• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Պէտք է ողջունել ՀՕՄի ստեղծումը այս ափերուն

January 9, 2011
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Պէտք է ողջունել ՀՕՄի ստեղծումը այս ափերուն</FONT>

In reply to Azad-Hye's enquiry about 1) the way the creation of the Armenian Relief Society's (ARS) Dubai & Sharjah chapter was announced and 2) the fate of the Ladies' Committee in our community after the introduction of ARS, Nishan Basmajian has contributed with a lengthy article in which he explains the worldwide role of ARS, pointing out to the burden of responsibility placed on the shoulders of the new members in the UAE.


Nishan BasmajianՆշան Պասմաճեան


Սիրելի Ազատ-Հայի խմբագրութիւն,


Այն տպաւորութեան տակ եմ որ ՀՕՄ ի ստեղծումը քիչ մը խորթ է թուած ձեզի, որովհետեւ ձեր յայտարարութեամբ նախ չէք ողջունած անոր ծնունդը, ձեր հարցումներուն մէջ քիչ մը շփոթ, քիչ մը զարմանք, քիչ մըն ալ խուճապ (panic) կայ կարծէք: Ինչպէս ըսի՝ տպաւորութիւն է, հետեւաբար՝ ենթադրութիւն: Ներեցէք եթէ սխալած եմ: Միւս կողմէն ուրախ եմ եւ կը գնահատեմ, որ խմբագրութիւնդ հետամուտ է գաղութիս մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն, ունի քննական ու քննադատական կեցուածք եւ ազատօրէն կ՜արտայայտէ իր միտքը: Քանիցս առիթ եղած է ինծի համար գնահատանքի խօսքս ուղղելու Ազատ-Հայ կայքէջի միջոցաւ ձեր տարած ազգանուէր գործունէութեան, մանաւանդ ձեր հետաքրքրուածութեան համար՝ երբ անտարբերութիւնը լայն է տարածած իր իշխանութեան սահմանները մեր գաղութի համարեա բոլոր շրջանակներուն վրայ. անտարբերութիւնը զգալի է նաեւ կարգ մը ղեկավար շրջանակներու մէջ: Աւա՜ղ, որովհետեւ այդ մէկը արդէն չափազանց վտանգաւոր է:


Այս նամակիս դրդապատճառը կարգ մը յստակացումներ կատարել է ձեր կայքէջին մէջ երկու օր առաջ հրապարակած յայտարարութիւն-նամակին կարգ մը կէտերուն:


Նախ յայտնեմ, որ գաղութս փոքրաթիւ չէ այլեւս, կը հաշուէ 4000-5000 անհատ, ուսեալներու թիւը բաւական մեծ է,  բարձր պաշտօններ զբաղեցնող տիկիններու եւ օրիորդներու թիւը բաւական բարձր է, եւ յետոյ, գաղութը հաստատուած գաղութ է եւ պէտք ունի յաւելեալ կառոյցներու:


Ինչ կը վերաբերի ՀՕՄին, ի դէպ եւ առ ի տեղեկութիւն յայտնեմ, որ Կիպրոսի մէջ 61, Սթոքհոլմի եւ Ուփսալայի մէջ 45, Զուիցերիոյ մէջ 12 իսկ հսկայ Ռուսաստանի մէջ 25 անդամուհիներով կը գործէ ՀՕՄը: Ուստի, փոքրաթիւ գաղութ, մեծաթիւ գաղութ հասկացողութիւնները մեզ այս մարզին մէջ թող շատ չմտահոգեն? Աւելի ճիշտ է թերեւս որ լաւատեսութեամբ տրամադրուինք ստղծուած միութեան նկատմամբ լայն բանալով մեր մտահորիզոնը:


Հարց կուտաք թէ ?Հետաքրքիր է իմանալ թէ նորաստեղծ մասնաճիւղը գաղութին մէջ տարիներէ իվեր գործող ?Տիկնանց Յանձնախումբ?էն ի՞նչ տարբեր աշխատանք պիտի ծաւալէ?: Արդար է ձեր հարցումը: Պիտի փորձեմ պատասխանել այդ հարցումին, թերեւս այս առիթ մը կ՜ըլլայ իմ խորհրդածութիւններս ալ կատարելու եւ փորձելու տալ մակերեսային կարծիք թէ ինչով կրնայ զբաղիլ ՀՕՄը Էմիրութեանց մէջ:


Ա) Ինչպէս յայտնած էք ՀՕՄ ը միութիւն մըն է: Որպէս միութիւն զայն կարելի չէ նմանցնել Ազգային Վարչութեան հովանիին տակ գործող, անկէ բխած տիկիններու յատուկ յանձնախումբին հետ, տեղական մարմնի մը ունեցած սահմանափակ իրաւասութիւններով. ան հաւաք մըն է սահմանափակ թիւով նշանակուած անձերու, սահմանափակ գործելադաշտով: Կատարածս թերագնահատում չէ մեր սիրելի տիկնանց յանձնախումբին տարած հոյակապ աշխատանքին: ՀՕՄի գոյութեամբ ան պէտք է աւելի զօրանայ, ՀՕՄը պէտք է սատար հանդիսանայ այդ յանձնախումբի գործունէութեան: Տիկնանց յանձնախումբը պէտք է որ շարունակէ լաւագոյնս կազմակերպել իր աւանդական ձեռնարկները: Կարելի չէ եւ պէտք չէ զայն բաղդատել ՀՕՄին հետ: ՀՕՄին անդամագրուիլ՝ կը նշանակէ պատկանիլ համազգային կազմակերպութեան մը: Հետեւաբար անարդար է յանձնախումբ մը բաղդատելը միութեան մը հետ, այդպիսով շատ պահանջած կ՜ըլլանք յանձնախումբէ մը իսկ միւս կողմէն շատ նեղցուցած կ՜ըլլանք համազգային դերակատարութիւն ունեցող միութեան մը գործելադաշտը:


Բ) Այս իսկ պատճառով ՀՕՄի անդամը ունի համազգային նպատակներու հետապնդման պարտաւորութիւն, պարտաւորութիւն մը, որ կանոնագրականօրէն չէ սահմանուած նշանակովի Տիկիններու Յանձնախումբի մը՝ բաղկացած 5, 7 կամ 9  հոգիներէ: Այստեղ շատ օրինակներ բերելը անիմաստ կը տեսնեմ, մէկ օրինակով կարելի է բացատրել միտքս. այսպէս օրինակ. եթէ ՀՕՄի ընդհանուր ժողով մը որոշած ըլլայ ՀՕՄի յառաջիկայ տարուան գործունէութիւնը կեդրոնացնել, սեպենք, Արցախի ազատամարտիկներու ընտանիքներուն զաւակներուն ձրի կրթութիւն տալու, այն ատեն Էմիրութեանց, Սուրիոյ թէ Լիբանանի ՀՕՄի վարչութիւնները իրենց գործունէութեան առանցքը կը դարձնեն Արցախի Ազատամարտիկի հայ երեխան: Զուգահեռ մը քաշելու համար՝ երբ Արամ Ա. Կաթողիկոսը  2010  տարին յայտարարեց ?Հայ Կնոջ Տարի? , թեմերը անոր արձագանգեցին կազմակերպելով, այդ թեմային հետ առնչուող ձեռնարկներ: Թէ ինչո՞ւ: Որովհետեւ թեմերը պատկանելիութիւն ունին եւ անոնց ուղեգիծը կը ճշտուի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ որուն նախագահն է Կաթողիկոսը: Տեղին է այստեղ յիշել որ բացառութիւն կազմող գաղութներ գտնուեցան, որոնց համար Կաթողիկոսին յայտարարութիւնը այնքան ալ կարեւորութիւն չունեցաւ… դժբաղդաբար:


Գ) Թերեւս ճիշտ կ՜ըլլայ այստեղ տեղեկագրել կարգ մը գործերու մասին, որոնք վերջին երկու տարիներուն կատարուեցան ՀՕՄի կողմէ եւ այդ օրինակներով գործնական կեանքի վերածել ?մէկ քարով երկու թռչուն զարնել? եւ՝ ?աղջիկս քեզի կ՜ըսեմ, հարս դուն հասկցիր? առածները: Ըսել ուզածս այն է թէ այս օրինակներով պիտի փորձեմ համոզիչ դառնալ որ յանձնախումբ մը միութեան մը ինչպէս կարելի է չբաղդատել, միւս կողմէն զգուշացնել, աւելի ճիշտը՝ յիշեցնել  ՀՕՄուհիներուն թէ ինչպիսի գործեր տանելու պէտք է պատրաստուին, ազգային ինչ մարտահրաւէրներու առջեւ են կեցած եւ ինչ կ՜ակնկալուի իրենցմէ: Այսպէս.


1. Կրթամշակութային մարզէն ներս ՀՕՄը 1983էն ի վեր ունի կրթաթոշակ երիտասարդ մասնագէտներ պատրաստելու որոնք իրենց ուսումը երբ աւարտեն պարտին ծառայել Հայ ազգին զանազան ձեւերով: Այսպիսի պայմաններ պետութիւններ միայն կը դնեն: ՀՕՄն ալ կը դնէ: Թէ ինչպէ՞ս: Որովհետեւ ՀՕՄը ՀՕՄ է: Ընթերցողին ուշադրութիւնը թող չկեդրոնանայ նիւթականի հայթայթման հանգամանքին վրայ: Մեր ՀՕՄուհիները պայման չէ որ միայն նիւթական աղբիւրներ փորձեն գտնել այս կամ նմանօրինակ ծրագիրներու իրականացման համար այլ նաեւ փորձեն գտնել ուսանողներ, կարիքաւոր կամ ոչ, եւ զիրենք քաջալերեն դէպի ազգային ծառայութիւն:


2. Դարձեալ կրթամշակութային մարզէն ներս ՀՕՄը ունի ?Լաւագոյն Ուսանող? ծրագիր, որով կը պարգեւատրէ Արցախի եւ Ջաւախքի լաւագոյն ուսանողները: ԱՄԷի ՀՕՄը կրնայ մասնակից դառնալ այս համահայկական ծրագրին: Միւս կողմէն, աջակցելով Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի եւ Ապու Տապիի Վարժարանի Հոգաբարձութեանց հետ կրնայ այդպիսի պարգեւատրում կատարել վերոյիշեալ վարժարաններու լաւագոյն աշակերտներուն:


3. 2009-2010 տարեշրջանին ՀՕՄը յատկացուցած է $148.000  իր ?Սօսէ? մանկապարտէզներուն Արցախի զանազան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ ինչպէս Հատրութ, Մարտունի, Ակնաբերդ, Շուշի եւլն:


4. Մեր ՀՕՄուհիները շատ մեծ նպաստ կրնան բերել ՀՕՄի ?Պատանիներու փոխանակում? ծրագրին, որուն նպատակն է ծրագրել ու գործադրել որ կարիքաւոր հայ պատանիներ ամառնային իրենց արձակուրդը անցընեն հայահոծ գաղութի մը մէջ: 2010ին 180 հայ պատանիներ վայելած են այս ծրագրի գործնական արդիւնքը:


5. 1992էն սկսեալ ՀՕՄը խնամակալութիւն կ՜ընէ հայ բազում որբերու, ունի անոնց համար ուսման յատուկ ծրագիր: Ինչե՜ր կրնայ ընել Էմիրութեանց ՀՕՄուհին այս մարզէն ներս?


6. ՀՕՄի Ամանոր Ծրագիրին կարելի է մասնակցիլ եւ մասնակից դարձընել գաղութիս բոլոր տիկինները՝ համագործակցութեամբ Տիկնանց Յանձնախումբին: Ամանոր Ծրագիրը կաղանդչէքներ բաժնել է տարեցներու եւ երեխաներու: Այս ծրագրին իւրաքանչիւր ՀՕՄուհի տարին $3ով կը մասնակցի: Ուրեմն ամէն տարի $45.000 պէտք է որ հաւաքուի տրուած ըլլալով որ համահայկական այս կազմակերպութեան անդամուհիներուն թիւը մօտաւորապէս 15.000 է:


7. Առողջապահական գետնի վրայ ՀՕՄը ծրագիրներ գործադրութեան կը դնէ օգտակար դառնալու համար հայ հիւանդին ամէնուր: Մեր ՀՕՄուհիները մեծ մասնակցութիւն կրնան բերել այսպիսի ծրագիրներու:


8. ՄԱԿէն ներս յարաբերական գոհացուցիչ գործունէութիւն կը տանի ՀՕՄը եւ ունի ՀՕՄի գործունէութեան ռազմավարութեան մշակման յանձնախումբ: Այժմ այդ յանձնախումբը կեդրոնացած է յատկապէս կնոջ առողջապահութեան, հաշմանդամներու օժանդակութեան, ցեղասպանութեանց կանխարգիլման թեմաներուն վրայ: Այս ուղղութեամբ մեր ՀՕՄուհիները ուսումնասիրական մեծ աշխատանք կրնան տանիլ, օգտակար հանդիսանալով ՄԱԿի ՀՕՄի ներկայացուցիչին: Միւս կողմէն, անոնք կրնան լաւ յարաբերութիւն մշակել կանացի այլեւայլ կազմակերպութեանց հետ որոնք ժիր կը գործեն Էմիրութեանց մէջ:


9. ՀՕՄի ?Արարատ Մրցանակ?ը յարաբերական յաջող գործ մըն է: Ան կը միտի հայ ժողովուրդին կարեւոր ծառայութիւն մատուցող անձիքը պատուելու եւ պարգեւատրելու: Նորին Վսեմութիւն Շարժայի կառավարիչ Տոքթ. Շէյխ Սուլթան Պին Մոհամմէտ Ալ Քասիմին այդ արժանիներէն է: ՀՕՄը, համագործակցութեամբ Ազգային Իշխանութեան, կրնայ այսպիսի երախտագէտ ձեռնարկ կազմակերպել հրաւիրելով 15.000 ՀՕՄուհիներու ներկայացուցիչ մը եւ յատուկ, բացառիկ հանդիսութեամբ մը պատուելու Նորին Վսեմութիւնը:


10. Վերոյիշեալները օրինակներ են: Անոնք ոչ մէկ ձեւով կը միտին սահմանափակել ՀՕՄի գործունէութիւնը Էմիրութեանց մէջ:


Սիրելի Ազատ Հայի Խմբագրութիւն,


Նկատելի է որ մի քանի այլ հարցեր ալ կան ձեր միտքը չարչրկող: Օրինակ, ինչ վախճան պիտի ունենայ Տիկնանց Յանձնախումբը: Ըստ իս, վախճան պիտի չունենայ, ընդհակառակը, ինչպէս վերը տեղ մը ըսի, ան պիտի աւելի զօրանայ ՀՕՄի ծնունդով: Իսկ թէ ՀՕՄի ծննդեան լուրը Ամերիկայէն է ելած եւ ոչ Շարժայէն, նոյնիսկ եթէ ?դիտումնաւոր? է եւ ոչ ?տեղեկատուական բացթողում?՝ կարեւորութիւն ներկայացնող հարց պէտք չէ զայն նկատել: Կարեւորը այդ միութեան ծնունդն է, որը պէտք է միայն ողջունել:


Յուսամ կրցայ բացատրել միտքս :


Ձեր 6 Յունուար 2011ի յայտարարութեան մէջ հետագայ որպէս ծրագիր նշած էիք նաեւ ?Համազգային?ի անունը: Այդ միութեան ալ պէտքը շատ է մեծ, որովհետեւ գաղութը մշակութային վայրէջքի մէջ է, ինքզինք սկսած է դատապարտել մշակութային ամլութեան, ծուլութեան եւ մասամբք սոցին: Ո՞վ պիտի զայն արթնցնէ իր թմբիրէն: Անձամբ զօրավիգ եմ ?Համազգային?ի նման միութեան մը հիմնադրութեան: Իսկ ?Համազգային?ի պարագային մեծ յոյս ունիմ որ նոյն անորոշութեան պիտի չմատնուի մեզմէ ոչ ոք եւ քիչ մը շփոթած հարց պիտի չտայ ինքն իրեն թէ Համազգայինը աւելի ինչ պիտի կատարէ այս գաղութին մէջ քան Գեղարուեստական Յանձնախումբը…


Անգամ մը եւս շնորհակալ եմ, որ առիթ ընծայեցիք որ կարենամ մտքերս ազատօրէն արտայայտել ու հարեւանցի բացատրութիւն տալ ՀՕՄի էութեան կարեւորութեան մասին:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԿապան՝ լեռների մեջ գողտրիկ մի վայր
Older PostՀիւրանոցի մէջ ողջերթ
  1. Salpi Apelian January 9, 2011, 6:52 pm

    Mrs. Salpi Apelian explains the role of ARS and underlines that it does not contradict with the Ladies' Committee in the community. It has a wider pan-Armenian scope.

    3արգելի Ազատ-Հայի ընթերցողներ,

    ՀՕՄի հիմնուիլը գաղութիս մէջ որեւէ կապ չունի վարչութեանս ?Տիկնանց Յանձնախումբ?ին հետ: Անոր աշխատանքները լման տարբեր են Տիկնանցի աշխատանքներէն:

    ՀՕՄի նպատակը չէ երբեք ?Տիկնանց Յանձնախումբ?ի վախճանը ծրագրել: ՀՕՄ որեւէ տիկնանց յանձնախումբ մը չէ, այլ տարբեր միութիւն մը:

    Պիտի մէջբերեմ ՀՕՄԻ նպատակներէն քանի մը հատը՝

    1. Ծառայել Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի հայութեան, օգնութեան հասնիլ անոր զաւակներուն նիւթապիս եւ բարոյապէս:
    2. Նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրավիգ կանգնիլ յառաջադէմ հայ աշակերտին եւ ուսանողին, անոր հայեցի  դաստիարակութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պատրաստել հայրենասէր եւ անձնազոհ նոր սերունդ մը:
    3. Կազմակերպել դաստիարակչական դասախօսութիւններ:
    4. Կազմակերպել հայկական ձեռագործներու դասընթացքներ որպէս մշակոյթի պահպանում:
    5. Դաստիարակել հայ տիկինները որ քաջալերուին աշխատակցելու միութենական կեանքի մէջ:
    6. Գործակցիլ ուղեկից միութեանց հետ միասնաբար աշխուժացնելու գաղութիս ազգային կեանքը:

    Ոեւէ անձ որ կ՛ուզէ յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղել ՀՕՄի մասին կրնայ այցելել անոր կայքէջը http://www.ars1910.org

    Սալբի Աբելեան
    Շարժա
    09 Յունուար 2011

    Ազատ-Հայի պատասխանը՝

    Շնորհակալ ենք պարզաբանումին համար: Անշուշտ որ յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՕՄի: Մեր մտահոգութիւնը այն է որ այս փոքրաթիւ գաղութին մէջ արդէն իսկ ամէն մարդ մէկէ աւելի դերեր ստանձնած է, հետեւաբար դժուար պիտի ըլլայ կատարել նմանօրինակ գործեր նոյն անձերուն վրայ յենելով: Կը խորհինք թէ այս առումով ձեր մատնանշած հետեւեալ կէտը կարեւոր է՝ ?Դաստիարակել հայ տիկինները որ քաջալերուին աշխատակցելու միութենական կեանքի մէջ?:

    Ինչ կը վերաբերի Տիկնանց Յանձնախումբին, կը խորհինք թէ այս նոր իրավիճակով դժուար պիտի ըլլայ անոր գոյատեւումը, որովհետեւ անոր նպատակները (թէեւ աւելի համեստ մակարդակով, հնարաւորութիւններով եւ տեսլականով) շատ հեռու չեն ՀՕՄի ընդհանուր նպատակներէն:
     
    Դարձեալ շնորհակալութիւն կը յայտնենք որ պատասխանեցիք մեզի: Ասիկա լաւ սկիզբ է գործակցութեան: Ազգային Վարչութիւնը երբեք պէտք չէր զգացած պարզաբանելու իր գործերը: Ձեր մօտեցումը, գոնէ այս հանգրուանին, տարբեր կը թուի: Անկէ դատելով կրնանք ընդգծել թէ յաջողելու աւելի հնարաւութիւններ կը տեսնենք ձեր նման լայն հորիզոններ եւ մտածելակերպ որդեգրած կազմակերպութեան անհատներուն մօտ:

Comments are closed.

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • No categories

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

item-thumbnail

New Armenian business search website

item-thumbnail

Kevork Mourad’s work exhibited in Dubai

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll