• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ի՞նչ կը սպասենք

November 26, 2010
A+ A-
Email Print

 


ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ


Vrej-Armen writes about our expectations from the educational establishments, especially from individuals in charge, such as principals, trustee bodies, etc. He also refers to the role of other stakeholders in the educational process such as parents, alumni and society in general. The article is published in Horizon (Canada).
 
Իրապէս ի՞նչ կը սպասենք մեր կրթական յարկերէն, անոնց ուսուցիչներէն ու տնօրէններէն ու մանաւանդ այդ յարկերու պատասխանատու մարմիններէն, վերջապէս՝ ծնողներէն։ Ի՞նչ կը սպասենք իբր հաւաքականութիւն, իբր այդ հաւաքականութեան գոյատեւման ու զարգացման մտահոգ ազգայիններ։ Չէ՞ որ մեր բոլորին նիւթական ու բարոյական զոհողութիւններով է, որ կը պահուին մեր կրթարանները։


Կ՛ակնկալենք, որ վարժարանները կատարեն իրենց առաքելութիւնը, որ համառօտ՝ կը կայանայ երկու բառի մէջ ? հայակերտում եւ մարդակերտում։ Կարեւոր չէ որը միւսէն առաջ կը կարդանք, երկուքն ալ հաւասար իրաւունքով կը դրուին, իրարմէ անբաժան ու զիրար ամբողջացնող։ Այսինքն կ՛ակնկալենք որ մեր վարժարաններէն շրջանաւարտները մտնեն հաւաքականութեան մէջ իբր գիտակից ու յանձնառու մարդ արարածներ, պատրաստ վերցնելու իրենց առջեւ դրուած մարտահրաւէրները թէ իբր  հայ մարդ, թէ իբր սոյն երկրի քաղաքացի, արժանաւորապէս ապրելով այդ երկուութիւնը, զայն իբր առաւելութիւն ու հարստացում ընկալելով. տակաւին՝ երկու պարագաներուն ալ մա՛րդ կոչուելու արժանի բարձրութեամբ: Կարենան իրենց կարողութիւններուն լաւագոյն դրսեւորումով իրենց ուղին գտնել կեանքի մէջ, միեւնոյն ատեն դառնալ զիրենք դաստիարակած հաւաքականութեան հաւատարիմ ու նուիրեալ անդամները։


Ուսուցիչներէն կ՛ակնկալենք վարժարանի առաքելութեան իրագործումը։ Իրե՛նք են որ ստանձնած են այդ սուրբ գործը։ Անոնք, ի՛նչ ալ ըլլայ իրենց դասաւանդած նիւթը, ի՛նչ լեզուով ալ որ ըլլայ, մտահան պիտի չընեն երբեք, թէ այդ առաքելութեան է որ կը ծառայեն, եւ ոչ թէ պարզապէս տեղեկութիւն կը փոխանցեն։ Կասկած չկայ, այդ տեղեկութեան լաւապէս տիրապետած պիտի ըլլան, զայն հրապուրի՛չ ձեւով պիտի փոխանցեն աշակերտին, սիրցնե՛ն, աշակերտը առինքնեն իրենց դասաւանդածով։ Սակայն ատկէ անդի՛ն կ՛անցնի իրենց դերակատարութիւնը, ինչպէս աւելի քան դար մը առաջ կը հաստատէր մեր մեծ գրողն ու մտածողը՝ Գրիգոր Զօհրապ, արձագանգելով ամբողջ լուսաւորեալ աշխարհի ըմբռնումին. ?ուսուցչութիւնը որեւէ մասնագիտութենէ աւելի բան մըն է, ինքնիրմէն դուրս ընդհանուր զարգացումի մը կարօտ ասպարէզ է։ Ոչ միայն սորվելու բան մըն է ան, այլ նաեւ զարգացումի յատուկ մթնոլորտի մը, բարոյական ու իմացական մասնաւոր միջավայրի մը անհրաժեշտ ենթական?։ (1)


Գալով տնօրէններուն, անոնք ոչ թէ պարզապէս ուսումնական հաստատութեան վարչական ղեկավարը կը հանդիսանան, այլ կրթարանի դաստիարակչական առաքելութեան իրագործումը հետապնդող նուագախումբին իմաստուն խմբավարը, որ պիտի գիտնայ իւրաքանչիւր ուսուցիչէ ստանալ իր լաւագոյնը, եւ ապահով ըլլալ, որ բոլոր ուսուցիչները իրենց ձեռքի նուագարանը գիտնան տեղին գործածել, զիրար լրացնելով ու առանց fausse note-ի, ձայնի ճի՛շդ մակարդակով, որպէսզի վարժարանը կարենայ աշակերտին վրայ անհրաժեշտ աբողջական բարերար ներգործութիւնը ունենալ։ Տնօրէնն է, որ պիտի հետեւի իւրաքանչիւր ուսուցիչի զարգացման ընթացքին, հսկէ, որ ան տեւաբար հետամուտ ըլլայ ինքզինք վերաորակաւորելու՝ թէ իր գիտութեան եւ թէ իր մանկավարժական մօտեցումներուն մէջ։ Այո, իբր վարչական ղեկավար տնօրէնը նաեւ պիտի բարւոք կերպով վարէ հաստատութեան յարաբերութիւնները ծնողներուն, համայնքին ու պետութեան հետ, սակայն իր ալ դերը կ՛անցնի անկէ անդին։ Այստեղ ալ կ՛արժէ մէջբերել երկարամեայ ազգային գործիչ ողբ..բժ. Զաքար Մկրեանի մէկ միտքը տնօրէնի մը գերագոյն առաքելութեան վերաբերեալ. ?Իր անձին հմայքին, նուիրումին ու գերագոյն զոհողութեան մէջ հայ պատանին պիտի գտնէ ազգային ամենավսեմ իտէալներու ներկայացուցիչը, մանաւանդ՝ իր գիտակցութեան մէջ կենդանի պատկեր մը՝ նմանելու, ընդօրինակելու, նոյնիսկ, ինչու չէ, ներշնչուելու?։ (2)


Իսկ ի՞նչ կ՛ակնկալենք պատասխանատու մարմիններէն, կրթական թէ տնտեսական։ Առաջին, որ կարենան մօտէն հետեւիլ վարժարաններու կեանքին, ապահովեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցները, անոնք ըլլան նիւթական թէ այլ, որպէսզի կրթարանները անհարկի դժուարութիւններու չբախին իրենց առաքելութեան իրագործման ճանապարհին։ Ապա գիտնան ըստ արժանւոյն գնահատել անձնակազմի իրագործումները, յառաջդիմութիւնը, բայց նաեւ պահանջել, որ սրբագրեն թերիները ու թերացումները եւ աւելի թափ տան վարժարանի զարգացման։ Ուսուցիչի-տնօրէնի հանդէպ յարգանքն ու գնահատանքը հանրութեան մէջ սերմանելու պարտականութիւնը, բացի բուն ինքն ենթականերէն, նաեւ մարմիններուն վրայ Կ՛իյնայ։ Ապա նոյն այդ հանրութեան հետ, մանաւանդ վարժարանի շրջանաւարտներուն, ներկայ ու ապագայ ծնողներուն հետ բարւոք յարաբերութիւններ մշակելը, անոնց նիւթական ու բարոյական մասնակցութիւնը ապահովելը նոյնպէս մարմիններուն, ամենէն գերադա՛ս մարմիններուն գործն է։


Շրջանաւարտներէն կ՛ակնկալուի բոլորուած մնալ զիրենք դաստիարակած հաստատութիւններուն եւ համայնքին շուրջ ու հետզհետէ ստանձնել անոնց կարիքներուն հասնելու, անոնց տէր կանգնելու պարտականութիւնը։


Ծնողներէն կ՛ակնկալուի ոչ միայն հետեւիլ իրենց զաւակներու կրթութեան, ամբողջացնել վարժարանի տուած դաստիարակութիւնը, ինչպէս որ վարժարանը պիտի ամբողջացնէ տան մէջ իրե՛նց տուածը, այլեւ տեւական ներկայութիւն ըլլալ վարժարանի առօրեայ կեանքէն ներս, օգնելով տարբեր ձեւերով, կամաւոր իրենց մասնակցութիւնը բերելով անոր բարօրութեան, յառաջդիմութեան ու պահպանման աշխատանքներուն։ Վարժարանին հանդէպ դրական տրամադրութիւններ ստեղծելու, մանաւանդ իրենց զաւակներուն համար իսկ օրինակ դառնալու պարտականութիւնն ալ ծնողներունն է ամենէն առաջ։


Վերջապէս ի՞նչ կ՛ակնկալուի մեզմէ, հաւաքականութենէն որ հաստատած է այս վարժարանները։ Պէտք կա՞յ ըսելու… Տիրութիւն ընել, ամեն զոհողութիւն ընել, ու ապահովել, որ որեւէ ձեւով նիւթական թէ բարոյական դժուարութիւններու չմատնուին անոնք։


Հաւաքականութիւն, ծնողներ, շրջանաւարտներ, մարմիններ թէ անձնակազմ պիտի գործեն ձեռք ձեռքի։


Այլընտրանք չկայ։


Հորիզոն, 29 Նոյեմբեր 2010 (1639)


1. Գրիգոր Զօհրապ, ?Աւելէն ետք?, Մասիս, 22 փետրուար 1898 (ԵՐԿԵՐ, Անթիլիաս, 1988):


2. Բժ. Զաքար Մկրեան, ?Ի՞նչ կը սպասենք հայկական վարժարանի մը տնօրէնէն?, ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄ, Պէյրութ 2006:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՀայկական հարսանեկան ավանդույթներ
Older PostIndian students in Yerevan organize cultural night

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Sirusho gets an award at DIAFA in Dubai

item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

item-thumbnail

Ավստրալահայ ընտանիքը հայրենադարձվել Հայաստան

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll