չմնաք այլ գործատէր դառնաք, իսկ ասկէ աւելի վատը՝ դրամ կուտակէք, ամբարէք ու դիզէք, վասն ինչի՞, արդեօք այդպէսով ձեր կեանքը կ՚իմաստաւորուի՞ եւ դուք աւելի երջանիկ կը դառնա՞ք։


Այժմ, ձեր ուշադրութեան պիտի յանձնեմ քանի մը կենսական բաներ որ դուք կորսնցուցած էք, այսօր չունիք, եւ ոչ ալ ձեր ?յարգի? դրամով կրնաք զանոնք ունենալ, այն արժէքները որ ձեր հայրերուն հարստութիւններն էին։


Ձեր հայրերը քիչով գոհանալու կարողութիւնն ունէին որմէ դուք զուրկ էք։ Անոնք երբեմն նոյնիսկ իրենց սեփական տունը չունէին, ստիպուած կ՚ըլլային պապենական տունը իրենց եղբայրներուն հետ բաժնեկցիլ եւ որքան իրարու հետ սիրով էին, շատ անգամ անհրաժեշտն ալ չկար իրենց ձեռքին տակ, սակայն հաւասարապէս գոհունակ կ՚ապրէին ու բնաւ չէին դժգոհէր, որովհետեւ միշտ Աստուծոյ վրայ ապաւինած կ՚ըլլային եւ հակառակ իրենց աղքատիկ վիճակին միշտ զուարթերէս, ժպտադէմ ու առոյգ էին։


Ձեր հայրերը յարգանք ունէին դիմացինին, տարեցին ու դեռ եւս հոգեւորականին։ Իրենց յարգանքն ու անշահախնդիր սէրը, վստահութիւնը, հաւատարմութիւնը, եղբայրսիրութիւնը, խնդակցութիւնն ու կարեկցութիւնը, աջակցութիւնն ու քաջալերանքը որ իրենց շուրջիններուն կը ցուցաբերէին, զիրենք կը դաձնէին հասարակութեան մէջ փնտռուած, մեծարուած ու պատկարելի անձերը։


Ձեր հայրերը համբերատար էին, անխոնջ, ձեզի պէս շուտով գործէն ձանձրոյթ չէին զգար, եւ ոչ ալ դժուարութիւններէն կը վհատէին, որովհետեւ հզօր կամքի տէր էին անոնք, նոյնիսկ քարին հետ մաքառելով՝ քարաստանը մրգաստանի ու ծաղկաստանի կը վերածէին, ու երբեք սկսած գործը անաւարտ չէին ձգէր։


Ձեր պապերը բարեպաշտ էին, ամէն կիրակի կը մրցէին թէ ո՞վ առաջինը եկեղեցի պիտի հասնէր ու իր աւանդական տեղը գրաւէր։ Իրենց օրը կը սկսէին եւ կ՚աւարտէին խաչակնքելով, ԵԱ ԱՍՏՈԾ ըսելով գործի կը մեկնէին, ու շատերը – տակաւին ականջիս մէջ կը դառնայ իրենց մելանոյշ ձայնը – ?Առաւօտ Լուսոյ? երգելով եզներով կը հերկէին, պտուղները կը քաղէին, խոտերը կը հնձէին….։


Ձեր հայրերը աւանդապաշտ էին, իրենց պապերէն ժառանգած հայրենաւանդ սովորութիւնները գանձի նման կը պահէին եւ բծախնդիր էին զանոնք ուղիղ կերպով ու լիովին կիրառելու եւ այդ աւանդոյթները իբր գանձ իրենց զաւակներուն կտակելու։ Եւ որքա՜ն հաճոյքով ու համարձակ կը խօսէին իրենց իւրայատուկ բարբառը (որ ըստ երեւոյթին դուք այսօր չէք գիտեր, կամ ալ շատ թերի կերպով ու ամէնէն խղճալին կ՚ամչնաք զայն խօսելու որ ձեզի ՔՕՅԼԸԳՑԱ գիւղացի չըսեն այլ՝ այս դարու կամ մեր օրերու մարդը)։


Ձեր պապերը երկդիմի մարդիկ չէին, այլ անկեղծ, համարձակութիւնը ունէին դէմ կենալ անարդարութեան, զրպարտութեան կամ պարսաւանքի։ Գիտէին տէր կանգնիլ տկարին, աղքատին, չքաւորին ու անտեսուածին, ու երբեմն իրենց ունեցածէն բաժին հանել անոնց։


Ձեր պապերուն ամենահաճելի պահերը երեկոյեան իրարու տուած այցելութիւններն էին, զուարճանալու, անցեալի օրերը յիշելու, իրենց նախնիքներուն աւանդածը երիտասարդներուն պատմելու համար. եւ չէին զգար թէ ինչպէս ժամերը կ՚անցնէին, այնքան մտերիմ էին իրարու։ Իսկ դուք հիմա հազուադէպ կը յաճախէք իրար, հեռատեսիլ եւ արբանեակ կայ այսօր, համացանց ու գիտարուեստ… աշխարհը ձեր մօտ ունիք։ Իսկ եթէ մարդոց յաճախէք, անոնք կամ ձեր արենակից հարազատներն են կամ ալ ձեր շահի ընկերները։


Ձեր պապերը դաստիարակել գիտէին, իրենց որդիներուն փոքր տարիքէն հողին կը կապէին իրենց ի պատիւ ծառ մը տնկելով, եւ դեռ աւելին անոնց կը սորվեցնէին հողին տէր կանգնիլ, եւ հողին համար նոյնիսկ կեանքը տալ։ Շնորհիւ ինծի, անոնց զաւակը արժէքներու տէր կը դառնար եւ նիւթականի կողքին հոգեպէս կը հարստանար։


Ձեր հայրերը շատ անգամ անուս ու անգրագէտ ըլլալով հանդերձ, գիրին ու մշակոյթին հանդէպ պաշտամունք ունէին։ Մանաւանդ հայերէն գիրքը, թերթն ու պարբերաթերթը իրենց համար սրբութիւն էր, երեկոները տան մէկ կողմը ընկողմանած՝ նախընտրաբար կրակարանին մօտիկ գիրք կը կարդային ու ամէն ճիգ կ՚ընէին այդ սէրը նաեւ իրենց որդիներուն փոխանցելու համար։ Բոլոր գիւղական տօներուն, մշակութային ձեռնարկներուն կը մասնակցէին, ազգային պատկանելիութեան պարտք զգալով այդ։


Ձեր հայրերը երբեմն մօտս կու գային լոկ կազդուրուելու, հանգստանալու եւ ինձմէ ոյժ ստանալու համար եւ ո՛չ միայն զննելու թէ բերք ունիմ կամ ոչ, պիտանի եմ թէ արդէն անպէտ….


Ձեր նախնիք այս բոլոր հարստութիւններուն տէր էին որովհետեւ կապուած էին ինծի՝ հողին, զիս կոչելով իրենց ?Մայրենի Հողը?։


Դառնանք մեր ցաւալի ներկային։ Երեւակայենք պահ մը որ զիս վաճառեցիք, ձեր փափաքածներուն հասաք, եւ այդ օտարները իմ վրաս ալ (շատ մը իմ քոյրերուս ու եղբայներուս ճակատագրին նման) կառուցեցին շէնքեր ու ես արտ ըլլալէ դադրեցայ։ Այն ատեն պիտի ստիպուիք պտուղը, բանջարեղէնը շուկայէն բերել, ծորակներու պղտոր ջուրը խմել կամ ալ խանութներէն գնել, ա՛լ պիտի չունենաք իմ ընդերքէս բխած պաղ ու զուլալ ջուրը։ Եւ գոհունակութիւնը պիտի չզգաք որ այդ ամէնը ձեր հողին արտադրութիւնն է, քանի որ ուրիշինը պիտի սպառէք, ու պիտի անդրադառնաք որ ատով դեռ աւելի աղքատացեր էք։


Որքա՜ն կը տենչամ ձերը մնալ, քանի մեր կապը երբեմն դարէ մը աւելի հին է, ձեզ ձեր հայրերուն նման իմիններս կը նկատեմ, ձեզ կը սիրեմ ու կը գնահատեմ, բաւ է որ այս մէկը փոխադարձ ըլլայ։ Զիս լաւ մը մշակեցէք ու խնամեցէք եւ արդիւնքը պիտի տեսնէք, պիտի զգաք իմ արժէքս, պիտի վայելէք իմ բարիքներս, բաւ է որ այցելէք ինծի, մօտս ձեր տուները շինէք, ձեր փոքրերը ծառերուս տակ խաղան, մօտս մեծնան ու իմ օրհնութիւնս ստանան, ու ես կը վստահեցնեմ ձեզի որ երջանիկ պիտի ապրիք, իմ ոյժովս պիտի գործէք ու յաջողութիւններու հասնիք։


Մնամ ձեզի միշտ հաւատարիմ՝
ՁԵՐ ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ՀՈՂԸ


?Քեսապցիներ? կայքէջ, 29 Յունիս 2010


http://kessabtsiner.com/index.php?module=Participate&op=show&part_id=55

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostTo look Armenian (or not)
Older PostՅուշիկներ Պետրոս Բարսեղեանէն

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016

LATEST

item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021
item-thumbnail

Tigranes the Great: a book by Serge Momjian

August 2, 2021
item-thumbnail

A multilingual digital Armenian Diaspora platform (DiasporArm)

May 2, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

item-thumbnail

Մեր եկեղեցին մարդոց գրաւելու կարողութիւն ունի՞. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

Ո՞վ են սփիւռքի իսկական որոշողները. Who are the real decision makers in the Armenian Diaspora?. Հրաչ Քալսահակեան

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2022 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll