• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Կարապետ Ճուհարեան (1919-2010)

November 20, 2010
A+ A-
Email Print

Ծնած է Արաբկիր քաղաքին մօտիկ Վաղաւեր (Աղըն) գիւղաքաղաքին մէջ, 1919ին։


1929ին ապաստանած է Հալէպ եւ յաճախած է տեղւոյն Ազգ. Հայկազեան Վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ դառնալով, որպէս ուսումնատենչ պատանի, նախընտրած է ուսուցչական ասպարէզը, որուն հանդէպ ունեցած է մեծ սէր եւ ցանկութիւն։


1936ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանը ընթացք տալով իր փափաքին, զինք ուղարկած է Գամիշլիի նորակերտ Ազգային վարժարանը, որպէս ուսուցիչ։


1940-1946 տարիներուն, զինք կը գտնենք Հալէպի Զաւարեան վարժարանէն ներս։ Հոս ուսուցչական ասպարէզի նկատմամբ իր փորձառական աշխարհը կը սկսի հարստանալ։ Կ՛աւանդէ հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ գծագրութիւն։


1946ին, հայրենադարձի օրերուն ուսուցիչ է Մարաշի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, ուր պաշտօնավարած է ութ տարիներ։


1953ին ամուսնացած է Աստղիկ Տէրտէրեանի հետ եւ ունեցած են երկու զաւակներ՝ Արա եւ Մարալ, որոնց հանդէպ տածած է հայրական հոգատարութիւն, սէր եւ գուրգուրանք։


1954 թուականին, Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանին հիմնադրութեան հետ զուգահեռ ան կը դառնայ այն առաջին ուսուցիչներէն, որոնք մուտք կը գործեն դպրոց։ Կը դասաւանդէ հայերէն լեզու եւ կը դառնայ բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած ուսուցիչ, որ իր պաշտօնը կը կատարէ մեց բծախնդրութեամբ եւ նուիրուածութեամբ։ Այս ուսուցչական բեղմնաւոր տարիները կը շարունակուին մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը։
Կարապետ Ճուհարեան վարած է Հալէպի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան քարտուղարի պաշտօնը 14 տարիներ շարունակ եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է զանազան վարչութիւններու՝ Գործադիր Մարմին, Սկաուտական Խորհուրդ, Ուսանողական, եւայլն։


Անդամագրուած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ արժանացած է ՌԱԿ-ի Կեդր. Ծարչութեան բարձրագոյն պատուոյ գիրին, որպէս արժանաւոր եւ բազմաբեղուն կուսակցական։


Եղած է վեթերան անդամ Հ.Բ.Ը.Միութեան։


Կարապետ Ճուհարեան իբր հայերէն լեզուի ուսուցիչ երեք անգամ հրաւիրուած է մայր հայրենիք։


Ան 1992ին հրաւիրուած է Միացեալ Նահանգներ, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մարի Մանուկեան վարժարանի հոգաբարձութեան կողմէ, հայերէն լեզուի դասագիրքերու պատրաստութեան համար եւ պարգեւատրուած է պատուոյ գիրով։


1969էն սկսեալ հեղինակած է 16 հատոր հայերէն լեզուի ընթերցանութեան եւ քերականութեան դասագիրքեր ?Մրգաստան? եւ ?Գրաւոր Վարժութիւն? անուններով, որոնք մեծ տարածում գտած են ԱՄՆ-ի, եւրոպական երկիրներու, Միջին Արեւելքի, Արաբական Ծոցի եւ Աւստրալիոյ հայկական վարժարաններուն մէջ։


2010ի գարնան, Հալէպի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով եւ ձեռամբ, պարգեւատրուած է ?Մովսէս Խորենացի? շքանշանով, որպէս գնահատանք Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի զարգացման համար կատարած նշանակալից դերին համար։


Ունի նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ, հայերէն լեզուի ուսուցման, սփիւռքահայ վարժարաններու իրավիճակին, մեթոտաբանական եւ մանկավարժական հարցերու շուրջ, որոնք լոյս տեսած են ?Նայիրի?ի, ?Զարթօնք?ի, ?Շիրակ?ի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի պաշտօնաթերթ ?Խօսնակ?ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնաթերթ ?Հասկ?ի մէջ։


Իր հեղինակած դասագիրքերը իրենց համապարփակ բովանդակութեամբ եւ մանկավարժական բծախնդիր մօտեցումով, առաւելագոյն չափով կ՛ամբողջացնեն մեր պահանջները, ներկայի պայմաններէն թելադրուած։


Հայերէն լեզուի ուսուցումը, ամբողջական օղակաւորման հասցնելու համար, ան իր վերջին տարիներուն պատրաստած էր շարադրութեան ուսուցման յատուկ դասագիրքեր, որոնք ցարդ կը մնան անտիպ։


Կարապետ Ճուհարեանի բեղուն գործունէութիւնը, հայրենանուէր եւ անձնուրաց աշխատանքը, գեղեցիկ օրինակը պիտի դառնան նոր սերունդին հայերէն լեզու աւանդող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն համար։


Այսօր չկայ խստապահանջ, բայց եւ գուրգուրոտ ուսուցիչը՝ Կարապետ Ճուհարեան, բայց անոր անունը ոսկեայ տառերով պիտի մնայ հայ դպրոութեան պատմութեան մէջ, որպէս հաւատացող մը, թէ առանց հայերէն լեզուի իմացութեան, անկարելի է գոյատեւել որպէս հայ։


Հանգիստ իր աճիւններուն եւ հողը թեթեւ գայ շիրիմին։


Կարապետ Ճուհարեանին կենսագրութիւնը տրամադրուած է Ազատ-Հայ կայքին Մարալ Տիքպիքեանին միջոցով:


?

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԱպրողներու առաւօտին մէջ
Older PostՊիտանի տեղեկութիւն Շարժայի Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի մասին

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

A book by Wahi Kachichyan: Turkish Instinct or the Praise of Genocide

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

item-thumbnail

Սփյուռքահայ Ժիրայր Բաբազյանը ներկայացրեց իր նոր պիեսը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll