Berjouhi Avedian writes about her impressions and feelings on visiting Armenia. She describes some of the difficulties she faced in passport control in Zvartnots airport, which reminded?her of other airports where she travelled as a Syrian Armenian. Also she refers to the application for applying for Armenian citizenship where Armenians like here were labelled “individuals of Armenian origin”, a description that has hurt her. The story ends when she returns back to Aleppo and enjoys the warm and comforting welcome by airport officers, friends and relatives.
Պերճուհի Աւետեան
Մօտ երկու տարի առաջ էր, երբ առաջին անգամ նոյն այս անել կացութեան մէջ ինկայ, ?ահաբեկչութեան? դէմ պայքարող ու աշխարհին կատարելագործուած ցուցմունքներ տուող ամենա-առաջատար երկրի սահմանին վրայ:
Ճամբորդական զոյգ պայուսակներս, որոնց ծանրութեան գերակշիռ մասը գնուած կամ նուէր ստացուած գիրքեր են, կը յանձնեմ օդանաւակայանի պատասխանատու պաշտօնեային ու թեթեւցած կը հասնիմ սահմանային ստուգման կէտ:
Ինչպէս? բոլորը, ես ալ ուսիս ու ձեռքիս պայուսակները կը զետեղեմ յատուկ ամաններու մէջ, որոնք սահելով կը շարժին դէպի ճառագայթային ներթափանցումով ստուգման խցիկ, ես անհոգ ու ինքնավստահ կ?անցնիմ որոշեալ անցքէն?
Դիմացի պաշտօնեայ կինը մատը թափ տալով կը հրամայէ ետ դառնալ ու կրկին անցում կատարել.. ի՞նչ կայ որ, սա իմ հայրենիքն է, տակաւին քանի մը օր առաջ հայրենի սիրելի գրչ-քրոջս Ալիսին հետ ծիծաղելով կը լուսանկարուէի ցուցամատս մեկնած դէպի մեր հայրենի դարաւոր վանքերն ու գեղատեսիլ սարերը ու գոռալով ?Սա իմն է??
– Զգոյշ? – պաշտօնեայ կինը կը մօտենայ.- ձեռքերդ վեր:
Շուարած կը նայիմ շուրջս? խօսքը ինծի ուղղուած է, մինչ ընկերներս զբաղած են իրենց առարկաները հաւաքելով: Կինը գործիք մը ձեռքին արդէն կը ստուգէ մարմինս, խելօք, բազուկներս տարածած կը յանձնուիմ? ստուգման:
Երկու տարի առաջ սեւամորթ, հսկայ երիտասարդ մըն էր, անձագիրս ձեռք առաւ ու հետազօտող, խիստ, ակնթարթային իր նայուածքը վերէն նետեց վրաս եւ ցուցամատով միւս ուղեւորներէն տարբեր ուղի մը ցոյց տուաւ ինծի. ընկերուհիս` որ Ամերիկեան հպատակ ըլլալու ?բախտ?ը կը վայելէր, ջանաց միջամտել բայց սաստման արժանացաւ..? Զարմանալի չէր արդէն.. Ես որպէս Սուրիահպատակ կը գտնուէի ահաբեկչութիւն գործադրող երկիրներու սեւ ցուցակին վրայ.
– Ոտներդ մի քիչ .. ? ստուգող կինը հասած է մինչեւ կրունկներս, հետեւեցայ անոր. պէտք է հանէի ոտնամաններս, որոնք ?ահաբեկչութինը? դատապարտող երկրի մէջ պատրաստուած ?Նայք? մակնիշի մարզական կօշիկ-սպատրին ներ էին, կոշտ տեսքին պատճառաւ յաճախ կը խուսափէի զանոնք օգտագործելէ, բայց վերջին պահուն չեմ գիտեր ինչո՞ւ որոշեցի կրել, թերեւս առաջատար երկրի ոտնամաններով ոտքերս ապահովագրելու միտումով:
– Մի՞թէ Ամերիկա կը գտնուիմ.- պաշտօնեայ կնոջ հետեւելով մրթմրթացի, ան նոյնիսկ ինծի յետին նայուածք շնորհելու արժանի չգտաւ..
Նստարանին վրայ տեղաւորուելով ոտնամաններս յանձնեցի ստուգող կնոջ եւ ճերմակ գուլպաներս դիտելով ճօճեցի ոտքերս, մտաբերելով թէ հոն կարգը տարբեր էր, ոտնամաններս յատուկ թուղթով մը սրբած, ստուգած էին, մինչ ես գոհունակ էի? Մեծ պետութեան պատկանող յատուկ թղթով կը սրբուէին Սուրիահպատակի կօշիկներս.
Պաշտօնեայ կինը սպատրին ներս ձեռքին ուղղուեցաւ դէպի յատուկ սարք..? Ահաւասիկ սահմանաստուգողի իր պարտականութիւնը լիուլի կատարած մարդու գոհունակութեամբ ան մեքենաբար ինծի մեկնեց սպատրիններս:
– Խնդրեմ, հրամմեցէք.
Քաղաքավարութեան օրէնքներուն անսալով ես ալ պէտք է շնորհակալ ըլլամ հայրենի յատուկ ուշադրութեան արժանանալուս, սակայն գլուխս կախ պարզապէս կ?ամրացնեմ սպատրինին կապերը:
Այսպիսի անախորժ զգացում ունեցայ երբ Հայաստանի քաղաքացիութեան դիմումի թղթիկը ձեռքս առնելով կարդացի ?Հայկական ծագում ունեցող? (անկեղծօրէն ոգեւորուած էի դիմում կատարել).. այս արտայայտութիւնը խառնեց էութիւնս? ի՞նչ ծագումի մասին էր խօսքը:
Օրեր առաջ ես երկար թափառած էի Տէրեան փողոցի վրայ փնտռելով հօրս մանկապատանեկան ոտնահետքերը, գրողներու հինգերորդ համաժողովի մասնակիցներուն հետ այցելած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Էջմիածնայ մատուռին մէջ արտասուելով աղօթած, Եղեռնի յուշամատեանի պուրակին մէջ ծառատնկութեան մասնակցած ու տակաւին..? քնքուշ, հիանալի արձակագիր Ալիս Յովհաննէսեանին հետ երկար-երկար զրուցած հայ գրողի հոգերն ու ընդվզումները արծարծելով, ոսկեսիրտ գրող Սաթենիկ Մկրտչեանի հետ ջերմ նիւթեր ծեծած, Կումրիի մէջ անհանգստանալով բազմազբաղ բայց այնքան ուշադիր Գրողներու Միութեան Նահագահ Պրն Անանեանի հոգատարութիւնը վայելած? խոհերու երկար շարքը կ?ընդհատեմ.
/ Ամբաստանեալը մինչեւ յանցանքէ զերծ ըլլալը փաստուիլը կը մնայ ամբաստանեալ/, իսկ ես այլեւս ստուգուած եմ, ահաբեկիչ ըլլալու ամբաստանութենէն ազատագրուած.? Ոտքի կը ցատկեմ, ընկերուհիս կը մօտենայ.
– Ի՞նչ պատահեցաւ.
– Հէչ, ստուգում?
– Ինչո՞ւ
– Կ?երեւի ահաբեկիչի տեսք ունիմ
– Ըսէիր գրող եմ
– Կրող.- կը ջանամ ժպիտս վերականգնել
Հոս ալ սեւ ցանկի դրութիւն կա՞յ, թէ Սովետական կարգերու ազդեցութեան տակ հերթական □բլան□ կը կատարեն ուղեւորներէն պատահական անձեր ջոկելով եւ ստուգելով: ես կ?ուզեմ ճչալ թէ ծնունդով Սուրիահպատակ բայց Սուրիահայ եմ? Ծաղկաձորի գրողներու տան մէջ մենք ծանօթացանք Իրանահայերու, Լիբանանահայերու, Պոլսահայերու, Ռումանահայերու, Վիրահայերու, Ռուսահայերու? ՀԱՅԵՐՈՒ.
Օդանաւի անիւները կ?անջատուին հայրենի հողէն, պատուհանի ապակիին փարած ես կը դիտեմ դէպի երկինք սուրացող օդանաւի լայնածաւալ թեւերը, անմոռանալի յուշերու ծրարիկ մը սրտիս վրայ ամփոփած, հայեացքս սեւեռած եմ արդէն քարտէզի վերածուած փոքրիկ Հայաստանին: Ահաւասիկ ամպերը քզքզուած բամպակի կոյտերու նման կը ծածկեն ամէն ինչ, կը սուրանք, կը ճախրենք.
Հալէպի օդանաւակայանին մէջ պաշտօնեան պատշաճ ժպիտով արագ կը ստուգէ անձագիրս, հեռախօսի թիւս կ?արձանագրէ ու
– Ահլան ուա սահլան.- կ?ողջունէ
?Բարի, հազար-բարի? ողջունող զոյգ մը այս բառերը արտասանելը ու ժպիտը շրթունքներուն վրայ գծագրելը այնքան մեծ ճիգ չեն պահանջեր.
Արդէն ծննդավայրիս մէջ եմ, հարազատներս կը դիմաւորեն, կը գրկախառնուինք.. ես կը փորձեմ ի մի բերել հայրենի հողի վրայ զգացած խանդավառութիւնը ու սեփական բայց օտար երկրի վրայ կառուցուած տան կարօտը:
Ծերունի հայրս կը համբուրէ Հայաստանեան լաւաշը ու կալպաստը մէջը փաթթելով կը ծամէ, ես քաջ գիտեմ ան մտովի շրջանցած է մօտ ութսուն տարիներ ու հասած Երեւանեան իրենց տան սեմին, Վանեցի դրացիները ողջունելով.
– Ասանկ լաւաշ չկայ աշխարհի վրայ.
Կը ջանամ մոռնալ սահմանային ահաբչական ստուգումը..
Չէ որ Հայ ենք բոլորս, զիրար քզքզող, զիրար չհանդուրժող, չէ որ այդ փոքրիկ բայց անկախացած հողը կը պատկանի մեզի ու տակաւին հեռանկարներ ունինք վերադարձնելու այն ինչ կը պատկանի մեզի, ու մանաւանդ չէ որ տակաւին մատնանշելով ու ժպատով Ալիսի տեսախցիկին լիաթոք պիտի ճչամ.
?Սա իմն է?
10/ 7/ 2010
Հայաստանը դեր մի քսան տարի հետ է: Ամեն դեպքում մի նեղացեք՝ ձեզ սիրում ենք: Ամերիկայում ապրող Հայաստանցի Դավիթ: