Պիտանի տեղեկութիւն Շարժայի Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի մասին

<FONT face=Sylfaen>Պիտանի տեղեկութիւն Շարժայի Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի մասին</FONT>

Յարգարժան Ծնողներ,


Դպրոցի վերամուտէն անցած են եօթ շաբաթներ, որոնց ընթացքին վեց Ուրբաթ օրեր դասաւանդութիւն տեղի ունեցած է: Հինգ Նոյեմբերին, Ազգային Վարչութեան կազմակերպած Պարահանդէսին պատճառաւ վարժարանը փակ պահուեցաւ:


Ուրախութիւնն ունինք յայտնելու, որ Վարժարանը այսօր կը հաշուէ 169 աշակերտ հետեւեալ դասարանային բաժանումներով.


ԴԱՍԱՐԱՆ և ԹԻՒ
Բողբոջ 15
Կոկոն 24
Ծաղիկ 23
Նախապատր. 13
Առաջին 20
Երկրորդ 14
Երրորդ 13
Չորրորդ 13
Հինգերորդ 4
Վեցերորդ 11
Եօթներորդ 7
Ութերորդ 6
Իններորդ 6
Գումար 169


Մինչեւ օրս ներկայութեանց տոկոսն է 90.8%:


Այս բարձր տոկոսը մեծաւ մասամբ կը պարտինք ձեզի, սիրելի ծնողներ եւ մեր սիրելի ուսուցչական կազմին տարած գիտակից աշխատանքին ու ձեզի ներշնչած վստահութեան: Եկէք ճիգ չխնայենք որ այս տոկոսը չպակսի տարուան ընթացքին: Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան փափաքը եղած է ունենալ նուազագոյն 90% ներկայութիւն : Այսօր առաջին անգամն է որ կը հասնինք այս արդիւնքին եւ կը յուսանք , որ միասնաբար զայն անխախտ կը պահենք մինչեւ տարեվերջ:


Առաջին տարին է որ վարժարանս կը բանայ իններորդ դասարան: Այնտեղ կը դասաւանդուին Հայերէն լեզու, դասագիրք՝ Յակոբ Չոլաքեանի Անդաստան Ա.ը: Հայոց Պատմութեան ուսուցումը կը կատարուի ՀԲԸՄ ի Armenian Virtual College ի ծրագրին հիմամբ: Այս ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ Հայ Ազատագրական Շարժումի սկիզբէն մինչեւ քսաներորդ դարու երկրորդ կէսի պատմութիւնը, online կը դասաւանդուի Օհաննէսեան Վարժարանի Իններորդին: Ինչպէս նախօրօք տեղեկացուցած ենք, Օհաննէսեան Վարժարանը հայկական միակ վարժարանն է որ կը հետեւի այս արդիական դասաւանդման ծրագրին: Իններորդը ունի նաեւ Կրօնի պահ մը, որուն ընթացքին աշակերտներուն կը ներկայացուի հայ մատենագիր մը կամ հայ հոգեւորական մը որ ճանաչուած է որպէս ազգային կամ միջազգային դէմք (Օրիանկ ՝ Մխիթար Սեբաստացի եւ ուրիշներ) :


Գալով Մանկապարտէզին՝ այս տարեշրջանին, Բողբոջի եւ Կոկոնի կողքին, Ծաղիկ Դասարանն ալ սկսաւ գործածել Տիկին Ճուլիէթա Կիւլամիրեանի եւ իր օգնական խմբակին կողմէ պատրաստուած Բերիոյ Թեմի հրատարակած դասագիրքը, որ ըստ ուսուցիչներու վկայութեան յաջող հրատարակութիւն մըն է: Միւս դասարաններու մէջ կը դասաւանդուին վաստակաշատ ուսուցիչ եւ մանկավարժ, նորոգ հանգուցեալ Կարապետ Ճուհարեանի Մրգաստան դասագիրքերը: Հայոց Պատմութեան դասագիրքն է Կարօ Մոմճեանի պատրաստած եւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի հրատարակութիւն՝ Մեր Պատմութիւնը դասագիրքերու շարքը: Կրօնի որպէս դասագիրք կը շարունակենք գործածել մեր սիրելի Տէր Արամ Քահանային բարեփոխութեան ենթարկուած Կրօնի դասագիրքերը:


Հոկտեմբեր 27 ?Նոյեմբեր 9, 2010, Հոգաբարձութեան հրաւէրով եւ մեր ուսուցիչները վերապատրաստելու նպատակով Շարժա հրաւիրուեցաւ Տոքթ. Փրոֆ. Ճուլիէթա Կիւլամիրեանը: Վերապատրաստման մասնակցեցան բոլոր ուսուցիչ ուսուցչուհիները: Հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը փորձեցին մի քանի հաւաք կազմակերպել ծնողներու համար ալ: Կը շնորհաւորենք բոլոր այն ծնողները որոնք յօգուտ իրենց զաւակներուն մասնակցեցան այդ հաւաքներուն: Ափսոս, սակայն, որ մասնակցող ծնողներու թիւը ցանցառ էր:


Ուսուցչական Կազմ
Պրն. Նշան Պասմաճեան Տնօրէն
Տիկնայք Նուարդ Թնկրեան եւ Թամարա Յովհանննիսեան՝ Բողբոջ
Տիկնայք Վարդուկ Գարակիւլլէեան եւ Ռոզէթ Պաղտոյեան՝ Կոկոն
Տիկնայք Թամար Կէրճիկեան եւ Թամար Կիրակոսեան՝ Ծաղիկ
Տիկին Նորա Սէկեան՝ Նախապատրաստական
Տիկին Անի Գաւլաքեան՝ Առաջին
Տիկին Թամար Գաւլաքեան՝ Երկրորդ
Տիկին Մարալ Հրայր Մանճիկեան ՝ Երրորդ
Տիկին Լիզա Սաղտըճեան՝ Չորրորդ
Տիկին Թամար Հարպոյեան՝ Հինգերորդ
Պրն. Ճորճ Գալլէշեան՝ Վեցերորդ
Տիկին Սալբի Աբէլեան՝ Եօթներորդ
Տիարք Խաժակ Նազարեան եւ Արա Ճուհարեան՝ Ութերորդ
Պրն Րաֆֆի Հալէպլեան՝ Իններորդ
Տիկին Սուզան Օհանեան՝ Երգ եւ Երաժշտութիւն
Տիկին Մարալ Հրաչ Մանճիկեան՝ Տնօրէնի Օգնական գործնական աշխատանքներու մէջ:
Տիարք՝ Նժդեհ Գալլէշեան, Յակոբ Մանուէլեան, Խաչիկ Մանճիկեան, Սեւակ Մանճիկեան, Տարօն Մանճիկեան՝ կարգապահութեան հսկողներ :


Ուրախ ենք յայտնելու որ կատարեալ գործակցութեան մթնոլորտ կը տիրէ դպրոցէն ներս: Ուսուցչական կազմ, Տնօրէնութիւն ու Հոգաբարձութիւն երրեակը համերաշխ կը գործէ իրար հետ:


Սիրելի Ծնողներ,


Ալ Ատհա տօնին առթիւ բոլոր ամէնօրեայ վարժարանները փակ են մօտաւորապէս մէկ շաբաթ: Կարգ մը ծնողներ հարց տուին թէ արդեօ՞ք մեր վարժարանն ալ փակ պիտի մնայ Ուրբաթ 19 Նոյեմբերին: Լուրջ որեւէ պատճառ չըլլալուն՝ Վարժարանը բաց պիտի ըլլայ ամսոյս 19 ին: Վստահաբար դուք ալ նկատած էք, որ երբ անգամ մը թափը կտրուի՝ բաւական ժամանակ կը խլէ ուսուցչական կազմէն աշակերտները վերստին դպրոցական մթնոլորտին վերադարձնելը:


Տնօրէնութեան եւ Ուսուցչական կազմին խնդրանքն է, որ միասնական ճիգով նպաստենք այդ թափի շարունակման:


Այս տարի վարժարանս դարձեալ պիտի մասնակցի Արցախի Թէլէթօնին, որուն թեման է՝ ?Ջուրը Կեանք Է?: Թէլէթօնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերի 25ին: Իւրաքանչիւր աշակերտի համար մասնակցութեան նուազագոյն գումարն է 15 Տիրհամ: Գումարը կրնաք յանձնել դասարանի ուսուցչին: Մեր վարժարանի պարագային ազգային դրամահաւաքներու մասնակցիլը դաստիարակչական բնոյթ ունի աւելի քան նիւթական հանգամանք: Այս մասին ուսուցիչներուն չափ ծնողներն ալ պարտականութիւն ունին բացատրութիւն տալու իրենց զաւակներուն ?Մասնակցելու? եւ ?Հայութիւնը մէկ ընտանիք? գաղափարներու մասին: Այս եւ նմանօրինակ բացատրութիւններ հիմնական կարեւորութիւն ունին, սիրելիներ, մեր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Թէլէթօնին մասին յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կրնաք այցելել www.armeniafund.org կայքէջը:


Շնորհակալութիւն ձեր անվերապահ աջակցութեան: Բարի արձակուրդ բոլորիդ:


Յարգանօք՝
Նշան Պասմաճեան
Տնօրէն
Օհաննէսեան Հայկական Վարժարան
Շարժա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
14 Նոյեմբեր 2010


Լուսանկար՝ Տնօրէն Նշան Պասմաճեան (աջ) եւ Տոքթ. Փրոֆ. Ճուլիէթա Կիւլամիրեանը (կեդրոն) տեղական արաբական Րօզըրի դպրոց կատարած բարեկամական այցելութեան ատեն (Նկար՝ Լիզա Սաղտըճեանի):